29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
«Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը Եւրոպական Միութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն է», Պաքու կատարելիք այցելութենէն երկու օր առաջ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի:
«Անցեալ տարի «տագնապի գօտիին մէջ» խաղաղ բնակչութեան դէմ ծանր սպառազինութիւն կիրարկուած է: Ներկայիս անկայունութիւնը երկու կողմերուն վրայ ալ սուղ է: Իսկ խաղաղութիւնը կարելիութիւն պիտի տար բանալու սահմանները, պիտի նպաստէր կապերու եւ առեւտուրի զարգացման:
Խաղաղութիւնը ձեր շրջանը պիտի դարձնէր Ասիոյ եւ Եւրոպայի բարգաւաճող դարպաս», ըսած է Մոկերինի եւ աւելցուցած. «Վերջապէս, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները պէտք է կամք դրսեւորեն` մօտեցնելով խաղաղութեան հաստատման պահը»:
ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com