29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Շաբաթ երեկոյեան, Այնճարի ժողովուրդը համախմբուած էր իր ազգային վարժարանին շուրջ: Վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակի նշումներու մեկնարկը կը կատարուէր խուռներամ բազմութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ:
Անցնող երեք տարիներուն, Այնճար հայաւանը դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ: Շրջանին մէջ տիրող անապահով կացութիւնը մտահոգեց հայաւանի բնակիչները եւ ընդհանրապէս բովանդակ լիբանանահայութիւնը: Այսուհանդերձ, այնճարցին անգամ մը եւս պատուով ստանձնեց այդ կացութեան պատասխանատուութիւնը` հաստատակամօրէն եւ քաջութեամբ:
Այսօր, բարեբախտաբար համեմատական կայունութիւն հաստատուած է: Օրին, ստեղծուած այդ անկայուն վիճակին մէջ անգամ այնճարահայութիւնը իր հաւատքը եւ յոյսը ամուր պահեց գիւղի ապագայի նկատմամբ: Կեանքը ընթացաւ բնականոն կերպով, միութիւնները շարունակեցին իրենց աշխուժ գործունէութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի եւ գիւղի հիմնադրութեան 75-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները ստեղծեցին լայն խանդավառութիւն եւ ստացան լայն ընդգրկուածութիւն:
Կեանքը շարունակուեցաւ եւ այնճարահայութիւնը շրջանցեց բոլոր պատնէշներն ու արգելքները: Այո՛, կարելի եղաւ յաղթահարել խոչընդոտները, որովհետեւ այնճարցիի նկարագիրին անբաժանելի մէկ գիծը դարձած է այս երեւոյթը: Դժուարութիւններուն դիմաց չընկրկելու եւ գիւղի ապագային կառչած մնալու հաւատամքը ինքզինք պարտադրած է բոլոր դժուար եւ ճակատագրական հանգրուաններուն:
Շաբաթ երեկոյեան, դպրոցի տարեկան ձեռնարկ-նուիրահաւաքին ներկայ գտնուող ոեւէ անհատ արդարօրէն պիտի վկայէր, թէ հայաւանը տակաւին պատնէշի վրայ է եւ արժանավայել կերպով տէր կը կանգնի իրեն վստահած համահայկական դերակատարութեան:
Երեկոյին, վարժարանի յառաջընթացին ու գոյերթին համար հանգանակուած գումարները փայլուն ապացոյցն էին վերեւ նշուած հաստատումին: Գիւղի եւ վարժարանի հիմնադրութեան մէջ հիմնական դերակատար հանդիսացած Նարեկ Աւագ քհնյ. Շիրիքեան, որ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, իր եւ իր ընտանիքին կողմէ հաստատուած կրթական ֆոնտը, այս երեկոյի առիթով 350.000 ամ. տոլարէն բարձրացուց 450.000 ամ. տոլարի` կատարելով 100.000 ամ. տոլարի նոր ներդրում մը. աւելի՛ն, այս գումարին կողքին նաեւ վարժարանի այս տարեշրջանի կարիքներուն համար նուիրեց պատկառելի գումար մը:
Դպրոցաշէն եւ ազգային բարերար այլ յարգելի անձնաւորութիւն մը` Գէորգ Արապեան, 200.000 ամ. տոլարի նուիրատուութեամբ եկաւ զօրավիգ հանդիսանալու Ազգային-Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի վերանորոգութեան ու արդիականացման ծրագիրներուն:
Գիւղի միութիւններու եւ անհատ բարերարներու ու բարեկամներու, ինչպէս նաեւ արտասահման ապրող շրջանաւարտներու նուիրատուութիւններով գոյացաւ նաեւ պատկառելի գումար մը` երեկոյին հասոյթը հասցնելով 375.000 ամ. տոլարի: Այս բոլորին կողքին նուիրատուներուն կողմէ արտասանուած խօսքերը ներկաները համակեցին անբացատրելի խանդավառութեամբ:
Այո՛, շաբաթ երեկոյ Այնճարի մէջ հայ դպրոցը ի պատուի էր, հայեցի դաստիարակութիւնը իր արժանավայել պատուանդանին վրայ էր, նորահաս սերունդներու կազմաւորման աշխատանքին համար բոլորին գործնական քաջալերանքը եւ զօրակցութիւնը ակներեւ էր:
Այս բոլորին կողքին, առկայ կը մնան սակայն այլ մարտահրաւէրներ: Գիւղի հայեցի դիմագիծի անաղարտ պահպանումը բոլոր ժամանակներէն աւելի կը հանդիսանայ հիմնական խնդիր: Գիւղի տարածքները հայապատկան պահելու գործօնը մաս կը կազմէ մեր գաղութային եւ ազգային ռազմավարութեան:
Շուարելու կամ մոլորելու դոյզն վտանգը կրնայ իր ճակատագրական անդրադարձը ունենալ մեր համազգային երթին վրայ: Վստահ ենք, որ այս հայավայել գիտակցութիւնը եւ անկէ բխող համաժողովրդային յանձնառութիւնն ալ պատուով կը շարունակէ ստանձնել հայաւանին մէջ թէ անկէ դուրս ապրող իւրաքանչիւր այնճարցի:
Մինչ այդ, վարձքը կատար շաբաթ օրուան ձեռնարկին յաջողութեան նպաստած բոլոր կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն:
Բարի երթ հայաւանին եւ անոր մարդակերտումի ու հայակերտումի անփոխարինելի դարբնոց Ազգային-Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանին:
ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com