02 ՄԱՐՏ 2016
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յունական եզերապահ ուժերը 28 փետրուարին գրաւած են Թոկոյի դրօշը բարձրացուցած եւ զէնքերով ու պայթուցիկ նիւթերով բեռնաւորուած նաւ մը:
«Քուքի Պոյ» անունը կրող 76 մեթր երկարութեամբ եւ 11 մեթր լայնքով նաւը գրաւուած է Ռոտոս կղզիին մօտ` թրքական Պոտրում քաղաքէն 102 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Յունական ուժերը նաւը տարած են Կրետէ:
Յունական եզերապահ ուժերը նաւուն գրաւման գործողութեան ձեռնարկած են, երբ մերժած է կանգնելու հրամանը: Նաւը Իզմիրի նաւահանգիստէն կ՛ուղղուէր Լիբանան:
Թրքական «ՀապերԹիւրք» կը հաղորդէ, որ նաւուն վրայ կը գտնուէին վեց բեռնարկղներ, որոնցմէ երկուքը լեցուած էին զէնք-զինամթերքով: Բեռնարկղները նաւուն վրայ բեռցուած էին Թուրքիոյ մէջ եւ կ՛ուղղուէին Լիբանան:
Յունական իշխանութիւնները ձերբակալած են նաւու անձնակազմին 11 անդամները, որոնցմէ 6-ը սուրիացիներ, 4-ը` հնդիկ եւ լիբանանցի մը:
ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com