25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
ԻՍԼԱՄԱՑՈՒՄԸ ԻԲՐԵՒ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄ ԵՒ ԱՆՀԵՏԱՑՈՒՄ
Մուտք
Բռնի կրօնափոխութիւնը, այս պարագային՝ բռնի իսլամացումը, սեփական կրօնքէն օտար կրօնքին պարտադիր անցքը, դէպի հոն մղումը՝ կապուած են անձնական ու հաւաքական դժուարութիւններու (դժգոհութեան, զայրոյթի,ամօթի) հետ, որովհետեւ շատ բարդ եւ բազմամակարդակ գործողութիւններ են անոնք:
Ազատ, կամովի կատարուած կրօնափոխութիւնն իսկ, օրինակ, այսօրուան «կրօնական ազատութեան աշխարհ» կոչուած Եւրոպական Միութեան մէջ անհատական ու ընկերային տարբեր տեսակի դիմագրաւումներէ զերծ չէ, ու՞ր մնաց՝ մէկ-մէկուկէս դար առաջուան Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, ուր կրօնքը, կրօնական պատկանելիութիւնը ինքնութեան ամենէն հիմնական տուեալն էր՝ կռուանը:
Պատմագէտներ «կրօնափոխութիւն» բառով այսօր կրնան հասկնալ մարտավարական գործելաձեւ մը, որ քաղաքական նպատակի մը իրագործման ծառայած է: Ցեղասպանութեան մը պարագային, սակայն, միջոց-նպատակի, պատճառ-հետեւանքի կապակցութիւններէն անդին՝ հարկ է խօսիլ տարբեր մասնագիտութիւններու լեզուով, բազմամակարդակ, – ճիշդ այնպէս ինչպէս ցեղասպանագիտութիւնը ինք մենաշնորհը չէ այս կամ այն մասնագիտութեան, – հասկնալու համար, թէ այդ կրօնափոխական արարքին նախորդած ու յաջորդած ամօթի, ինքնածածկումի կացութիւնները (ոճրագործին ու զոհին – գրաւոր – ու անոնց յետնորդներուն քով – բերանացի -) պէտքը ունին քակուելու տարբեր մասնագէտներու ճամբով: Մանաւանդ հոգեբաններու ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը սպասելի է նման գիտաժողովներուն:
Թուրքիան այսօր բաց հիւանդանոց մըն է, – եւ ասիկա զուտ առարկայական հաստատում մըն է, – զոր հարկ է ողողել հոգեբաններու գործօն դերակատարութեամբ: Եթէ հետազօտական աշխատանքով ճամբայ ելլենք դէպի, օրինակ, Թուրքիոյ արեւելքը, քիչ մը ընդհանրացուած կարեի է ըսել՝ ամէն քարի տակ՝ չյայտնաբերուած հողի պատմութիւն մը կայ ու ամէն սրտի մէջ՝ չյայտնաբերուած սրտի՛ պատմութիւն մը:
Եւ աս կացութեան հասկացումը, իւրացումը եւ այդ իւրացման վրայ հիմնուելիք կողմնորոշումը կ’անցնին պատմաբանին ու քաղաքագէտին գործէն, գիտութենէն, պատասխանատուութենէն անդին ու կը կազմեն կազմելի հաւաքական աշխարհ մը, ուր իսլամացնողի եւ իսլամացածի յետնորդներ միասնական խօսքի մը կը սկսին: Աւելի քան հարիւր տարի ի միջի այլոց նաե՛ւ բռնի կրօնափոխութեան պատճառով կուտակուած, չմարսուած, հում վիճակով սերունդէ սերունդ փոխանցուած դառն յիշողութեան ազդեցութիւնները պատմագէտը կամ քաղաքագէտը ի պաշտօնէ չեն հետաքրքրեր:
Ուշացում
Ուրեմն հարկ է շեշտել, որ կատարուելիք այս քակումի աշխատանքը շատ ուշացած աշխատանք մըն է, այսօր, որ նաեւ կը դժուարացնէ աշխատանքին յառաջխաղացքը: Իսլամացած հայերու մասին ինչու՞ կը խորհինք եւ՝ ինչու՞ հիմա՛: Այս ուշացումը ինքնին հսկայական բացուածք մըն է: Չի բաւեր ըսել՝ աւելի լաւ ուշ, քան երբեք:
Այսօր մեր առջեւ կը ծառանան ոճրագործի յետնորդ սերունդներու յիշողութեան պարտադրեա՛լ մոռացումներն ու բացթողումները. իսկ զոհի յետնորդներուն քով, տեղահանութեան երկրին մէջ, յիշողութեան պատառիկներ մնացած են միայն շատ մը պարագաներու. որքան անհետացած դրուագներ (բերանացի պատում) ու շինուածքներ (կառոյց) կան, որոնք, օրինակ, յիսուն տարի առաջ տարբեր պատկեր մը ունէին Թուրքիոյ մէջ:
Այստեղ կ’ուզեմ երկու օրինակ յիշել, մատնանշելու համար, որ այս ուշացումը վնասակար եղած է ի հաշիւ յայտնութիւններու ու անոնց արխիւագրման կամ նուազագոյն՝ արձանագրութեան: Առաջինը Մկրտիչ Մարկոսեանի մէկ պատմուածքէն կու գայ, ուր Տիգրանակերտի մէջ հաւաքուած հայ ընտանեկան յարկին տակ ներկայ է նաեւ իսլամացած հայուհի մը՝ Ֆաթմա պիպին, որ տօներու առթիւ կատարուած ընտանեկան հաւաքներէն դուրս չի մնար. «Առաջին աշխարհամարտի այդ անիծեալ եւ մութ օրերուն, տեղահանութեան ու մեծ եղեռնի օրերուն Աննա անունով փոքր աղջիկ՝ ճամբայ ելլելէ յետոյ… Եւ ինչ ճակատագի՜ր. տարիներ վերջ երեւան կ’ելլէ այս անգամ որպէս մոլլայի մը՝ կրօնամոլ քուրդ շէյխի մը կինը եւ անունով՝ Ֆաթմա:
Ան սեւ չարշաֆի մը, սեւ լաչակի մը ետին իր ճերմակ մազերուն եւ ճմռթկած՝ ակօսացած ճակտին, սեւ ճակատագրին մէջ թաղած էր իր մութ անցեալը: Տարին մէկ երկու անգամ, Զատկին կամ Կաղանդին կ’այցելէր իր ազգականներուն, եւ տան մէջ մեծ խնամքի ու յարգանքի առարկայ կը դառնար»:2 Մարկոսեան իր մանկութեան՝ անցեալ դարու 1940ականներու Տիգրանակերտէն բերուած այս նմոյշով փոքրիկ մէկ պատկերը կու տայ իսլամացած հայուհիի մը դժուարին կացութեան, որ թերեւս ինքն իր պատմութիւնը ընելու ոչ առիթը ոչ ալ ունկնդիր շրջանակը ունէր:
Եւ քանինե՞ր իրեն պէս այդ օրերուն անհետացան, իրենց «մութ անցեալը» վերջնական մութերուն յանձնելով: Երկրորդ օրինակը աւելի յուսատու է: Մարտինէն թուրք մը անձամբ մեզի դիմեց, խնդրելով որ իր խարբերդցի հայ հարազատներուն հետքերը գտնենք, որոնք շուրջ հարիւր տարի առաջ Մ. Նահանգներ գաղթած էին: Յարմար տեսանք հայ մամուլին յայտարարութիւն մը յանձնել:3 Չենք գիտեր, թէ ի՞նչ պայմաններու տակ ան ձեռք ձգած էր իր հայ հարազատներուն մասին այս մանրուք տեղեկութիւնները:
Գնահատելի են անշուշտ իր քաջութիւնն ու հետաքրքրութիւնը՝ հայ նախնիներու հետքեր փնտռելու: Վերի հարցումը հարկ է կրկնել, սակայն՝ որքա՞ն նման մանրամասնութիւններ տարբեր-տարբեր պայմաններու տակ կորուստի մատնուած են, որովհետեւ…ուշացած են արձանագրուելու: Ո՛չ թոյլատու պայմաններ, ո՛չ տրամադրութիւն, ո՛չ քաջութիւն, ո՛չ քաջալերանք. այս էր կացութիւնը տասնամեակներ շարունակ: Ձիւները նոր կը սկսին հալիլ հիմա:
Շնորհակալ ըլլալ այս գիտաժողովին կազմակերպութեան համար, չի նշանակեր այս խոշոր բացթողումներուն չանդրադառնալ եւ անոնց կատարած անդառնալի աղէտը չարձանագրել այստեղ իբրեւ մնայուն բողոք, ոչ թէ մեղադրանք կատարելու համար, այլ կացութեան կրկնակի դժուարութիւնները ճշդելու համար առաջին հերթին:
Հիմա բացուած է նոր ժամանակ մը, որ նոր առիթներ պիտի տայ, որոնցմէ մէկը նաեւ այս գիտաժողովը ըլլալու է: Այսօր Թուրքիոյ մէջ զուգահեռ կ’ընթանան մէկ կողմէ՝ հայկական քրիստոնեայ ինքնութեան վերադարձողներու նոր ուղղութիւն մը, որ հայկական արմատներու գիւտը կատարող նախկին իսլամներու շարժում մըն է, եւ միւս կողմէ՝ հայկական արմատ-ինքնութիւնը վիրաւորանք համարողներու բանակ մը:4 Ինքնութեան վերադարձ եւ ինքնութեան մերժում՝ իրարու հետ հարկ է դիտել: Մանաւանդ՝ անոնց տուն տուող պատճառներն ու հետեւանքները:
Անցեալ տարի, Հրանդ Տինք Հիմնարկութեան կազմակերպած Մարտինի գիտաժողովի աւարտին, Ճէնկիզ Աքթար հաստատեց, որ «Ճին»ը դուրս եկած է մէյ մը Ալատտինի լամբէն: Դուրս գալու ձեւը գտած է ան մէյ մը: Ճէնկիզ Աքթարին ակնարկութիւնը շարունակելով կ’ուզեմ հոս ըսել, որ Ճինին դուրս գալը կարեւոր հանգրուան մըն է. հիմա կը մնայ գիտնալ, սակայն, թէ Ճինը դուրս գալէն ետք ի՞նչ պիտի ընէ, որմէ՞ հրահանգ պիտի ստանայ: Գիտենք որ ճիներու եւ անոնց գործունէութեան տեսակները կան:
Ցեղասպանութենէն առաջ
Իսլամացումներ տեղի ունեցած են տարբեր դարաշրջաններու Օսմանեան Կայսրութեան մէջ: Յատկանշականներէն է Սեւ Ծովեան շրջանի պարագան: Ըստ վիեննական Մխիթարեան՝ Հ. Յակոբոս Վարդապետ Տաշեանի, Տրապիզոնի արեւելքէն մինչեւ Րիզէի արեւելքը բաւական հայութիւն ապրած է, որ քիչ ծանօթութեան եւ ուսումնասիրութեան արժանացած է:
Այս բնակչութիւնը ԺԸ. դարուն բռնի իսլամացման ենթարկուած է եւ «արիւնալից կոտորածներով բռնադատուած է իսլամական կրօնքն ընդունիլ»:5 Կը յիշուի, որ Օֆի եւ մօտակայ շրջաններուն մէջ յատուկ մօլլաներով քարոզուած է իսլամութիւնը եւ հայերէն լեզուն ալ՝ արգիլուած, ըսելով, որ «ուղղահաւատ մահմետականի համար մեղք է անհաւատի լեզուաւ խօսիլ»:6 Յակոբ Կարնեցի (ԺԸ. դարու վերջերը) Սպեր գաւառին մասին կը գրէ. «եկեղեցիք բազում, որ այժմ աւերեալ եւ ամայի կան ի ձեռս Տաճկաց»:7 Մահմետականացումէն առաջ կամ անոր զուգահեռ, սակայն, տեղի կ’ունենայ կալուածներու բռնագրաւումը. «Արդէն ա՛յս էր Թուրքաց ոճը, ուր ոտք կը կոխէին, գրաւել նախ վանքերու ապա եկեղեցեաց, բայց նաեւ առանձնական ընդարձակ հողերը, տալով Եէնիչերիներու եւ այլոց, որոնք մէկ մէկ բէկ ու բռնապետ կ’ըլլային գիւղերուն վրայ: Բռնի մահմետականացման գլխաւոր ազդակներէն մին այս էր»:8
Կալուածներու բռնագրաւումէն անկախ, որ բնականաբար տնտեսական նպատակ կը հետապնդէր, կար նաեւ կրօնական մոլեռանդութեան արտայայտութիւն եղող կոտորածը: Ըստ գերմանացի Քօխի յիշատակութեան՝ «Ժողովրդեան մեծագոյն մասին դարձին (ի մահմետականութիւն) սկզբնաւորութիւնն եղած էր կոտորածով մը, ինչպէս ամէն տեղ՝ ուր Մահմետի վարդապետութիւնը պիտի մուծուէր»:9
Տաշեան 1910-11 թուականներուն այցելած է Սեւ Ծովեան քաղաքներ ու Թորթումի մօտ նաեւ զրուցած հայութենէ մահմետականացած տեղացիներու հետ: Հարցուցած է իրենց, թէ ի՞նչ ինքնութիւն ունին: «Իսլամ ենք», պատասխանած են: «Ի՞նչ իսլամ՝ քիւ՞րտ, թու՞րք, լա՞զ». հարցուցած է: Բոլոր այդ հարցականներուն «ոչ» պատասխանած են, ըսելով թէ իրենք ո՛չ ալ վրացի կամ չէրքէզ են: Բայց չեն ալ ըսած որ հայ են. «Բայց նաեւ «հայ ենք» չեն կրնար ըսել, որովհետեւ «հայ» եւ «քրիստոնեայ» համազօր բառեր եղած են հոս, ինչպէս ուրիշ շատ տեղեր ալ:
«Մեր պապերը (իսլամական) ճշմարիտ կրօնքը գտեր են եւ ասի կը բաւէ».- ա՛յս էր վերջնական պատասխանը»:10 Հպարտացողներ ալ եղած են անոնց մէջ, ըսելով որ իրենց պապերը շինած են մզկիթի վերածուած հսկայական եկեղեցիները: Նոյն շրջանին մէջ գտնուող հսկայական տաճարները դիտելով Տաշեան դիտել կու տայ. «եթէ փաստի պէտք ըլլար, ասոնք առանձինն կը բաւէին ցուցընելու թէ ի՛նչ շէն քրիստոնեայ աշխարհ մըն էր»:11 Երբ Օգոստոս 2013ին նոյն շրջանները կ’այցելէինք, տեղացի գիւղացիք զարմանալով (կամ զարմանք ձեւացնելով) այդ հսկայաշէն, մզկիթի վերածուած հայա-վրացական (Օշկ, Իշխան եւ այլ) տաճարներուն ի տես մեզի հարց կու տային. «Բայց ինչու՞ մարդիկ այս լեռներուն մէջ այսքան հսկայ տաճարներ կառուցած են»: Կա՛մ գիտէին ու կ’անգիտանային անոնք իրենց անցեալի պատմութիւնը, կամ ալ իսկապէ՛ս չէին գիտեր: Երկուքն ալ կարելի են:
Տաշեանին տրուած պատասխաններուն մէջ հետաքրքրական երեւոյթ մը կայ, որ շատ արդիական կը հնչէ: Պատասխանողները իսլամական կրօնքի դարձա՛ծ ըլլալնին կ’ընդունին, այսինքն իսլամ չեն ծնած: Իրենց հայրերուն ճիշդ իրագործումը կը համարուի իրենց ներկայի իսլամ ինքնութիւնը, որ սակայն չունի ազգային որեւէ նկարագիր, որովհետեւ այդ իսլամացման սկիզբը եղած է դարձ մը մէկ կրօնքէն միւսը:
Իրենց հայրենիքին մէջ, հողերուն վրայ մնացած են, սակայն կրօնք փոխելով փոխած են նաեւ ինքնութիւն, զոր սահմանելու ժամանակ որոշ դժուարութեան մը կը բախին: Կրնան յստակօրէն ըսել թէ ինչ չե՛ն (թուրք, քիւրտ, լազ, չէրքէզ, վրացի, հայ), բայց թէ ի՛նչ են՝ ամբողջական պատասխան մը չ’ստանար (իսլամ): Հոս կրօնական ինքնութիւնն է որ ազգայինը կը ծածկէ:
Բռնի մահմետականացման կիրարկումներու մասին հարկ է նաեւ աչքէ անցընել Յակոբ Մանանդեանի եւ Հրառեայ Աճառեանի կազմած ու հրատարակած «Հայոց նոր վկաները (ժողովրդական հրատարակութիւն)» երկու հատորները՝ Ա. հատոր (1155-1485), Վաղարշապատ, 1902, Բ. հատոր (1486-1843), Վաղարշապատ, 1902:
Ցեղասպանութեան շրջագիծէն ներս դիտելով կրօնափոխութիւնը, անմիջապէս կը մտածենք ՄԱԿի «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ու պատիժի համաձայնագիր»ին (1948) երկրորդ յօդուածին մասին, որ շատ յստակ, ցեղայինի ու ազգայինի կողքին նաեւ կրօնական ազդակին կը վերաբերի:12 Նաեւ, նոյն երկրորդ յօդուածին բ. կէտը կը վերաբերի տուեալ հաւաքականութեան մը անդամներուն վրայ ի գործ դրուած «մարմնաւոր եւ մտաւոր» մակարդակի վնասներուն, իսկ հինգերորդ կէտը կը խօսի մէկ հաւաքականութեան պատկանող մանուկներուն ա՛յլ հաւաքականութեան բռնի առաջնորդելու գործողութեան մասին:13 Այլ խօսքով, զոհին մանուկները, որոնք վերապրած են աղէտը, կրօնական սիստեմաթիք դաստիարակութիւն մը կը ստանան, որպէսզի զոհի հաւաքականութեան ազգային ու կրօնական հետքերը արմատապէս ջնջուին: Ամենէն բնորոշ օրինակներէն մէկը Լիբանանի Այնթուրայի Որբանոցին մէջ թրքացման ենթարկուած հայ որբերուն պարագան է, որոնց արգիլուած էր ի միջի այլոց՝ հայերէն խօսիլ ու հայկական անուններ կրել:
«Այնթուրացի» Գառնիկ Բանեան
Այդ որբերէն մէկը՝ Գառնիկ Բանեան (1910-1989), որ չորս տարի ապրած է Այնթուրայի որբանոցային կեանքը, հինգ-վեց տարեկանին Համայէն այլ որբերու հետ հոն փոխադրուելով, մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ որբանոցեան առօրեային մասին:14 Ան կը հաղորդէ, թէ իրենց հանդէպ եղած իսլամացման ու թրքացման գործողութիւնները հանգրուան առ հանգրուան կատարուած են: Թրքերէնի յատուկ ուսուցչուհիները՝ «Այս կիները գային պիտի ժպտուն դէմքով եւ ամէն օր ամէն ժամ իրենց լեզուով պիտի խօսէին մեզի հետ եւ պիտի պահանջէին, որ իրենց լեզուով խօսինք հետերնին:
Մենք մեր քաղաքը մեր լեզուով կը խօսէինք: Մեր քաղաքի թուրքերը հայերէն կը խօսէին մեզի պէս: Հոս, կարգը փոխուեր էր: Մեր լեզուն պիտի ծալլէինք եւ մէկ կողմ դնէինք եւ իրենց լեզուով խօսէինք: Վախը բռներ էր սիրտս. ի՞նչ պիտի ըլլար եթէ օր մը ելլէին եւ արգիլէին մեր լեզուով խօսիլ»:15 Սկիզբը դեռ որբը նոյնիսկ յստակ չի գիտեր, թէ լեզուն հետագային պիտի արգիլուի՞ կամ ոչ: Սակայն ժամանակի ընթացքին արգելքները կը յստականան: Լեզուին արգիլման զուգահեռ կրօնքի արգելքը կ’ընթանայ. «Առանց աղօթք ընելու, առանց խաչ հանելու պիտի ուտէինք: Այսպէս է եղեր ասոնց կանոնը»:16 Իրենց ժամանումէն մէկ ամիս ետք որբերը թրքական անուններ կը ստանան:17 Որբերուն բնազդական դիմադրութիւնը չի պակսիր. «Թէեւ անուննիս փոխուած էր եւ հայերէն խօսիլն ալ արգիլուած էր, սակայն անկիւններ քաշուած, իրարու հետ հայերէն կը խօսէինք, միշտ վախով, միշտ աջ ու ձախ նայելով:
Ըսողներ կային, որ արդէն մատնիչներ կան, որոնք ասդին-անդին կը պտտին եւ տղոց խօսակցութիւններուն ականջ կը դնեն»:18 Դեռ մանկութենէն պատանեկութիւն չթեւակոխած էակներուն մէջ կը կազմուի հաւաքական պայքար մը, որ դէմ կը դնէ կատարուած ճիգերուն. «- Մեզ կ’ուզեն թուրք դարձնել, անուննիս փոխեցին, թուրք անուն հագցուցին մեզի, բայց պիտի չթրքանանք, ըսաւ կրակ ու բոց տղայ մը: -Մենք ալ, մենք ալ, ըսին շուրջը գտնուողները»:19 Անուններու փոփոխութեան մէջ կայ նաեւ դասակարգային ձեւ մը, որ հետեւեալն է. մեծ որբերուն կը տրուին «քիւչիւկ Էնվեր, քիւչիւկ Ճեմալ, քիւչիւկ Թալէաթ» անունները:
Այս վերջիններուն կը յանձնուին նաեւ խարազաններ, որպէսզի անոնք կարգապահութեան հսկեն դասարանին մէջ:20 Իբրեւ փոքրիկ «ղեկավար»ներ ասոնք այս ձեւով «կոչում» մը ունին՝ իսկական հետեւորդն ու անուանակիրը ըլլալ իրենց անուանատէրերուն: Ասոնց առջեւէն անցած ատեն միւս որբերը բարեւի պէտք էր կենային, այլապէս կը խարազանուէին:21
Իսլամական կրօնքի ուսուցիչը մոլլա Նէճմէտտին կը կոչուի, «որ որբերը ամէն տեսնելուն սարսափով կը լեցուէին»:22 Ըստ Բանեանի վկայութեան, չորս տարուան մէջ որբերէն միայն մէկ հոգի կ’իսլամանայ, կը թլփատուի, էզանը կը կարդայ, իբրեւ վարձատրութիւն առատ ճաշեր կը ստանայ. մարաշցի Սարը անունով տղայ մը:23
Ամէն իրիկուն, դրօշակի արարողութենէն ետք, ֆալախայի պատիժին կ’արժանանան բոլոր այն որբերը, որոնք այդ օր հայերէն խօսած, աղօթած կամ խաչակնքած են, «Իսլամական կրօնքին ու թուրք լեզուին հանդէպ յարգանքի պակաս եւ հայհոյական արտայայտութիւն» ունեցողները եւս:24 Իրենց անկողիններուն մէջ ծածուկ կ’աղօթեն, խաչակնքելով:25 Արգիլուած ու յետ մղուած կրօնքը ճիշդ հակառակ ազդեցութեամբ՝ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ գէթ ոմանց համար, որոնցմէ է Բանեան. «Անթուրայի որբանոցի չորս տարուան պատմութեան ամէնէն հաստատուն սիւներէն մէկը մնաց այս աղօթքը: Հայ հոգին էր ան, որ զիս եւ նմաններս պաշտպաներ էր ամէն տեսակ փորձանքներու մէջ»:26
Բանեան դիտել կու տայ նաեւ հետեւեալ մանրամասնութիւնը. « (…) նախապէս պատժուողներուն մեծ մասը հայախօսութեան զոհեր էին: Այդ թիւը պակսեր էր եւ այս երեւոյթը յաղթանակ մը կը համարէր Ֆէվզի պէյ,27 թրքերէնի յաղթանակը, սակայն միւս կողմէ աւելցեր էր գողութեան եւ թուրք լեզուին ու կրօնքին դէմ անարգական վերաբերում ցուցաբերած յանցագործներու թիւը»:28 Անոնց շարքերուն մէջ չէին պակսեր նաեւ ըմբոստ ոգիներ, որոնք նաեւ թուրք դրօշակին դէմ հայհոյած էին, որոնք շատ խիստ պատիժի մը՝ երեք հարիւրական ֆալախայի կ’արժանանային:29 Որբերուն հանդէպ ցուցաբերուած նուաստացուցիչ վարմունքը շատ աւելի ծանր կը կշռէ քան անոնց անբաւարար սնունդը. «սովն ու անիմանալի հիւանդութիւնները չէին միայն որ հիւծեր էին որբերը, այլ անխնայ ծեծը, մնայուն սարսափը, դժնետեսիլ ֆալախան, ընկերացած բազմապիսի նուաստացումներու, կ’աշխատէին ընկճել որբերու հոգեկան կորովը»:30 Թէեւ որբերը պաշտօնապէս կը գործածեն իրենց թրքական անունները, սակայն անոնց կողքին կը յիշեն իրենց հայկական անունները, այսինքն բուն հայկական ինքնութիւնը փակագծուած կը պահուի:31 Անոնցմէ շատեր թրքերէն ալ չեն գիտեր, որովհետեւ թրքերէնի դասաւանդութիւնն ալ բնական պայմաններու տակ տեղի չ’ունենար, այլ միայն պարտադրանքով ու վայրագութեամբ: Որբերուն հակադրութիւնը երբեմն շատ յստակ է. «Հայ էին այդ տղաքը, տակաւին անգիտակից, սակայն թուրք դառնալու միտք չունէին»:32
Թէ իսլամացման ու թրքացման ընթացքը որոշ դիտաւորութեան մը արդիւնքն էր՝ կը զգան նոյնիսկ անչափահաս որբերը. «Նկատելի է, որ որբանոցի տնօրէնութիւնը կ’աշխատէր կտրել այն բոլոր կապերը իրենց կրօնքէն ու հաւատալիքներէն: Արձաններուն փճացումը եւ եկեղեցիին փակումը33 ուրիշ ինչո՞վ բացատրել: Ամէն տեսակի հալածանքներն ու արգելքները չէին յաջողած խզել կապը իրենց արիւնին հետ: Որբերը, մանրիկ ու մատաղատի փոքրիկէն սկսած մինչեւ խելահաս մեծերը իրենք ալ շատ լաւ գիտէին ատիկա եւ կատաղօրէն փարած կը մնային իրենց ինքնութեան»:34 Եթէ, սակայն, պատասխանատու մարմիններուն կողմէ մասնագիտական աշխատանք տարուած ըլլար ու փոքրիկները դէպի թրքացում եւ իսլամացում սիրաշահելու լուրջ ծրագիր գոյութիւն ունեցած ըլլար՝ հաւանաբար կարելի ըլլար յաջողութիւն ձեռք ձգել:
Որոշ նրբազգացութեան տէր՝ Բանեան բոլոր գէշ վարմունք ցուցաբերող ուսուցչուհիներուն կողքին կը մատնանշէ մէկը, որ շատ համակրելի է. Բանեան այս զատորոշումը ընելու զգայնութիւնն ունի ու կը գտնէ մէկը, որ կարողութիւնն ունէր «մինչեւ իսկ թրքական փարախէն ներս քաշել զիրենք»:35 Թրքացման համար անբաւարար կազմակերպուածութիւն մը բացայայտ է. «Սխալը կու գար տնօրէնութենէն եւ ուսուցչական կազմէն. կազմակերպուած պատժամիջոցները, ֆալախայի արարողութիւնները, դասարաններէն ներս նախատական պոռչտուքները, հայհոյանքները, ամէն չնչին յանցանքի դէմ գանակոծումները, տարիներու ընթացքին կուտակուած դառնութիւններ կ’ամբարէին որբերու հոգիէն ներս. որբերը կ’ատէին իրենց ուսուցչուհիները, որոնց մէջ կանացի քնքշութեան նշոյլը չէին տեսած, կիներ, որոնք թուրքեր պէտք էր պատրաստէին հայ որբերէն, որ ապագայ թրքական բանակի շարքերը խտացնէին»:36 Անշուշտ թուրք ըլլալն ալ իբրեւ մեծագոյն պատիւ կը հրամցուէր իրենց, թէեւ առանց համապատասխան հիմնաւորումներու ու գործնական արտայայտութեանց. «թուրք ազգին պատկանելու պատիւին պիտի արժանանայինք»:37
Երեք տարուան թրքացման աշխատանքին իբրեւ վկայ Բանեան կը կատարէ հետեւեալ եզրակացութիւնը. «Որբանոցի հաստատուելէն երեք տարի անցեր էր եւ թուրք պատասխանատուները կը զգային, որ թրքացման իրենց ծրագիրը ձախողած էր: Հակառակ պատժական սարսափազդու միջոցներուն, հակառակ լրտեսական ցանցերուն, հացով թէ շաքարեղէնով որոշ տղաք սիրաշահելու փորձերուն, որբերը իրարու մէջ հայերէն կը խօսէին, անզգոյշները մինչեւ իսկ խաչ կը հանէին, երդումները հայերէն լեզուով կ’ընէին»:38
Վերը, թիւ 33 ծանօթագրութեամբ յիշատակուեցաւ, որ օրին մէկը թուրք զինուորները որբանոցին արձաններուն (շատ հաւանաբար՝ սուրբերու արձաններ) «ջարդ»ին կը ձեռնարկեն: Արձաններէն մէկը, որ եկեղեցիին մէջ կը մնայ, «կը վերապրի» այդ ջարդը: Որբերէն խումբ մը գիշեր մը կ’այցելէ այս արձանին, փակեալ եկեղեցի մուտք գործելով ու ներսը քիչ մը մնալով: Կորուստի մը դէմ յանդիման կը գտնուին որբերը: Իրենց ճակատագիրը այստեղ կը միանայ արձանին ճակատագրին հետ: Կրօնական մթնոլորտը կարեւոր դեր մը կը խաղայ, որովհետեւ արձաններու ջարդուելուն ուղղակի կամ անուղղակի պատճառը՝ անոնց ուրիշ կրօնքի մը պատկանելիութիւնն է:
Միաժամանակ կ’արգիլուի եկեղեցի մուտքը: Մինչեւ արձաններուն ջարդուիլը եկեղեցին բաց էր ու իր զովութեամբ յաճախ հանգիստ կը շնորհէր որբերուն: Քանի որ այժմ փակուած էր ան՝ որբերուն մէջ բացուած էր հետաքրքրութիւն մը դէպի դեռ ոչ ամբողջապէս յստակ «կրօնական զգացում» մը: Պարզ ու մանկական աղօթքներու քրիստոնէութիւն մըն է իրենց ունեցածը, սակայն արգելքին դիմաց անոնք արժէքաւոր գիւտ մը կատարած ըլլալու ապրումով կը լեցուին ու այդ գիւտին կրօնական յատկանիշը շեշտ մը կը ստանայ:
Ու այդ շեշտը կորսուածին, ջարդուածին հանդէպ սիրոյ ու կարեկցութեան կեցուածքն է, կրօնականէն առաջ զուտ մարդկային, ոչ պատմա-կրօնական, գիտակից, այլ անգիտակից զգացում մը: Անգիտակիցէն յառաջ եկած կարեկցանք մը, որուն առիթը այստեղ ջարդն ու արգելափակումն է արձաններուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ փակումը իրենց առջեւ:
Բանեան հետագային կը դառնայ Պէյրութի մէջ բացուած Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն մէկը՝ 1935 թուականին: Ապա նոյն ճեմարանին մէջ կը դասաւանդէ հայերէն ու հայոց պատմութիւն ու կը ստանձնէ վարչական պաշտօններ:
Իմաստներու նրբութիւններ
Իսլամացում կամ բռնի կրօնափոխութիւն միայն ցեղասպանութեան ընթացքին չեն կատարուիր ի հարկէ: Կը բաւէ ակնարկ մը նետել բռնի կաթոլիկացումներուն վրայ, նաեւ՝ հայոց պարագային:39 Սակայն ի՞նչ նրբութիւն եւ իմաստ կը ստանայ երեւոյթը, երբ մենք զայն կը տեսնենք ցեղասպանութեան շրջագծին մէջ: Այդ նրբութիւններէն մէկը կ’ուզեմ հոս շեշտել: Ոչ միայն կը պարտադրուի քեզի ուրիշ կրօնք մը, այլ այդ պարտադրուող կրօնքը քեզ սպաննել ու ոչնչացնել ուզող մարդուն ու պետութեան կրօնքն է:
Այստեղ նոր կրօնքը ուրիշ կրօնք կամ ուրիշին կրօնքը ըլլալէ անդին կը դառնայ սպաննողի՛ն կրօնքը, եւ ճամբան շատ հեռու չէ դէպի, եւ շատ մը պարագաներու նաեւ ան դարձած է՝ սպաննո՛ղ կրօնքը: Այս փորձառութիւնը զոհերու առաջին սերունդին համար շատ հիմնական իմաստ ունի, որ մասամբ մը նաեւ փոխանցուած է յաջորդ սերունդներուն: Կ’ուզեմ ըսել պարզապէս, որ հարկ է լաւապէս սերտել առաջին սերունդին ականատեսներու գրականութիւնը, որպէսզի իսլամացման նիւթը չվերածուի հասարակ թղթակիցներու ախորժակներուն եւ հետաքրքրութեան սահմաններուն մէջ շարժող նիւթի մը:
Բռնի իսլամացումէն զատ կայ նաեւ կամովի իսլամացումը: Ցեղասպանութեան առընչութեամբ կամ անկէ անկախ (երկու պարագաներն ալ կան), տուեալ անձը կամ խումբը կամովի կը փափաքին իսլամանալ, ազատելու համար կեանք, ընտանիք, աշխատանք: Այստեղ բռնութիւնն ու պարտադրանքը անուղղակի են:
Կամովի իսլամացումներ առանց առիթներու, կան, բայց՝ հազուադէպ: Որքա՞ն ճգնաժամային պէտք է եղած ըլլայ կացութիւնը, որ մարդ իր «կրօնական սրբութիւն»ը պիտի թողու ու անցնի օտարին: Հոս երբ «կրօնական սրբութիւն» կ’ըսենք՝ կը մտածենք 19րդ դարու եւ 20րդ դարու սկիզբի բառապաշարով: Թէ այդ կամովի անցումէն ետք ի՞նչ ընթացք առած է այդ ինքնութիւնը, ահա այսօր է որ միայն, կատարուածէն քանի մը տասնամեակ վերջ, մէջտեղ կ’ելլէ կամաց-կամաց:
Հարց կը բարձրանայ այսօր, թէ ինչու՞ հայե՛ր իրենք իսլամացած հայերով չեն զբաղած այսքան տարի: Ցաւին մասին խօսիլը, ցաւը նկարագրելն ու հասկնալը, ինքնութեան տրուած հարուածին մասին հաւաքական ինքնութեան՝ այսինքն համայնքային մակարդակի վրայ ձայն բարձրացնելը դժուարութիւններ են, մանաւանդ երբ հալածանք, ուրացում եւ յարատեւ ժխտում առիթ չեն տար այդ անկաշկանդ աշխատանքին:
Շարունակելով «կրօնական սրբութեան» մասին վերի ակնարկս, կ’ուզեմ այստեղ բառերուն տրուած իմաստի խորութիւններուն անդրադառնալ: Երբ պատմական պայմաններու մասին կը խօսինք, հարկ է որ նկատի առնենք, որ ա՛յդ օրերուն ի՞նչ կը նշանակէր «կրօնքը», «կրօնքի ուրացումը». կրօնափոխութիւն գոյութիւն ունէ՞ր, «նոր» կրօնքին ստանձնումը ի՞նչ ձեւով կը կատարուէր: Տուեալ ընկերութիւնը ինչպէ՞ս կ’ընկալէր կրօնափոխութիւնը. հեզասա՞հ թէ՞ ընկերային դժուարութիւններով: Այս հարցումներուն ընդհանուր պատասխան մը տալով հարկ է շեշտել՝ կրօնափոխութիւնը մասնաւոր ու տագնապալի երեւոյթներու արդիւնք էր եւ կրօնքի փոփոխութեամբ ժամանակի ընթացքին կը փոխուէր ամէն ինչ՝ առօրեայ եւ ինքնութիւն: Այս է անհետացումն ու շատ մը պարագաներու՝ վերջնակա՛ն կորուստը ինքնութեան:
Օրինակներ ունինք, ուր շատ ներքին մակարդակի մը վրայ կը պահուէր նախկին կրօնքը, բայց դուրս գալով՝ առօրեայ կեանքին մէջ արտայայտութիւն չէր գտներ:40 Իսկ կրօնք մը անձնական մակարդակ մը ունենալով հանդերձ կապ ունի համայնակա՛ն կեանքին հետ, հաւաքաբար ապրուելուն հետ:41
Գերմանացի փիլիսոփայ Վալտեր Բենիամին (Walter Benjamin) առիթով մը կը խօսի նոյն բառերուն տարբեր լեզուներու մէջ ունեցած իմաստի տարբերակումներուն մասին:42 Գործածելով «հաց» կամ «կարօտ» կամ «հայրենիք» բառերը, տուեալ ժողովուրդի մը հաւաքական ու պատմական փորձառութիւնը այդ բառերուն մէջ հիմնական նոյն իմաստները հասկնալով հանդերձ, տարբեր փորձառութեան յիշողութիւնը կ’ունենայ. այլ պատմական փորձառութիւն ունեցող ժողովուրդ մը այլ բան պիտի հասկնար նոյն բառերով: Բառերը, ուրեմն, իրենց բնական իմաստներէն անդին ունին պատմական որոշ փորձառութեանց առընչուած իմաստներ:
Հաւասարեցումներ
Ահա այս փորձառութիւնն է, որ Ցեղասպանութեան առաջին սերունդին մօտ իմաստներու տարբերակումներ, խորացումներ յառաջացուցած է եւ յառաջ եկած են բառերու կարգ մը նոյնացումներ, հաւասարեցումներ ու իւրայատուկ իմաստներ: «Իսլամ» եւ «Թուրք» ըսելով անոնք նոյն բանը հասկցած են, ճիշդ ինչպէս որ «թուրք» եւ «քիւրտ» նոյն իմաստով հասկցած են. կամ «իսլամական կրօնքը» իրենց ապրած չարիքին պատճառը տեսած են. ասիկա շփոթի եւ տգիտութեան հարց մը չէ, զոր կրնանք այսօր, տարիներ ետք սրբագրել ու ճիշդը հասկնալ, այլ՝ ապրուած յատուկ փորձառութեան մը պատասխանն է, զոր հարկ է բացատրել: Կամ, օրինակ, միջին արեւելեան երկիրներու մէջ հաստատուած վերապրողներ արաբերէն այբուբենի տառերը «թուրքի գիր» կոչած են ու այդ պատճառով չեն ուզած սորվիլ զայն, հակակրանք մը ունենալով: Բառերուն իմաստները ունին այստեղ շատ յստակ հակակրական ու թշնամական բովանդակութիւն:
Նոյնն է պարագան, հակառակ կողմէն, թրքական ոճրագործի փորձառութեան, «հայ» բառին տրուած երանգներուն: Այս իմաստները հաւաքական յիշողութեան մէջ տեղ կը գտնեն, կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ եւ պատկերներ կը կազմուին: Այստեղ իսլամութիւնը եւ իսլամացումը յատուկ տեղ կը գրաւեն իբրեւ քրիստոնեայ ինքնութեան անդարձ կորուստ: Այս իմաստով՝ իսլամացնել կը նշանակէ՝ կորուստի մատնել: Սպաննել ոչ թէ մարմինը, այլ հոգին, ներքին կազմը:
Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցած իսլամացումը «սխալ» ու «սպաննող» կրօնքին յաղթանակին արտայայտութիւնն է, նաեւ, ցեղասպանութեան հոլովոյթին ու գաղափարախօսութեան մաս կը կազմէ, եւ ոչ թէ իսլամական յատուկ միսսիոնի մը ծրագրին:
Ցեղասպանութեան վերապրողներու որոշ տոկոսը իբրեւ թուրք, իբրեւ քիւրտ վերապրած են, բայց ձեւով մը մնացած ու եղած են միաժամանակ հայ: Ասիկա յետարդիական (postmodernist) ինքնութեան ծրագիր մը չէ: Ասիկա Թուրքիոյ ներկայի ընկերութեան ու ընտանիքին մէջ երկփեղկում յառաջացնող ուժականութիւն ունի:43 Ինքնութիւն արտայայտելու համար գոյութիւն ունեցող վախը կու գայ ազգովին մահուան ու մեծ վտանգի առջեւ գտնուելու սպառնալիքէն:
Հայրենիքէն տարագրուածները իրենց ինքնութենէն չտարագրուեցան: Հայրենիքին մէջ մնացողնե՛րն են, որոնք իրենց ինքնութենէն տարագրուեցան: Տարագրութեամբ՝ հայրենիքէն դուրս դրուած, իսկ ինքնութենազրկութեամբ ալ՝ դուն քեզմէ դուրս դրուած ես: Նոր երկիր կը գտնես առջեւդ՝ մէկ պարագային, նոր ինքնութիւն՝ միւս պարագային: Այս որակի փոփոխութիւնը բռնութեամբ, վախով, մահ ու սարսափի ուղեկցութեամբ կատարուած է: Սարսափ, որ հարիւր տարուան կեանք ունի:
Անուն եւ եկեղեցի
Մարդոց իսլամացումին մաս կը կազմեն նաեւ թրքական ու իսլամական անձնանուններու եւ տեղանուններու հետ եկած իսլամացումները: Այս է պատճառը մասամբ, որ հայկական Սփիւռքի մէջ թաղամասեր «կորսուած» քաղաքներուն եւ գիւղերուն անուններով կը (վերա)կոչուէին իբրեւ «Նոր Ատանա», «Նոր Սիս», «Նոր Կիլիկիա», «Նոր Այնթապ» եւ այլն: Նոր՝ որովհետեւ հինը աշխարհագրականօրէն կար, բայց հին կեանքին վերջ դրուած էր:
Տեղանուններու իսլամացումէն առաջ, սակայն, կայ նաեւ պաշտամունքի վայրերուն իսլամացումը: Եկեղեցին մզկիթի փոխակերպուելով՝ թէ կը կորսնցնէ թէ կը պահէ (թէ՛ կորուստ թէ՛ վերապրում) իր եկեղեցիի յատկութիւնները: Կառոյցը կը մնայ գոնէ մասամբ, արտաքնապէս, ճանաչելի, բայց ոչ իբրեւ ապրող եկեղեցի, այլ շէնք եկեղեցի: Կը դառնայ թէ՛ մզկիթ թէ՛ եկեղեցի՝ նայած թէ ո՞վ է դիտողը:
Այսպէս ալ, 1915ին իսլամացած քրիստոնեան ըստ էութեան է՝ թէ՛ իսլամ թէ՛ քրիստոնեայ, թէ՛ իր քրիստոնեայ ինքնութիւնը կորսնցուցած, թէ՛ իր մարմինը շահած, նայած թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ ինքն իր գոյութիւնը: Ո՞ր ինքնութեան մէջ կը հաստատէ ինքզինք: Ինքնամեկնաբանութեան համար ազատութիւնը նախապայման է: Պարտադրուող ինքնութեան պարագան է այս, երբ դուրսէն կամ վերէն կ’ըսուի, թէ ո՞վ ես դուն: Դուն հայ չես, դուն իսլամ ես, դուն թուրք ես՝ ըսելը ինքնութիւն ընել է: Պարտադրուած ու արտադրուած է այս ինքնութիւնը:
Եկեղեցիի պատկերը կրնայ օգտակար դառնալ: Ճիշդ ինչպէս որ Ախթամարի Սուրբ Խաչը եւ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոսը վերաշինուելով, վերաբացուելով ու իբրեւ եկեղեցի օգտագործուելով (թէեւ մասնակի թանգարանի կարգավիճակը հոս խոչընդոտ մըն է) վերագտան իրենց եկեղեցիի ինքնութիւնը, այնպէս ալ իսլամացած հայերու յետնորդները կը գտնուին քայլ առ քայլ վերաշինութեան ընթացքի մը մէջ:
Սակայն միայն իրենք իրենց կը կատարեն այդ աշխատանքը: Վերաշինութիւնը անպայման վերադարձ մը չէ դէպի քրիստոնէութիւն կամ հայութիւն, այլ ազատ ընտրութեան կարելիութիւնը, ազատ պայմաններու մէջ: Միւս կողմէ, ճնշումն ալ կ’օգնէ, ի հարկէ, ընդդիմանալով ինքնանալուն, ինչպէս եղած է բոլոր բռնատիրական վարչակարգերուն ընթացքին:
Իսլամացմամբ եկած փրկութիւնը
Ըսինք որ իսլամացումը գէթ մասնակի կորուստն է քրիստոնեայ ինքնութեան: Բայց ի՞նչ է իսլամացմամբ եկած փրկութիւնը:
Օրինակ մը կրնայ օգտակար դառնալ թերեւս.- 1916 Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն Մշոյ եւ շրջակայքին մէջ հայոց կողմէ կատարուած՝ քիւրտերէն գնուած ու ազատագրուած հայերու փրկութիւնը, ցեղասպանութենէն ետք, տեղւոյն վրայ կատարուած ամբողջական փրկութիւն մըն է:44 Իսլամացման կարելիութենէն ու գերութենէն դուրս բերուած են անոնք՝ ազատագրուած: Կայ, սակայն, իսլամանալո՛վ փրկութիւնը:
Անշուշտ՝ մարմնական վերապրումին մասին կը խօսինք, երբ իսլամացումը կարելի կը դարձնէ կեանքը, ինչպէս որ մզկիթի վերածումը կը փրկէ եկեղեցիին արտաքին կառոյցը: Այս իմաստով կը փորձէր զիս համոզել թուրք բարեկամս, ըսելով. «Թող վերածուին մզկիթի, գոնէ կը պահպանուին»:
Իսլամացմամբ եկած փրկութեան դժուար հարցը ինծի կը յիշեցնէ ֆրանսացի փիլիսոփայ՝ Ժաք Տէրիտայի (Jacques Derrida) կատարած «Ֆարմաքոն» (pharmacon) բառին յայտնաբերումը Պղատոնի (Plato) մօտ: Յունարէն բառը կը նշանակէ միաժամանակ «թոյն» եւ «դեղ»:45 Այդպէս ալ իսլամացումը ոմանց բերած է մահ, ինքնասպանութիւն, ինքնութեան կորուստ, նուաստացում, ամօթ, եւ ուրիշներու՝ վերապրում ու տասնամեակներ ետք՝ ահա վերադարձ դէպի արմատներ կամ ամբողջապէս ա՛յլ ինքնութիւն: Թոյնը խմելով դիմանալու, զայն դեղի ու դարմանի վերածելու պայքար մը կայ իսլամացած հայերու քով, մինչեւ այսօր երկարող, որուն զգուշութեամբ հետեւելով շատ յստակացումներ կրնան յառաջանալ:
Իսլամացումը իբրեւ կորուստ կամ վերապրում՝ կը դնէ պատկանելիութեան հարցը
Թուրք բարեկամ մը կը շեշտէր, որ Կիլիկիոյ տարագիր Կաթողիկոսութեան սեփականութիւնը եղող Ս. Միւռոնի կաթսան պէտք էր վերստին Սիս-Գօզան վերադարձուէր, որովհետեւ այդտեղին կը պատկանէր ան, ըստ իր տրամաբանութեան: Սակայն ճիշդ ա՛յս է հարցը: Ո՞վ որու՞ կը պատկանի: Մարդ իր կրօնական սրբութիւնը, իր ձեռքին ստեղծած գործը, հետը առած է տարագրութեան ժամանակ: Մարդ իր սրբութեան կրողն է, ուր ալ երթայ: Անիկա իր ինքնութեան ու կրօնական պատկանելիութեան շարժուն նշանն ու չափանիշն է, կը պայքարի անոր գոյութեան համար, զայն կ’ունենայ իր մօտ, իր հետ կը կրէ, չ’ուզեր բաժնուիլ անկէ:
Կը կորսնցնէ ու նորը կը շինէ: Միւռոնի կաթսային Սիս վերադարձը անշուշտ շատ լաւ չէր գիտակցուած թուրք բարեկամիս կողմէ: Անիկա խորհրդանշական առարկայ մը կը կարծէր զայն, թանգարանային իր մը: Վստահ չեմ որ գիտէր անոր բուն իմաստը: 17րդ դարուն, պարսից Շահ Աբբաս Էջմիածնի Մայր Տաճարը ուզեց քար առ քար փոխադրել Պարսկաստան, որպէսզի ժողովուրդը իր սրբութիւնը արտահանուած, փոխադրուած տեսնէր ու անոր հետեւէր: Իր սրբութեան կապուածութիւնը ուրիշ տեղ զգար: Տարագրութիւնը, բռնի տեղահանումը, սակայն, հին սրբութենէն նոր սրբութիւն կը յառաջացնէ, եթէ հինին շարունակելիութիւնը կարելի չըլլայ:
Քրիստոնէական ինքնութեան կորուստն ու փրկութիւնը երբեմն մէկ անձի կամ մէկ ընտանիքի մէջ փոխն ի փոխ կատարուած են, մէյ մը կորուստ, մէյ մը շահ շնորհելով անոնց: Բնորոշ օրինակ մըն է Կ. Պոլսոյ Շնորհք Պատրիարքի անձնական պարագան: Ընտանիքին անդամները կորսնցուցած է ցեղասպանութեան ընթացքին, մայրը ամուսնացած է իսլամի հետ, սակայն զաւակները որբանոցներ ուղարկելով փորձած է զանոնք հեռացնել իսլամացման վտանգէն, իսկ պատրիարքն ալ իր պատրիարքութեան օրով նպատակ հետապնդած է՝ հայ մանուկները Թուրքիոյ գաւառներէն Իսթանպուլ բերել տալով, անոնց հայկական քրիստոնէական ինքնութեան մէջ ծաղկելու առիթը շնորհած:46 Այսպիսով տարիներ առաջ կատարուած կորուստը անուղղակի կը դարմանուի, երբ տուեալ անձը, այս պարագային՝ Շնորհք Պատրիարքը անցեալի կորուստին եւ ներկայի շահուն միջեւ իբրեւ միջնորդ կը կանգնի իր գործելակերպով: Քրիստոնէական ինքնութիւն կորսնցնելը (մօր իսլամացումը) աս պարագային իրմէ կախեալ չէ, սակայն ինքնութիւն շահիլը կամ վտանգը շրջանցելը (մանուկներու ժողովումը)՝ իր գործէն կախեալ է:
Վերջաբան
Oral History-ի (բանաւոր պատմութիւնը) ուսումնասիրութիւնը, որ գրեթէ նոր գիւտ մըն է Թուրքիոյ մէջ, ինչ կը վերաբերի անոր՝ ցեղասպանութեան առընչակցութեան, միայն սկիզբն է խօսքին բացումին: Շատ դասեր կան սորվելիք Ափրիկէի ցամաքամասէն, Ափարթայտ (Apartheid) իշխանութեան փլուզումէն ետք յառաջացած «Ճշմարտութեան եւ հաշտութեան յանձնախումբին» (Truth and Reconciliation Commission) կազմակերպած զրոյցներէն:47 Ոճրագործ-զոհ փոխադարձ հանդիպումով կայանալիք սրտբաց զրոյցը չի կրնար տեղի ունենալ, երբ ոճրագործ-զոհ տարբերութիւնները ամէն մակարդակի վրայ տակաւին յստակ չեն:
Ու հայոց պարագային՝ խնդրոյ առարկայ առաջին սերունդը բացակայ է, ու երկրորդ սերունդը միայն փոխանորդաբար կրնայ խօսիլ: Այս պարագային, դէմ դիմաց պիտի նստին իսլամը եւ ոչ իսլամը, թուրքը, քիւրտը եւ հայը, ու տեսնեն ու խօսին, թէ իսլամացումը ի՞նչ բռնարարքներու հետ զուգահեռ ընթացած է եւ ի՞նչ հետեւանքներ ունեցած եւ այսօր ի՞նչ կարելի է ընել այս ուղղութեամբ:
Հայ առաքելական, հայ կաթոլիկ, հայ աւետարանական, անաստուած հայ, իսլամահայ, սեւամորթ հայ (եթովպիահայեր), միասեռական հայ՝ բոլորն ալ ինքնութենական կարելիութիւններ են, անկախ անկէ որ ի՞նչ վերաբերմունք ունինք անոնց նկատմամբ:
«Հայ ըլլալ» մը կայ, հասարակաց ու երբեմն անյստակ յատկութիւններով, որ ընդհանրական եւ առաջին պատկանելիութիւնն է: Այսօր իսլամ հայերը թիւ մը կը ներկայացնեն, եւ առաջին հերթին այդ իսկ պատճառով Հայաստանի Հանրապետութեան համար քանակի կարեւորութիւն մը ունին: Հայկական Սփիւռքին համար ալ հետաքրքրական են. Սփիւռքի գաղութներ ձգած իր ինքնութենական հրատապ հարցերը, տեղ մը, ներկայ իսլամացած հայերուն «տիրութիւն» ընելու տրամադրութիւններ ցոյց կու տան:
Լաւագոյն լուծումը այն պիտի ըլլար, որ իսլամ հայեր իրենք զիրենք հաստատէին, որուն կարելիութիւնը ունին այսօր բարեբախտաբար, եւ մենք ալ, Հայաստանի ու Սփիւռքի հայերս իրենց քայլերուն հետեւելով փոխն ի փոխ ու հաւասար մակարդակի մը վրայ՝ կարենայինք օգնել իրենց ու օգնութիւն ստանալ իրենց փորձառութենէն:
Ելք
Անցեալ տարուան Հրանդ-Տինք Հիմնարկի գիտաժողովին48 աւարտին, Մարտինէն Իսթանպուլ վերադարձող օդանաւուն մէջ Մարտինցի արաբի մը հետ ծանօթացայ, որ Իրաքի Էրպիլ քաղաքին հետ տնտեսական առուտուրի մէջ էր: Խօսեցանք ի միջի այլոց նաեւ ցեղասպանութեան մասին:
Քիչ մը ուզեցի իր կեցուածքը գիտնալ: «Մենք երկուքս հիմա օդանաւուն մէջ նստած ճամբորդներ ենք», ըսաւ. «մենք օդանաւը քշողները չենք, այնպէս որ չենք կրնար ուղղութիւն տալ անոր…»: Ինծի կը մնայ պահանջելու պէս մաղթել, որ օդանաւորդները գրեթէ հարիւր տարիէ ի վեր օդին մէջ պտըտող այս օդանաւուն համար գտնեն ճիշդ օդանաւակայանը:
ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յօդուածը ծանօթագրութիւններով կարելի է կարդալ այս յղումով
ՀՈՐԻԶՈՆ
http://www.horizonweekly.ca