02 ՄԱՐՏ 2016
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին, որուն շրջագիծին մէջ յայտնեց, որ ոմանք թերեւս կը մտածեն, թէ Հըզպալլա ճնշուած է եւ կրնայ դիւրաւ տակնուվրայ վիճակ ստեղծել երկրին մէջ:
Սէյիտ-Նասրալլա
«Ընդհակառակն` մենք կը հաստատենք, որ Հըզպալլա հզօր վիճակի մէջ է, եւ եթէ ինքզինք նախկինին հետ բաղդատելու ըլլայ, ապա ան շատ աւելի լաւ է այսօր, քան ինչ որ էր հինգ տարի առաջ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք սեղանը չեն փափաքիր դարձնել, այլ` կ՛ուզեն այդ սեղանը պահել բաց վիճակի մէջ, ինչպէս նաեւ պահել անոր շուրջ գտնուող խօսակիցները եւ շարունակել երկխօսութիւնն ու քաղաքական խորհրդակցութիւնները:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են երկրին ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան:
«Մենք նոր 7 մայիս մը չենք պատրաստեր եւ ոչ ալ սեւ շապիկներու նոր երեւոյթներ: Մենք պարզապէս կը հաստատենք, որ Լիբանանի կառավարութեան գործունէութեան պահպանումը ազգային շահերուն կը ծառայէ: Մենք չենք մտածեր կառավարութենէն հրաժարելու մասին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ներկայ նախարարաց խորհուրդը իրենց կառավարական կազմը չի նկատուիր, այլ` հակառակորդ քաղաքական ուժերունը:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Հըզպալլայի համար Ազգային երկխօսութեան եւ Մուսթաքպալի հետ երկխօսութեան շարունակութիւնը ազգային շահերուն կը ծառայէ: «Սակայն ո՛վ որ կը փափաքի լքել երկխօսութիւնը, ազատ է, մենք չենք կրնար անոր պարտադրել այս կամ այն հարցը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Հըզպալլայի անդամներուն եւ համակիրներուն փողոց չիջնելու, ի՛նչ կերպարներ, որ ալ պատրաստուին եւ ցուցադրուին, ի՛նչ կապկումի արարքներ, որ ալ կատարուին:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com