02 ՄԱՐՏ 2016
1 մարտին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնարկներու տնօրէններուն եւ գիտնականներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան խօսած է սահմանային կացութեան, բանակի պատրաստուածութեան եւ ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու դիմակայման ձեւերուն մասին:
Պատասխանելով պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան մասին հարցումի մը` նախարարը յայտնած է, որ անիկա կախեալ է երկխօսութեան կառչած մնալէն եւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումէն: Անոր համաձայն, հակառակորդը չ՛ուզեր կառուցողական աշխատանք տանիլ, չ՛ուզեր առաջին գիծին վրայ զերծ մնալ տարբեր տիպի ոտնձգութիւններէն, չխախտել զինադադարի դրութիւնը, կրակ չբանալ, հետախուզական-ներթափանցման գործողութիւններու չձեռնարկել:
Ան դիտել տուած է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամէն օր կը պատրաստուի պատերազմի. «Մենք չենք վախնար, պատրաստ ենք մեր երկիրը եւ մեր երկրի սուրբ մասը հանդիսացող Արցախը պաշտպանելու ամէն գնով», հաստատած է նախարարը:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com