Եւրոպական Միութեան Եւ Հայաստանի Միջեւ Տարբեր Մարզերու Մէջ Կապերու Ու Համագործակցութեան Ամրապնդումը Կարեւոր Նկատուեցաւ

02 ՄԱՐՏ 2016

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի 1 մարտին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որուն հետ տուած է միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:
HAHTIBOUM SARKSSIANI HED
Հանդիպում` Նախագահ Սարգսեանի Հետ

Նախագահ Սարգսեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններուն, տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան, միջազգային արդի խնդիրներուն, շրջանի զարգացումներուն, մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարին վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի նախագահը` կարեւոր նկատելով Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը, որով մեծապէս հետաքրքրուած է Հայաստան, նշած է, որ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները շատ լաւ խթան կը հանդիսանան ու կը վկայեն փոխադարձ գործակցութեան զարգացման երկկողմանի պատրաստակամութեան մասին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող լայնածաւալ բարեփոխումներուն, որոնց կարգին` նախորդ դեկտեմբերին տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներուն: Ան շեշտած է, որ Հայաստան հաստատակամ է շարունակելու տարբեր ոլորտներու մէջ ընթացք առած բարեփոխումները եւ բարձր կը գնահատէ անոնց իրականացման համար Եւրոպական Միութեան կողմէ յատկացուող ֆինանսական աջակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման բանակցային հոլովոյթին: Հայաստանի նախագահը հիւրին ներկայացուցած է այդ հոլովոյթին մէջ հայկական կողմին դիրքորոշումները:

Ֆետերիքա Մոկերինի վերահաստատած է այս առումով Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը` ընդգծելով, որ իրենք կը սատարեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, անոր առաքելութեան իրականացման  եւ կը պաշտպանեն բանակցային երեք սկզբունքները` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք, ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկել եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանում:
NAKHARAR NALBANTIAN HED
Նախարար Նալբանդեանի Հետ Մամլոյ Միացեալ Ասուլիս

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին ընդունելով`

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հաստատած է, որ այս այցելութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման վրայ:

Ֆ. Մոկերինի ըսած է, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ աւելի ամուր գործընկերութեան հաստատումը շահեկան է ո՛չ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին համար:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցերուն, յարաբերութիւններու նոր իրաւական հիմքի ձեւաւորման վերաբերող բանակցութիւններուն:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի դիմագրաւման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ միջազգային հանրութեան ջանքերը համախմբելու կարեւորութեան շուրջ:

Այս պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուած է գաղթականութեան ճգնաժամին եւ գաղթականներու տարերային հոսքին:

Նախարար Նալբանդեան դիտել տուած է, որ բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ Հայաստան կը հանդիսանայ սուրիացի գաղթականներ ընդունող երրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ ընթացող` ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումները:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:

Կողմերը համակարծիք էին, որ իրավիճակի սրման նպաստող ապակառուցողական քայլերը, ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը վնասակար են եւ կը ծառայեն սթաթիւս քոյի երկարաձգման:

Նալբանդեան վերահաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ հետեւողական ջանքերը` ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղութեամբ:

Հանդիպումին յաջորդած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին նախարար Նալբանդեան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ամրապնդելու եւ ընդլայնելու համապարփակ համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ:

Կողմերը անդրադարձած են համագործակցութեան հետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք միացեալ քայլերուն` քաղաքական երկխօսութեան, շարժունակութեան, մարդու իրաւունքներուն, տնտեսական բարեփոխումներուն, Եւրոպական Միութեան տարբեր ոլորտային ծրագիրներու Հայաստանի մասնակցութեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն կապերու խթանման առումով մեծ կարեւորութիւն կու տան մարդկային յարաբերութիւններուն, այդ պատճառով ալ Հայաստանի քաղաքացիներուն ազատ փոխադրութիւնը կը նկատուի կարեւոր գործօն` հասարակութիւնները իրարու աւելի մօտեցնելու իմաստով:

«Արդէն երկու տարի է կը գործէ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան մուտքի արտօնագրային դրութիւնը դիւրացնելու համակարգ, համոզուած ենք, որ հասած է պահը քայլ մը յառաջ երթալու եւ մուտքի արտօնագիրի վերացման վերաբերող երկխօսութեան սկսելու», ըսած է նախարարը:

Ֆետերիքա Մոկերինի շեշտած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը սերտէ Սուրիայէն Հայաստան գաղթածներուն օժանդակելու համար Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու հարցը: Ան նշած է, որ ասիկա կարելի է ընել Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ գործող հիմնադրամներուն միջոցով, որոնք կը նպատակադրեն օժանդակել սուրիական ճգնաժամի յաղթահարման:
Հանդիպում`

ՀՀԿ-ի Եւ ՀՅԴ-ի Ղեկավարներուն Հետ

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարներուն, Ազգային ժողովի յանձնախումբերու ղեկավարներուն եւ պատգամաւորներուն հետ:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail