02 ՄԱՐՏ 2016
Երկուշաբթի Փետրուար 29-ին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջտեղի ունեցած է «Խոճալու՝ ճշմարտութիւնը ջարդի մը մասին» խորագրեալ դասախօսութիւն մը: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը։
«Ատրպէյճանի բարեկամներ» ընկերակցութիւնը, որուն մաս կը կազմեն նաեւ ֆրանսացի բազմաթիւ երեսփոխաններ, դասախօսելու հրաւիրած են Մաքսիմ Կոէնը, որ ծանօթ անուն է իր դիրքորոշումներով, տարածելու համար այն գաղափարը՝ թէ «բարբարոս, հրէշ Հայերը ջարդած են Ազէրիներ»: Բնականաբար, ներկայ գտնուած է նաեւ Ատրպէյճանի դեսպան Էլչին Ամիրպայեւը:
«Նազարբէկ» երիտասարդական միութիւնը այս առիթով հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ պատահածը կը բնութագրէ՝ «Ֆրանսա անգամ մը եւս զոհը դարձաւ ատրպէյճանական պետութեան նաւթատոլարներուն» ձեւով:
Կ՚ըսուի նաեւ, թէ կը փափաքին այս հաղորդագրութեամբ զգաստացնել, որ նման քարոզչութիւններ հետզհետէ աւելի յաճախ կը կատարուին Ֆրանսայի մէջ եւ թէ հարկ է դատապարտել զանոնք՝ կանգնելու համար ատելութիւն սերմանող նման գաղափարներու դէմ:
«Այդ պատճառով է, որ տեղւոյն վրայ էինք. արտայայտելու համար մեր տարակարծութիւնը գայթակղեցուցիչ այս ձեռնարկին նկատմամբ»,- կը նշուի անոր մէջ:
Հաղորդագրութիւնը կ՚եզրափակուի հետեւեալ տողերով. «Կարեւոր է ընդգծել, որ այս տեսակի քարոզչութիւն կը ծաւալեն պարզապէս արդարացնելու համար Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդավար հանրապետութեան, որ հայկական հող եղած է անցեալին, ներկայիս ալ է՛, եւ պիտի մնա՛յ ալ»։
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com