September 16, 2015
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքը շրջանցեց Իրաքն ու Սուրիան եւ այլեւս կը սպառնայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն»: Ան մտահոգութիւն յայտնեց ժիհատական զինեալներուն Ռուսիա վերադարձին նկատմամբ:
Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, որ «մենք սուրիական կառավարութեան կ՛աջակցինք եւ պիտի շարունակենք անոր զինուորական աջակցութիւն տրամադրել»` աւելցնելով. «Եթէ Սուրիոյ չաջակցէինք, այդտեղ կացութիւնը Լիպիոյ կացութենէն աւելի վատ պիտի ըլլար»:
«Կարելի չէ Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնել առանց սուրիական կառավարութեան եւ սուրիական բանակին», ըսաւ Փութին:
«Նախագահ Ասատ պատրաստ է չափաւորական ընդդիմութիւնը ներառող կառավարութիւն մը կազմելու, սակայն ներկայիս առաջնահերթութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է», ըսաւ ան:
Փութին շեշտեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի լայն ճակատի մը կազմութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ սուրիական եւ իրաքեան բանակներուն դերակատարութեան առաջնահերթութիւնը:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, պատասխանելով Ռուսիոյ նախագահին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ Սուրիոյ շուրջ բանակցութեան կարելիութեան շուրջ հարցումի մը, յայտարարեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցով Մոսկուա-Ուաշինկթըն երկխօսութիւնը անխուսափելի է:
Մինչ այդ, Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտարարեց. «Ուաշինկթըն չի բացառեր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Պարաք Օպամա այս ամսուան վերջաւորութեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի լուսանցքին Սուրիոյ հարցին շուրջ անկեղծ քննարկումներ կրնան ունենալ»` նշելով. «Սուրիոյ մէջ առանձին` առանց դաշինքին միանալու գործելու Ռուսիոյ որոշումը կարելի է նկատել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին աջակցութիւն մը»:
Սպիտակ տան բանբերը ըսաւ, որ ռուսական այսպիսի վարմունքը կրնայ յանգեցնել միջազգային ընտանիքին կողմէ Ռուսիոյ մեկուսացման շարունակման` նշելով, որ այդ մեկուսացումը կը բխի այն իրողութենէն, որ Մոսկուա կ՛ընդդիմանայ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ դաշինքին աջակցող 60 այլ երկիրներուն:
http://www.aztagdaily.com