02 ՄԱՐՏ 2016
Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան-Յովհաննէսեան կը գրէ.
«The Armenian Genocide in Literature: The second generation responds». Armenian Genocide Museum-Institute, Research and Studies in Armenian Genocide Series 6, Երեւան 2015, 392 էջ, անգլերէն, հայերէն ամփոփումով։ http://www.genocide-museum.am/eng/publications.php
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին լոյս տեսաւ Ռուբինա Փիրումեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գրականութեան Մէջ, Երկրորդ Սերնդի Արձագանգներ» գիտաշխատութիւնը: Ռուբինա Փիրումեանի չորրորդ հատորն է այս՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան գրական արձագանգներուն:
«Հորիզոն Գրական»ի անցեալի թիւերէն ներկայացուած էին արդէն Ռուբինա Փիրումեանի Ցեղասպանութեան գրական արձագանգներուն նուիրուած նախորդ հատորները, ինչպէս՝ «The Armenian Genocide in Literature: Perceptions of those who lived through the years of calamity» (2012), «And those who continued living in Turkey» (2008) եւ «Literary responses to catastrophe» (1993): Նախորդ հատորներուն նման այս նորագոյն հրատարակութիւնը նոյնպէս նուիրուած է Ցեղասպանութեան գեղարուեստական գրականութեան ուսումնասիրութեան:
Փիրումեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գրականութեան Մէջ. Երկրորդ Սերնդի Արձագանգներ» հատորը կը սկսի նախաբանով, ուր կը յայտնէ, թէ իրեն հարց կու տան՝ արդեօք ինք մղուած է Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան՝ Ցեղասպանութենէ ազատած ծնողներու զաւակ ըլլալո՞ւն համար:
Իրանահայ ըլլալով ինք, թէեւ Ցեղասպանութեան զոհ չեն եղած իր ծնողները, սակայն կասկածէ վեր է, որ «կրած ենք ազդեցութիւնը մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած եղեռնագործութեան» (էջ 347):
Պայման չէ Ցեղասպանութենէ ազատուածի զաւակ ըլլալ, «զգալու համար կատարուած ոճրի ցաւը, ազդեցութիւնը», ան կը շեշտէ (էջ 347): Իսկ 2012ին հրատարակուած իր հատորին մէջ Փիրումեան կը բացատրէր, թէ ինք ինչո՛ւ յանձն առած էր Ցեղասպանութեան գրականութեան ուսումնասիրութիւնը եւ այդ քայլին անդրադարձը իր անձնական ու ընտանեկան կեանքին վրայ՝ մղելով իր կողակիցին յայտարարելու, թէ իրենց տունը ամէն օր Ապրիլ 24 է եւ ոգեկոչում՝ մեր անշիրիմ մնացած Եղեռնի նահատակներուն:
Ինչպէս նախորդ հատորներուն մէջ Փիրումեան ցոյց տուած էր, Ցեղասպանութիւն վերապրած սերունդը կորուստի, ցաւի, տեղահանութեան, Եղեռնի թողած հետքերով կերտած էր իր ինքնութիւնն ու նոր կեանքը: Այս նոր հատորը կը կեդրոնանայ Մեծ Եղեռնի ազդեցութեան փոխանցման վրայ:
Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած երկրորդ սերունդի գեղարուեստական գրականութեան ընդմէջէն Փիրումեան կը բացայայտէ ահաւոր ողբերգութեան անդրադարձը: Փիրումեան այս հատորով կը ներկայացնէ միջսերնդային փորձառութիւնը Ցեղասպանութեան հետեւանքներու տարողութեան, արձագանգի այլազանութեան ընդմէջէն: Երկրորդ սերունդի գրական փորձերուն մէջ Փիրումեան կը հանդիպի բազմաթիւ պատմական վէպերու եւ առհասարակ վէպերու, որոնք հիմնուած են ծնողներու պատումին վրայ: Փիրումեան կը հաստատէ թէ Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը նկատելի է երկրորդ սերունդի գեղարուեստական գրակութեան մէջ եւ ապացոյց է անոր սերունդէ սերունդ փոխանցման:
Փոխանցման տարողութիւնը Փիրումեանի համար այլազան ազդակներէ կախեալ է, ինչպէս օրինակ վերապրողի ապաստանած երկրի ընկերաքաղաքական թէ տնտեսական պայմաններէն, կամ վերապարածներու իրենց ապրած աներեւակայելի օրհասային օրերու պատումը գաղտնի պահելու, կամ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու տրամադրութենէն եւ յաջորդ սերունդներու գիտակցութենէն:
Երկրորդ սերունդի գրականութեան մէջ Փիրումեան կը հանդիպի նաեւ ժառագուած յիշողութեան եւ անցեալէն եկած պարտաւորութեան, որ հարկ է պատմել, յիշել, պայքարիլ ցեղասպանի ուրացումին դէմ ու ապրիլ անցեալը ներկային մէջ, ինգնագիտակցելով, թէ Տէր Զօրի զաւակներ ենք, սակայն միշտ ինքնութեան երկուութեան հարցերով ընկալուած:
Այս երկրորդ սերունդի գրականութեան մէջ կայ նաեւ տեղահանութեան, կորուստի, նախորդ սերունդէն փոխանցուած մեծ աղէտի անդարմանելի ցաւը: Այս երկրորդ սերունդի գեղարուեստական գրականութիւնը Փիրումեանի համար կը դառնայ արտացոլքը Հայոց Ցեղասպանութեան ազդեցութեան:
Փիրումեանի այս նորագոյն հատորը կը բաղկանայ նախաբանէ մը, ապա երեք լայնածաւալ գլուխներէ ու վերջաբանէ մը: Առաջին գլուխը կը ներկայացնէ գրական գործերու ընդմէջէն անդ-սերունդներու փորձառութեան, ինչպէս Մերի Թերզեանի, Վերժինիա Յարութիւնեանի, Հելէն Փիլիպոսեանի, Դաւիթ Խրդեանի, Մ. Առլէնի ու շատ մը այլ ինքնակենսագրական եւ ընտանեկան պատումներու վկայութիւններուն:
Երկրորդ գլուխը կը ներկայացնէ գրական գործեր, որոնք կը հակադրեն ժառանգուած յիշողութիւնը ցեղասպանի ժխտումին օրինակ՝ Տայանա Տէր Յովհաննէսեանի, Ալիսիա Կիրակոսեանի, Յարութիւն Պէրպէրեանի բանաստեղծութիւններէն ոմանք, ինչպէս նաեւ Լոռն Շիրինեանի գործերէն նմոյշներ:
Նոյնպէս հոն կը գտնենք ինքնութեան հարցեր: Երրորդ գլուխով Փիրումեան կը ներկայացնէ գրական գործեր, որոնք կ՛անդրադառնան սպիտակ ջարդին, ձուլումին, տեղահանման, ինչպէս Վահէ Օշականի «Ահազանգ»ին, Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Ոստայն»ներուն, Վեհանոյշ Թէքեանի «Կապոյտ Ապրիլ»ին, Վահրամ Մավեանի, Արփին Կրընյէ Գոնիալեանի, Կարապենցի, Գրիգոր Պըլտեանի ու շատ մը այլ գրողներու գործերու նշումներ:
Այս երկրորդ եւ յաջորդ սերունդներու գեղարուեստական գրականութեան մէջ Փիրումեան կը նկատէ մեծ բաժին մը նուիրուած ուխտագնացութեան, ինչպէս Հ. Մարգարեանի «Քառաձայն Պատարագ»ին, փրոֆ. Յովհաննէսեանի Արեւմտեան Հայաստան այցելութեան պատումին, Մ. Աճէմեան-Ահներթի մօր ծննդավայր այցելութեան պատումին: Նման պատումներ Փիրումեանի համար նոր տեսադաշտ են:
Ռուբինա Փիրումեան կը հաստատէ, թէ Սփիւռքի մէջ աւելի խոր ազդեցութիւն ձգած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քան Հայաստանի, ուր պատմական յիշողութիւնը փոխանցուած է պատահականօրէն, Խորհդային ժամանակաշրջանին:
Օգտագործուած աղբիւրներու եւ անուանացանկէ վերջ հատորը կ՛աւարտի հայերէն ամփոփումով, ուր Փիրումեան կը նշէ, թէ ան կը շարունակէ յաջորդ սերունդներու գրականութեան մէջ որոնել եւ լուսաբանել քաղաքական, հոգեբանական ու այլ ազդակները, որոնք կը մղեն աշխարհի հետ կիսել Ցեղասպանութենէ վերապրած սերունդներու պատմութիւնը: Ան կը հաւատայ, թէ պատմական յիշողութիւնը չի մարիր: Փիրումեանի համար Մեծ Եղեռնի գեղարուեստական պատմութիւնը ոգեղէն յուշարձան է մարդկութեան դէմ թուրքի անպատիժ մնացած ոճիրին:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ այս չորորդ գիտաշխատութիւնը, Փիրումեանի այլ՝ յիսունէ աւելի ուսումնասիրական ու իր պատրաստած Հայ Դատի եւ Ցեղասպանութեան աշխատանքներու նման եւ անոնց կողքին, իր ներդրումներէն է՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ Ռուբինա։
Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան-Յովհաննէսեան՝ «Սիմոն Տը Պովուար» հիմնարկ
«ՔոնՔորտիա» համալսարան
Մոնթրէալ
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com