Նշմար. Խոստովանութիւն

03 ՄԱՐՏ 2016

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը 25 փետրուարին ազատ արձակեց թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտարը եւ օրաթերթի Անգարայի գրասենեակի ղեկավար Էրտեմ Կիւլը, որոնք 2015-ին թերթին մէջ փաստաթուղթեր հրապարակած էին յունուար 2014-ին ոստիկանութեան կողմէ կանգնեցուած, Թուրքիայէն Սուրիա զէնք-զինամթերք փոխադրող բեռնատարերուն վերաբերեալ:

Օրին դէպքին առնչակից ոստիկանները պաշտօնէ վտարուած էին: 28 փետրուարին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Վճիռին նկատմամբ յարգանք չունիմ: Զայն պիտի չյարգեմ»: Ան նշեց, որ երկու լրագրողներուն կատարածը «մամլոյ ազատութեան հետ որեւէ կապ չունի», այլ` լրտեսութեան:

Երկրի մը բնակիչներուն համար իրապէս մտահոգիչ պէտք է ըլլայ, երբ իրենց երկրին նախագահը հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ Սահմանադրական դատարանին վճիռին նկատմամբ յարգանք չունի եւ զայն պիտի չյարգէ, մանաւանդ երբ նշեալ նախագահը աշխատանք կը տանի երկրին մէջ կառավարման նախագահական համակարգ հաստատելու:

Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ նախագահ մը բնականաբար իրաւունք ունի վճիռին նկատմամբ տարակարծիք ըլլալու:

Ասիկա անոր անձնական կարծիքն է, սակայն այդ տարակարծութիւնը հրապարակաւ արտայայտելու պարագային բնականաբար պիտի վերածուէր նախագահի կարծիքի եւ ընդվզում յառաջացնելով «ամբարտաւան» նախագահը թիրախ պիտի դարձնէր բուռն քննադատութեանց: Ան այդ գայթակղութեան համար քաղաքական սուղ գին պիտի վճարէր եւ անոր կուսակիցները անկէ պիտի հեռանային, ինչպէս առնէտները` ընկղմող նաւէն:

Թուրքիոյ մէջ, սակայն, Էրտողանի կուսակիցները ոչ միայն անոր կեցուածքը պաշտպանեցին, այլ` խորհրդարանին մէջ յարձակում գործեցին անոր այդ կեցուածքը քննադատող ընդդիմադիր երեսփոխաններուն դէմ:

Ուշադրութեան արժանի է այն երեւոյթը, որ «Ճումհուրիյէթ»-ի աւագ խմբագիրն ու լրագրողը կ՛ամբաստանուին «լրտեսութեամբ», այսինքն` պետական գաղտնիքներու բացայայտումով: Այդ ամբաստանութիւնը խորքին մէջ խոստովանութիւն մըն է, թէ թրքական պետութիւնը մեղսակից է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու զէնքի մատակարարման:

Այլապէս ամբաստանութիւնը պիտի ըլլար «կեղծ փաստաթուղթերու հրապարակում» եւ «պետութեան աղարտում»:

«Լրտեսութեան» ամբաստանութիւնը կու գայ վերահաստատելու բոլորին ծանօթ եւ յաճախ հնչող ամբաստանութիւնը` ուղղուած թրքական իշխանութիւններուն, որոնք զայն կտրուկ կերպով կը մերժէին, սակայն ահա զայն կը խոստովանին դատական իշխանութեան եւ երկրի նախագահին մակարդակով:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail