Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Նաւերուն Չէ Արտօնած Մուտք Գործել Իր Ջրային Տարածքը

03 ՄԱՐՏ 2016
Nato-ships_ԱԶԴԱԿ
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի մարտանաւերուն չէ արտօնած մուտք գործել Եգէական ծովուն մէջ գտնուող իր ջուրերը: Դաշինքի մարտանաւերուն առաքելութիւնն էր Թուրքիայէն Յունաստան, ապա նաեւ եւրոպական այլ երկիրներ ապօրինի գաղթականներ փոխադրող նաւակները գրաւելը:

Պրիւքսէլի մէջ քանի մը դիւանագիտական աղբիւրներ հաստատած են տեղեկութիւնը: Ըստ անոնցմէ մէկուն, ՕԹԱՆ-ի առաքելութեան նկատմամբ Անգարայի դիրքորոշումին մասին յայտնի դարձած է սկիզբէն:

Թուրքիա կը պնդէ, որ նաւերու տեղակայման շրջանները որոշելու համար ՕԹԱՆ-ի ծովային խմբաւորման գերմանացի հրամանատար Եորկ Քլայն պէտք է այցելէ Անգարա: ՕԹԱՆ կը մերժէ ատիկա կատարել:

ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները 11 փետրուարին հաստատած էին Եգէական ծովուն մէջ գաղթականները ապօրինի կերպով տեղափոխողներուն դէմ գործողութիւններու սկիզբը: Ծրագիրի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Գերմանիոյ, Յունաստանին եւ Թուրքիոյ: Գործողութիւնը կը ղեկավարէ Գերմանիա:

ՕԹԱՆ-ի նաւերը պէտք է կանգնեցնեն գաղթականներ փոխադրող նաւերը եւ զանոնք վերադարձնեն Թուրքիա:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail