ՄԱԿ-ը Դեկտեմբեր 9-ին Կ՛ոգեկոչէ Բոլոր Ցեղասպանութիւններու Զոհերը

16 սեպտեմբեր 2015

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Սեպտեմբեր 11-ին, երկար տարիներու դիւանագիտական յամառ ջանքերէ ետք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաջողեցաւ հասնելու բոլոր ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ ընդհանուր բանաձեւի միաձայն ընդունման Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր ասամպլէայի կողմէ:

Հայաստանի եւ համահեղինակ 83 այլ պետութիւններու կողմէ ներկայացուած բանաձեւը Դեկտեմբեր 9-ը կը հռչակէ որպէս «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օր»: Այդ օրը ընտրուեցաւ, քանի որ Դեկտեմբեր 9-ը` 1948-ին Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի ընդունման օրն է:

Այսուհետեւ, իւրաքանչիւր Դեկտեմբեր 9-ին, ՄԱԿ-ը պիտի ոգեկոչէ եւ յարգէ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերը: Թէեւ բանաձեւը չի նշեր որեւէ յստակ ցեղասպանութիւն` հայերէն կախեալ է երաշխաւորել, որ իրենց ցեղասպանութիւնը ընդգրկուած ըլլայ ՄԱԿ-ի այդ օրուան պաշտօնական յիշատակութիւններուն մէջ: Ոչ ոք կը զարմանայ, եթէ թրքական կառավարութիւնը փորձէ խափանել նման հայկական ջանքերը…

Զաւեշտալի է, որ Թուրքիա ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներէն մէկն էր, հաւանաբար վախնալով, որ ընդդիմանալը պիտի բացայայտէր անոր արմատացած մտատանջութիւնը ցեղասպանութեան թեմային վերաբերեալ: Հետեւաբար, թուրք պաշտօնեաները իրենց այնպէս պահեցին, կարծես թէ այս բանաձեւը կապ չունի հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ քիւրտերու դէմ իրենց երկրի անցեալին եւ ներկայ ցեղասպանական ոճիրներուն հետ…

Այս բանաձեւի համահեղինակ 84 պետութիւններու շարքին էին Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Հնդկաստանը, Ճաբոնը եւ Իրանը: Հետաքրքրական է, որ Ատրպէյճանը եւ Ռուանտան անոր հեղինակակէն չեղան: Ատրպէյճանը չցանկացաւ աջակցիլ Հայաստանի կողմէ առաջարկուած որեւէ բանաձեւի: Միւս կողմէ, Ռուանտան բանաձեւը աւելորդ համարեց, քանի որ ՄԱԿ-ը Ապրիլ 7-ը յայտարարած էր որպէս Ռուանտայի մէջ ցեղասպանութեան յիշատակի միջազգային օր: Ի տարբերութիւն Ռուանտայի` Իսրայէլը այս բանաձեւի համահեղինակ է, հակառակ ՄԱԿ-ը Յունուար 27-ը արդէն հաստատած է որպէս Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակի միջազգային օր:

«Պատասխանատուութիւն պաշտպանութեան համար համաշխարհային կեդրոն»-ը (The Global Centre for the Responsibility to Protect) անցեալ Ուրբաթ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` բարձր գնահատելով ՄԱԿ-ի բանաձեւի ընդունումը եւ թուարկելով «նախորդ դարու ամենասոսկալի ոճիրներու կարեւոր տարելիցները», ներառեալ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, Աշուիթցի (Auschwitz) ազատագրման 70-ամեակը, Քամպոտայի «Կարմիր խմերներու» սպանդի 40-ամեակը, եւ Ռուանտայի, Սրեպրենիցայի, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի ցեղասպանութիւններու 20-ամեակը»:

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, առաջարկուող բանաձեւը Սեպտեմբեր 11-ին Գլխաւոր ժողովին ներկայացնելու ընթացքին, խօսեցաւ իր «պարտքի զգացումին» մասին: Յարգանքի տուրք մատուցանելով Ռաֆայէլ Լեմքինի, որ ստեղծած էր ցեղասպանութիւն եզրը, դեսպանը ըսաւ. «Միջազգային օրը կը վերականգնէ անցեալին անտարբերութեան մատնուած զոհերու արժանապատուութիւնը: Միլիոնաւոր մարդոց կեանքի անձեռնմխելիութեան ժխտումը ծայրագոյն անարդարութիւն է: Ժխտողականութիւնը կը խոցէ ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդները: Մենք կը խօսինք մեր փորձէն մեկնած»:

Ցեղասպանութեան մէկ այլ շրջադարձային տարեթիւ, որ մոռացութեան մատնուած է միջազգային հանրութեան եւ հայ ժողովուրդին կողմէ` ՄԱԿ-ի խտրականութեան կանխարգելման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի կողմէ ընդունուած զեկոյցի 30-ամեակն է: «Վերանայուած եւ նորացուած զեկոյց ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատժման հարցի վերաբերեալ» խորագիրը կրող պատմական փաստաթուղթը մշակուած էր բրիտանացի զեկուցող Պենճամին ի Ուիթաքըրի կողմէ: Յատկանշական է, որ դեսպան Մնացականեան, ցեղասպանութեան բանաձեւը ՄԱԿ-ին ներկայացնելու ատեն, իր ելոյթին մէջ երկու անգամ անդրադարձ կատարեց այս զեկոյցին:

Ուիթաքըր իր զեկոյցի 24-րդ պարբերութեան մէջ մէջբերած է 20-րդ դարուն տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու քանի մը դէպքեր, յատուկ տեղ յատկացնելով Հայոց ցեղասպանութեան: Բացի այդ, 13-րդ տողատակին Ուիթաքըր աւելցուցած է. «Անկախ հեղինակութիւններու եւ ականատեսներու ստոյգ գնահատմամբ, առնուազն 1 միլիոն մարդ, եւ հնարաւոր է հայ բնակչութեան կէսէն աւելին կը համարուի սպաննուած կամ մահուան երթի դատապարտուած: Ասիկա հիմնաւորուած է Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Մեծ Բրիտանիոի, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ժամանակակից դիւանագէտներու, ներառեալ դաշնակից Գերմանիոյ արխիւներուն մէջ գտնուող զեկոյցներուն մէջ: Գերմանիոյ դեսպան Ուանկէնհայմ, օրինակ, 1915 Յուլիս 7-ին գրած է. «[թրքական] կառավարութիւնը, իրօք նպատակ կը հետապնդէ բնաջնջել հայ ցեղը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» (Ուանկէնհայմի արխիւ)»:

Ցաւօք, Ուիթաքըր անցեալ տարի մահացաւ: Սակայն, ողջ են ՄԱԿ-ի ենթայանձնաժողովի միւս երեք նախկին անդամները` Էրիքա Տայէսը (յոյն), Լէանտրօ Տեսփույը (արժանթինցի) եւ Լուիզ Ժուանէն (ֆրանսացի), որոնք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման անխոնջ ջատագովներ էին Ուիթաքըրի զեկոյցին մէջ, որ ընդունուեցաւ 1985-ի Օգոստոս 29-ին, ձայներու 14 կողմ, 1 դէմ յարաբերակցութեամբ: 2015-ի Դեկտեմբեր 9-ին, մարդու իրաւունքներու երեք պաշտպաններուն պէտք է հրաւիրել ՄԱԿ` նշելու Ուիթաքըրի զեկոյցի 30-ամեակը եւ ճանչնալու անոր եզակի աւանդը ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատժման գործին…

Դեսպան Մնացականեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը արժանի են յատուկ գնահատանքի` ՄԱԿ-ի մէջ ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ իրենց արդիւնաւէտ դերակատարութեան համար:

Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Եռագոյն»-ը

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail