Թուրքիոյ Հետախուզութիւնը Հայ Ըլլալը Ցեղական Պառակտում Կը Համարէ

04 ՄԱՐՏ 2016
Turkish National Intelligence Service
Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով նոր մեղադրական զեկոյցին մէջ յայտնուած է կից փաստաթուղթ, ուր նշուած է, թէ Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան ծառայութիւնը Թուրքիոյ հայ համայնքին կը հետեւի «ցեղական պառակտիչ գործունէութիւն» ենթավերնագրի տակ։

Պոլսահայ «Ակօս» թերթի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ 2011 Մարտ 1-30 Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան ծառայութիւնը (MIT) երկրի բոլոր ոստիկանական բաժանմունքներուն եւ հետախուզական վարչութիւններուն հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ շարք մը կազմակերպութիւններու հետ կապուած ուղարկած է «աշխատանքային գրքոյկ»: Յիշեալ գրքոյկին մէջ «ցեղական պառակտիչ գործունէութիւն» ենթավերնագրի տակ տեղ գտած է «հայ ըլլալ» բաժինը:

Յիշեալ գրքոյկ-փաստաթուղթը կցուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով նոր մեղադրական զեկոյցին:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail