Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնին Պահպանման – 3. Պատանդ Չմնանք Անճիշդ «Օրէնքներ»-ու

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

03 ՄԱՐՏ 2016
Sarkis-Mahseredjian-Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մեր կեանքէն, մասնաւորաբար նոր սերունդի հասողութենէն մայրենիին դուրս մնալուն մէջ կարեւոր տեղ ունին այն սխալ ըմբռնումները, որոնք անգիր «օրէնքներ»-ու զօրութիւն զգեցած են եւ պատանդի վերածած` հայ զանգուածներ, ստեղծելով վիճակ մը, որ նման է նստած ճիւղդ սղոցելու արարքին:

Թուումի կարգով ու հպանցիկ ակնարկութիւններով փորձենք կանգ առնել այդ ինքնաստեղծ «օրէնքներ»-էն մէկ քանիին առջեւ:

Ա.- Հայերէն գիտնալը (խօսիլ-գրել-կարդալ) նախապայման չէ լաւ հայ ըլլալու.- Այս մտածողութիւնը տարածուած է մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ, մինչեւ իսկ ներգրաւած է որոշ մտաւորականներ:

Անոր հիմք կը ծառայեն կարգ մը բացառութիւններ, որոնց շարքին կարելի է դասել հայերէնէն հեռու ինկած ու հռչակ շահած գրողներ (Սարոյեանէն մինչեւ Մայքըլ Արլէններ ու Պալագեան, իսկ Շահնուրի ու Սիւրմէլեանի նման երկլեզու գրողներու պարագան բոլորովին տարբեր է), քաղաքական գիտութեանց ու պատմութեան կարգ մը հայ մասնագէտներ, դերասաններ, արուեստագէտներ եւ մասամբ նորին:

Կարելի է կարկինը տարածել` այս օղակին մէջ առնելու համար նաեւ ոչ անուանի անհատներ եւ երիտասարդ սերունդէն չնչին փոքրամասնութիւն մը. սակայն անոնք բաւարար չեն ԱԶԳԻ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԸ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼՈՒ համար:

Հայերէնը, շատ մը բաներու կողքին, բանալին է հայուն ինքնաճանաչման`իր պատմութեան, մշակոյթին եւ իր լինելութեան մասին ընդհանուր տեղեկութեանց իւրացման (մասնագիտութեան հարցին կ՛անդրադառնանք քիչ մը անդին):

Առանց ինքնաճանաչումի, ազգի թուական ու որակական աճը միշտ ալ պիտի մնայ նահանջի մէջ, պիտի շարունակենք զարմանալ, թէ ինչո՞ւ չենք կրնար քանդել տկարացումի օղակը: Յարգելի փոքրամասնութիւն մը չափանիշ չէ:

Բ.- Հայերէնի իմացութեան վրայ ծանրանալը պատճառ կ՛ըլլայ, որ պատանիներն ու երիտասարդները օտար ափերու վրայ չկարենան տիրապետել տեղական լեզուներուն, անոնց առոգանութեան ու նրբութեանց.– Նման մտածում կրնար որոշ հիմք ունենալ Ցեղասպանութենէն վերապրող առաջին ու երկրորդ սերունդներուն համար, մինչդեռ չենք անդրադառնար, որ նոր սերունդները տասնամեակներէ ի վեր շրջանցած ու փարատած են այս մտավախութիւնը:

Պատճա՞ռը. որովհետեւ հայերէնի հնչաբանութիւնը փաստօրէն անբաղդատելի ճկունութիւն կու տայ հայուն:

Մեր լեզուին հնչիւնները մեզ կարող կը դարձնեն տիրանալու` անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի, յունարէնի, գերմաներէնի, պարսկերէնի, ռուսերէնի, մինչեւ անգամ  արաբերէնի հնչումներուն եւ առոգանութեան, հոգ չէ թէ վերջինին կարգ մը կոկորդային հնչումները (Հէ-ն, Աայն-ը եւ Գաֆ-ը) համապատասխան տառեր չունին մեր ու հնդեւրոպական այլ լեզուներու մէջ (չինարէնին կամ ճափոներէնին ծանօթներ թող վկայութիւն տան այդ լեզուները խօսելու կարող հայերու մասին…):

Հարցին միւս երեսն ալ այն է, որ ընդհանրապէս հանդուժող ու անտարբեր ենք, երբ հայ երիտասարդը հայերէն խօսի օտարներու առոգանութեան ազդեցութեան տակ: Յետոյ, ու առանձնացնելով անգլերէնի առոգանութեան պարագան, կ՛արժէ հարց տալ, թէ ի վերջոյ ո՞րն է լաւագոյն առոգանութիւնը. անգլիակա՞նը, աւստրալիակա՞նը, ամերիկեա՞նը` իր տարբերակներով:

Կամ, վերջապէս, ինչո՞ւ աշխարհահռչակ ու ականաւոր անձնաւորութիւններ (քաղաքական, արուեստի մարզերու ծառայող կամ այլ) չեն մտահոգուիր անհարազատ առոգանութեամբ խօսելու այս կամ այն օտար լեզուն…

Գ.- Հայերէնը փոր չի կշտացներ, կամ` մեր տղաքն ու աղջիկները հայագէտ պիտի չըլլան, որպէսզի պէտք ունենան հայերէն սորվելու.– Այս երկու թիւր մտածումները միասին ներկայացուցինք, որովհետեւ «լծակից» են:

Ինչպէս ոեւէ ժողովուրդի զաւակ` հայերս ալ մեր լեզուն պէտք չէ նկատենք ուտելիքի տեսակ,  որ մեր փորը կուշտ պիտի պահէ: Մոռցած ենք կամ` թոյլ տուած, որ թօշնի այն ճշմարտութիւնը, թէ լեզուն նոյնինքն ժողովուրդն է, անոր գոյատեւման ու աճին գրաւականը, ծանօթ ու նուազ ծանօթի բոլոր արժէքներուն պահպանման եւ իւրացման բանալին:

Հայերէն խօսող-կարդացող-գրողը հայագէտ չէ ու պէտք ալ չունի հայագէտ ըլլալու. հայագէտը այն անձն է, որ հայութեան պատմութեան, գրականութեան, մշակոյթին, երաժշտութեան կամ որեւէ այլ կալուածին մասին մասնագիտական ուսում կը ստանայ ու կը խորանայ տուեալ կալուածի մը մէջ, ինչպէս բժիշկն ու դեղագործը, ճարտարապետն ու երաժիշտը կը հմտանան իրե՛նց ընտրած մասնագիտական ճիւղերուն մէջ:

Հետեւաբար պէտք է ձերբազատիլ այն «մտահոգութենէն», որ հայերէն սորվելով ու հայերէնով հաղորդակցելով` մեր տղաքն ու աղջիկները հայագէտ պիտի ըլլան (իսկ եթէ յիշեալ ճիւղերէն մէկն ու մէկը ընտրեն, հոն ալ «փոր կշտացնող» աշխատանքի ասպարէզ գոյութիւն ունի, պէտք է զարկ տալ այդ ասպարէզներուն…):

Դ.- Մեր պատանիներն ու երիտասարդները հայերէն չեն սիրեր, չեն ուզեր հայերէն սորվիլ, հայերէնով հաղորդակցիլ:

Հայերէնը դժուար լեզու է.– Հայերէն սիրել-չսիրելը նման չէ այս կամ այն տեսակի ճաշ, պաղպաղակ կամ կօշիկ նախընտրելու: Հայը կը ծնի հայ, ինչպէս արաբը` արաբ, սպանացին` սպանացի, ռուսն ու անգլիացին` իրենց ժողովուրդներու ծոցին մէջ:

Եթէ այլ ժողովուրդներ նման հարց ունին, ո՛չ մէկ ատեն լսած ենք, որ տագնապի մատնուած են (օտարումի եւ ուծացումի իրականութիւնները միայն հայերուս յատուկ վիճակներ չեն յամենայնդէպս, սակայն անշուշտ որ կայ սահման մը. մեր մտահոգութեան կիզակէտը մե՛ր ժողովուրդն է):

Մայրենիին հանդէպ սէրը կը ծնի ընտանիքի յարկին տակ, կը զարգանայ դպրոցին ու անձը շրջապատող միջավայրին մէջ: Բանալի գաղտնի՞քը. լեզուն ՍԻՐՑՆԵԼՈՒՆ ՄԷՋ Է:

Ծնողներ, ուսուցիչներ եւ երէց սերունդէն առաջնորդող դէմքեր նախ իրե՛նք պիտի տիրանան այս գաղտնիքին եւ անո՛վ վարակեն նորերը: Երէցներ յաճախ կ՛ընդունին կամակատարը դառնալ անչափահաս ու անգիտակից մանուկին ու պատանիին, որոնք (իբր թէ) զիրենք կը համոզեն, թէ չեն ուզեր հայերէն սորվիլ… Իսկ բազմադարեան մեր լեզուն ա՛յնքան դիւրին կամ դժուար է, որքան ո՛րեւէ այլ լեզու, ինչո՞ւ չէ, զայն սորվիլը անհամեմատ աւելի դիւրին է, բաղդատմամբ բազմաթիւ այլ լեզուներու, կը դիւրացնէ այլ լեզուներ սորվիլը, եւ ո՛չ թէ հակառակը:

Ե.- Նոր սերունդը մեր գրական եւ այլ արժէքներուն ծանօթացնելու արդի միջոց է մեր գիրքերը անգլերէնի կամ այլ լեզուներու թարգմանելը.– Որոշ գիրքեր օտար լեզուներու թարգմանելը խորքին մէջ լաւ միջոց է մեր արժէքներն ու հարստութիւնները ՕՏԱՐԻ՛Ն ծանօթացնելու համար. այս միջոցին յաճախ դիմած ենք. բայց թէ նոր սերունդը որքանո՞վ հայկական արժէքներով պիտի հրապուրուի օտարալեզու հրատարակութիւններով, շեշտակիօրէն թէական է, կամ անխուսափելիօրէն նկատի ունի ցանկալի թիւին մէկ փոքր համեմատութիւնը, որովհետեւ հոն ալ բանալին հայկական արժէքներու նկատմամբ հետաքրքութեան ու սիրոյ-յարգանքի ստեղծումն է:

Հայ գրողներու գործերուն օտար լեզուներու թարգմանութիւնը բոլորովին անօգուտ չէ, բայց միշտ ալ պիտի տայ անբաւարար արդիւնք, նոր պատրուակ պիտի ծառայէ հայերէնէն խորշելու:

Իսկ եթէ պահ մը ընդունինք, որ դէպի օտար լեզուներու թարգմանութիւնը արդիւնաւոր ձեւ է, ուրեմն պէտք է, արդար ըլլալու համար, մեր գրողներուն գործերը հայկական օճախներ ունեցող բոլոր երկիրներու բնիկ լեզուներուն թարգմանենք, օրինակ` անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի, ռուսերէնի, փորթուգալերէնի, գերմաներէնի, արաբերէնի, ինչո՞ւ չէ նաեւ` չինարէնի, ճափոներէնի կամ Կեդրոնական Ասիոյ այլ ժողովուրդներու լեզուներուն, որովհետեւ  բազմաթիւ հայեր առեւտրական-ապրուստի մտասեւեռումներով սկսած են ստուարացնել եւրոպական ու ասիական բազմաթիւ երկիրներու հայկական գաղութները…

Մինչդեռ կարճ ու դիւրին ճամբան պարզ ու մատչելի հայերէնին իւրացումն է մեր պատանիներուն ու երիտասարդներուն կողմէ: Կը բաւէ միայն մտաբերել, որ պատանին կամ երիտասարդը որքա՛ն կարճ ժամանակի մէջ կը սորվին օտար լեզու մը, երբ դպրոցական-համալսարանական ծրագիրին մէջ նման հարկադրանք-ընտրանք դիմագրաւեն, հետեւաբար, ինչո՞ւ կասկածիլ, որ անոնք իրենց սեփական լեզուն դիւրութեամբ պիտի չսորվին:

Իսկ թէ կարելի՞ է կարգ մը գոհարներ հարազատօրէն եւ իրենց բուրմունքով թարգմանել, կրնայ պատասխան գտնել` փորձ կատարելով թարգմանելու Մեծարենցի նման հանճարի մը հետեւեալ տողերը.- «Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին, հաշիշով օծուն ու բալասանով…», ու տեսնել, որ Շա բաղաձայնով ստեղծուած երաժշտականութիւնը ինչպիսի՜ կորստեան կը մատնուի…

Զ.- Գիրքերն ու թերթերը, գրաւոր արտայայտութեան միջոցները հին դարերուն կը պատկանին. նոր դարը շրջանցած է այդ հնութիւնները.– Ներածուած այս ու նման մտածումներ, որքան ալ որոշ հիմնաւորումներ գտնեն, լիովին չեն համապատասխաներ ճշմարտութեան:

Այլ ժողովուրդներու մօտ մանկապատանեկան եւ այլ գիրքերու հրատարակութիւնը կամ մանկավարժական-դաստիարակչական նիւթերու տարածումը որոշ նահանջ արձանագրած է, սակայն չի կրնար կորստեան մատնուիլ, կ՛արդարանայ նաեւ առեւտրական տրամաբանութեամբ, որովհետեւ տպագրութեան գիւտէն ի վեր, նաեւ` անմիջական ապագային, գիրքն ու թերթը կը մնան կենսական կարիքներ:

Փաստօէն, արդի արհեստագիտութեան բոլոր բարիքները ճանչնալով, կրնանք անվարան հաստատել, որ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԸ կը մնայ գլխաւոր միջոցը տեղեկութեան ու գիտելիքի հետ հաղորդակցութեան, անոնցմով հարստանալու:

Բժիշկն ու դեղագործը, խմբագիրն ու գրագէտը, պետական ու քաղաքական մարդիկը կարդալով-գրելով կը սորվին, նորութիւններու կը ծանօթանան, կը հաղորդակցին ու կ՛արտայայտուին:

Երկրորդական է, թէ ընթերցումը կը կատարուի տպագրուած գիրքէ՞, թերթէ՞, թէ՞ ելեկտրոնային էջերէ:

Ներկայ պայմաններուն մէջ վերոյիշեալ մտածողութեան որդեգրումը ինքնաբերաբար զանգուածը պիտի առաջնորդէ տգիտութեան, լաւագոյն պարագային` մարդուն աշխարհը փոքրացնող եւ ուղեղը փթացնող` դիմատետրեան մակարդակի «գրականութեամբ» հպարտ զգալու կացութեան:

Թուումի շարքը կարելի է երկարել, սակայն կ՛ուզենք բաւականանալ վերոյիշեալներով, իսկ իբրեւ «մանր յաւելուած»` կանգ առնել գոնէ երկու կէտի վրայ:

Առաջինը` մեր կեանքին մէջ արեւելահայերէնին ու արեւմտահայերէնի ներկայութեան հարցն է. շատեր կը պատրուակեն, թէ զոյգ ճիւղերը արգելակ կամ խոչընդոտ կը կանգնին նոր սերունդներու մայրենիին ծանօթացման ու գործածութեան, միչդեռ սա մեր դարաւոր հարստութիւններէն մէկն է եւ` դիւրաւ լուծելի հարց:

Իսկ երկրորդը` դասական ուղղագրութիւնը իբրեւ միասնական ձեւ վերականգնելու հրամայականն է: Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ասդին` այս մասին շատ մելան հոսած է, դասականին վերականգնումի անհրաժեշտութիւնը փաստարկուած է, իսկ այս վէրքին բուժման յետաձգումը պիտի նշանակէ նոր դժուարութեանց կուտակում, մանաւանդ երբ կը թեւակոխենք թուայնացեալ մշակոյթի դարաշրջանը:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail