03 ՄԱՐՏ 2016
Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
Մարտ 3-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ ժոովուրդի աշխարհահռչակ զաւակներէն Ալեքսանդր Մանթաշեանցի, որ ռուսականացուած իր Մանթաշով անունը հոմանիշ դարձուց ոչ միայն հայ գործարարութեան նուաճած հսկայական ու անմրցելի հարստութեան, այլեւ՝ հայ ունեւորներու ազգային եւ մարդասիրական օրինակելի բարեգործութեան։
Ալ. Մանթաշով լոյս աշխարհ եկաւ 3 Մարտ 1842-ին, Թիֆլիս։ Միակ որդին էր ունեւոր հայ ընտանիքի մը՝ Մանթաշեանցներուն։
Ոչինչէն ճամբայ ելած եւ գործարարի տաղանդով տնտեսական հարստութիւն դիզած տիպարներու փաղանգին չի պատկանիր Ալեքսանդր Մանթաշեանց։ Հայրը՝ Յովհաննէսը (Իվանը) բամպակի եւ հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստին մէջ յաջողած գործարար մըն էր եւ իր աշխատանքին կեդրոն ընտրած էր Թաւրիզը, ուր եւ Ալեքսանդր անցուց իր մանկութեան տարիները։
Հազիւ պատանեկութենէն դուրս եկած՝ ան միացաւ հօր գործին եւ դրսեւորեց ձեռներէց գործարարի բացառիկ ընդունակութիւններ։ Արագօրէն ընդլայնեց ընտանեկան գործին սահմաններն ու տարողութիւնը եւ 1869-ին տեղափոխուեցաւ անգլիական Մանչեսթըր քաղաքը, որ այդ ժամանակաշրջանին կը հանդիսանար աշխարհի բամպակի եւ հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստին մայրաքաղաքը եւ հռչակուած էր «Բամպակաքաղաք» անունով։
Մանչեսթըր հաստատուելու Ալեքսանդր Մանթաշեանցի գործարարական սկզբնական նպատակը պարզ էր.- Հիւսուածեղէնի արտադրանքը մեծաքանակ գնել եւ բեռնատար նաւով ղրկել հօրը՝ Թաւրիզ, ուրկէ անգլիական որակաւոր ապրանքները շուտով պիտի ողողէին ամբողջ Անդրկովկասը՝ կուտակելով Մանթաշովներու հարստութիւնը։
Բայց Մանչեսթըրի մէջ երիտասարդ Ալեքսանդրի ապրած 4-5 տարիները այդքանով չսահմանափակուեցան։ Ընդհակառակն՝ ուսումնատենչ եւ լայն հորիզոնի տէր անհատականութիւն մը ըլլալով, Ալեքսանդր Մանթաշով ամբողջապէս փարեցաւ անգլիական մշակոյթին։ Հմտացաւ ու տիրապետեց նաեւ անգլերէն, ֆրանսերէն ու գերմաներէն լեզուներուն։ Մասնագիտացաւ ոչ միայն հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստի նորագոյն գիւտարարութեանց, այլեւ՝ առեւտուրի եւրոպական գործարարութեան նորամուծութիւններուն մէջ։
Մանչեսթըր-Թաւրիզ առանցքի շուրջ Մանթաշեաններու ընդլայնած գործարարական հարստութիւնը արագօրէն ծաղկում ապրեցաւ եւ հայր ու որդի որոշեցին 1872-ին վերադառնալ իրենց ծննդավայրը՝ Թիֆլիս, ուր Երեւանեան Հրապարակի վրայ գտնուող «Կովկաս» պանդոկի առաջին յարկը վերածեցին հիւսուածեղէնի վաճառատան։ Գործը յաջող էր եւ Մանթաշովները շուտով նոյնանման վաճառատուներու շղթայ մը ստեղծեցին Թիֆլիսի մէջ։ Միաժամանակ ձեռնամուխ եղան ոչ միայն հիւսուածեղէնի մեծաքանական առեւտուրին, այլեւ՝ Անդրկովկասի մայրաքաղաքին նորաստեղծ ելեւմտական (ֆինանսական) շուկային մէջ ներդրումներու եւ նորաստեղծ գործարարութեանց մէջ բաժնեթուղթերու գնման։
1887-ին հայր Մանթաշով մահացաւ եւ 45ամեայ Ալեքսանդրը մեծ ոստում մը կատարեց դրամտանային շուկային մէջ՝ Թիֆլիսի Առեւտրական Կեդրոնական Դրամատան բաժնեթուղթերու մեծ մասը գնելով եւ շուտով դրամատան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ստանձնելով։ Իր օրին դրամատունը եւրոպական տարողութեամբ մեծ գործառնութիւններ իրականացուց եւ դրամատան բաժնետոմսերը լայն ժողովրդականութիւն գտան Ս. Փեթերսպուրկի կայսերական սակարանի ելեւմտական շուկային մէջ։ 1890-ականներուն Ալեքսանդր Մանթաշեան արդէն դարձած էր Թիֆլիսի թիւ 1 գործարարը եւ արժանացած էր Թիֆլիսի Պետական Դումայի Խօսնակի պաշտօնին։
Այդ բոլոր յաջողութիւնները ինքնին փայլուն, տպաւորիչ եւ մեծապէս եկամտաբեր ըլլալով հանդերձ, խորքին մէջ միայն նախերգանքն էին այն հսկայածաւալ հարստութեան, որ նուաճուեցաւ Ալեքսանդր Մանթաշեանի կողմէ իր կեանքի վերջին քսանամեակին, երբ ան յաղթաքայլ մուտք գործեց եւ ինքնավստահ յառաջացաւ Պաքուի նաւթարդիւնաբերական նորաստեղծ շուկայէն ներս։
Շուտով՝ նաւթարդիւնաբերութեան աշխարհէն ներս Մանթաշեան նուաճեց արագընթաց վերելք։ 1892-էն սկսեալ, երբ հայ մէկ այլ յաջողակ գործարարի մը՝ Միքայէլ Արամեանցի հետ բաժնեկցութեամբ անոնք Պաքուի մէջ նաւթահորեր գնեցին եւ ձեռնամուխ եղան սեւ ոսկիի արդիւնաբերութեան ու ճարտարարուեստին, Ալեքսանդր Մանթաշեանց ոչ թէ քայլ առ քայլ, այլ յանդուգն ոստումներով բարձրացաւ 19րդ դարավերջի նաւթարդիւնաբերական Հսկաներու սանդուխէն վեր։
Ինչպէս որ հետագային իր կենսագիրներէն եւ երկար տարիներու գլխաւոր հաշուապահներէն մէկը պիտի վկայէր, Մանթաշով ամբողջապէս պատրաստուած էր միայն նաւթահորերու արդիւնահանման վրայ չհիմնելու իր գործարարութիւնը, այլեւ՝ նաւթի փոխադրութեան խողովակաշար կառուցելու, նաւթատար մեծ փոխադրանաւեր գնելու, Անգլիայէն մինչեւ Հնդկաստան ու Չինաստան նաւահանգիստ քաղաքներու մէջ իր մասնաճիւղ-գրասենեակները բանալու եւ, Ռոչիլտի ու Նոպէլի օրինակով, ժամանակի «սեւ ոսկի»ի մեծահարուստներուն հետ գործարքներ կնքելու ձեռներէցութեան։
Ան անձամբ կը վաւերացնէր իր շուրջ հաւաքած մասնագէտներուն առաջարկած գործարարական ամէն ընդարձակման քայլ՝ հայերէն «Աստուծմով» մակագրութիւնը դնելով իր հաւանութեան արժանացած ծրագիրներուն տակ…
«Ա.Յ.Մանթաշեւ եւ Ընկ.» անունով աշխարհահռչակ իր գործարարական «կայսրութիւնը» օրին կը գնահատուէր 22 միլիոն ռուպլիի անշարժ հարստութեամբ։ Յիշատակելի է նաեւ այդ շրջանի մէկ մանրամասնութիւնը, որ կը վերաբերի 1896-ին Եգիպտոսի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեանի հետ Մանթաշեանցի հանդիպման ու գործակցութեան.-
Համիտեան կոտորածներէն խոյս տուած ու Եգիպտոս հաստատուած Կիւլպէնկեանին ի նպաստ՝ անգլիացի նաւթատէրերուն մօտ բարեխօսութիւն կատարած է Մանթաշով։ Այդպէ՛ս, հայ երկու մեծանուն գործարարներուն միջեւ երկարամեայ գործակցութեան մը հիմը դրուած է։
Գործարարական իր եռուն կեանքի ամբողջ ընթացքին Ալեքսանդր Մանթաշեանց կարեւորութեամբ եւ հետեւողականօրէն տէր կանգնեցաւ հայ ազգային բարերարի իր կոչումին եւ ներքին ձայնին։
Թիֆլիսեան տարիներուն հիմնեց ու նախագահեց «Կովկասի Հայոց Բարեսիրական Ընկերութիւն»ը։ Իշխանական իր նուիրատուութեամբ կառուցուեցաւ ու մատակարարուեցաւ Թիֆլիսի Ներսիսեան հոգեւոր դպրոցը։ Նոյնքան հսկայական նուիրատուութեամբ հովանաւորեց Ս.Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համալիրի վերակառուցումը, որ աւարտեցաւ 1914-ին։
Իր մեկենասութեամբ կառուցուած է նաեւ Փարիզի Ս.Յովհաննու Մկրտիչ Եկեղեցին։ Անկրկնելի բարեգործութիւն է, մանաւանդ, Մանթաշեանցի մեկենասութեամբ աւելի քան երկու հարիւր արժանաւոր հայ երիտասարդներուն տրամադրուած կրթաթոշակը՝ ուսանելու համար ռուսական եւ եւրոպական լաւագոյն համալսարաններուն մէջ։ Անոնց շարքին՝ անզուգական Կոմիտասը։
Ալեքսանդր Մանթաշեանց մահացաւ 1911-ի Ապրիլ 19-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ եւ ազգային հանդիսաշուք յուղարկաւորութեամբ թաղուեցաւ Թիֆլիս։
Իր իմաստուն խորհուրդներուն շարքին են՝
– «Ով կոպէկը գետնից չի բարձրացնում, նա ինքը կոպէկ չ՚արժի։
– «Ուղտապանի հետ բարեկամանալիս, դուռդ մեծ պիտի շինես»։
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com