Ռուստամեան. «Մեր Այսօրուան «Այո»-ն Մեր Հետեւողական «Ոչ»-ն Է 95 Թուականի Հակաժողովրդական Սահմանադրութեանը»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ժամուն զրուցելով լրագրողներուն հետ յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ նոր սահմանադրական կարգի ընդունումը նոր էջ պիտի բանայ Հայաստանի համընդհանուր զարգացման համար` հիմը դնելով ժողովուրդի կամքի գործադրութեան նոր, արդիական պետական համակարգի: Ըստ անոր, ատիկա պիտի փոխէ սպառած եւ վարկաբեկուած գործող պետական կառավարման ձեւը եւ քաղաքական-իրաւական վարչակարգը:

«Մենք այս համոզումը ունեցած ենք Հայաստանի անկախացումէն ի վեր: Մենք վստահ էինք, որ 1991-էն 1995-ին հաստատուած սահմանադրա-օրէնսդրական կարգը հակաժողովրդավարական էր եւ ունենալու էր այս ծանր հետեւանքները: Նախագահի պաշտօնը ներդրուած էր արդէն 1991-էն, երբ Հայաստանը տակաւին սահմանադրութիւն չունէր: Իսկ ինչպէս մարդկութեան փորձը կը փաստէ, սահմանադրութեան եւ անոր վրայ հիմնուած օրէնսդրութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ որեւէ երկրի մէջ պետական կառավարման նախագահական ձեւը անխուսափելիօրէն կ՛առաջնորդէ բռնապետութեան, որուն հայ ժողովուրդը եւս համոզուեցաւ իր սեփական փորձով», յայտնած է ան:

Ըստ անոր, 1995-ին ընդունուած սահմանադրութիւնը սոսկ իրաւաբանական ուժ եւ շունչ հաղորդեց արդէն հաստատուած հակաժողովրդական վարչակարգին: «Դաշնակցութիւնը այդ օրերուն չկրցաւ այդ բոլոր վտանգներուն մասին մեր ժողովուրդին լիարժէք տեղեկացնել եւ կանխել այդպիսի սահմանադրութեան մը ընդունումը, որովհետեւ կուսակցութեան գործունէութիւնը հանրաքուէէն առաջ արգիլուեցաւ, իսկ կուսակցութեան անդամներուն մէկ մասը բանտարկուեցաւ նոյն այդ վարչակարգին կողմէ: «Ոչ»-ի համարժէք ճակատ ձեւաւորելու մասին նոյնիսկ խօսիլ կարելի չէր, ալ ուր մնաց` խօսէինք այդ սահմանադրութեան օրինականութեան մասին:

«Հիմա Դաշնակցութիւնը, ըստ էութեան, կը կատարէ այն, ինչ որ չյաջողեցաւ ընել 1991-էն 1995 թուականներուն: Մեր այսօրուան «այո»-ն, ըստ էութեան, մեր հետեւողական «ոչ»-ն է 1995 թուականի` այդ հակաժողովրդական սահմանադրութեան: Որովհետեւ ակնյայտ է, որ հակաժողովրդավարական իրաւաքաղաքական վարչակարգի հիմնադրման պատճառով մեր երկրին շեղումը ժողովրդավարութենէն չի կրնար վերացուիլ այլ ձեւով, քան նոյն այդ վարչակարգը արմատախիլ ընելու միջոցով: Ինծի համար անընդունելի, բայց հասկնալի է, որ այդ վարչակարգի ներկայացուցիչները, որ ժամանակին «այո» ըսած են առաջին սահմանադրութեան, հիմա «ոչ» պիտի ըսեն, հակառակ պարագային` ստիպուած պիտի ըլլան ընդունիլ իրենց հիասթափութիւնը», դիտել տուած է Արմէն Ռուստամեան:

Ան անհասկնալի նկատած է կեցուածքը անոնց, որոնք բազմիցս յայտարարած եւ նպատակադրած են անցնիլ խորհրդարանական համակարգի, համամասնական ընտրակարգի եւ մեծցնել ընդդիմութեան դերակատարութիւնը, սակայն այսօր դէմ կ՛արտայայտուին: «Դէմ են միայն այն պատճառով, որ նախաձեռնութիւնը կու գայ նախագահէն, ոչ թէ իրենցմէ: Ուրեմն ժամանակին կա՛մ չեն հասկցած, թէ ինչ կը պահանջեն, կա՛մ չեն ենթադրած, որ կրնայ ըլլալ իրենց պահանջը բաւարարուի: Ուստի, պարոնայք, զգուշացէք ձեր պահանջներէն եւ նպատակներէն, որովհետեւ վտանգ կայ, որ անոնք օր մը կատարուին», եզրափակած է Ռուստամեան:

www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail