Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի Երկիրները Հըզպալլան «Ահաբեկչական» Նկատող Որոշում Մը Որդեգրեցին

03 ՄԱՐՏ 2016
Arab-League_aztag
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զայանի յայտարարեց, որ խորհուրդը որոշած է Հըզպալլան, իր բոլոր ղեկավարներով, թեւերով եւ անոր առնչուած կազմակերպութիւններով միատեղ նկատել «ահաբեկչական կազմակերպութիւն»` նշելով. «Խորհուրդի անդամ երկիրները այս որոշումը որդեգրեցին այդ միլիսի անդամներուն` ահաբեկչական արարքներ գործելու համար Ծոցի երկիրներու երիտասարդները զինուորագրելուն, զէնքերու եւ պայթուցիկ նիւթերու մաքսանենգման, սադրանք հրահրելուն, քաոս ու բռնարարքներ գրգռելու, իրենց գերիշխանութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան բացայայտ բռնաբարում եղող արարքներուն իբրեւ հետեւանք»:

Հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ. «Համագործակցութեան խորհուրդի երկիրները խորհուրդի անդամ երկիրներուն մէջ Հըզպալլայի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Եմէնի եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչական ու գրգռիչ արարքները կը նկատեն բարոյականութեան, մարդկայնականութեան եւ միջազգային օրէնքին հակասող, ինչպէս նաեւ արաբական ազգային անվտանգութեան սպառնալիք մը»:

«Նկատի ունենալով այդ միլիսներուն ահաբեկչական գործունէութիւնները` խորհուրդի անդամ երկիրները որոշեցին զայն նկատել ահաբեկչական կազմակերպութիւն, եւ իրենց որոշումը գործադրելու համար անհրաժեշտ միջոցառումները պիտի որդեգրուին` հիմնուելով խորհուրդի անդամ երկիրներուն մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ օրէնքներուն  եւ միջազգային նոյնպիսի օրէնքներու վրայ»:

Քուէյթի խորհրդարանը յայտարարեց. «Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի որոշումէն ետք, «Թուիթըր»-ի վրայ կամ այլուր «ահաբեկչական» Հըզպալլայի աջակցութեան կամ համակրութեան որեւէ արտայայտութիւն կը նկատուի քրէական յանցանք` ելեկտրոնային ոճիրներու օրէնքին հիմամբ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած որոշումը: Նախարարութեան բանբեր Մուրթատա Սարմատի ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «այդ որոշումը անպատասխանատու որոշում է»` նշելով. «Շրջանին մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները արդէն ծանօթ են բոլորին»:

«Հըզպալլան իսրայէլեան էութեան դէմ դիմադրութիւն կատարող կուսակցութիւն է», ըսաւ ան` նշելով, որ զայն ահաբեկչական նկատելու որոշումին որդեգրումը կատարուած է դիմադրութեան դէմ դաւադրութեան պայմաններուն մէջ եւ Իսրայէլի մատուցուած ծառայութիւն մըն է:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Հըզպալլան ահաբեկչական նկատող Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին որոշումը:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ցիփի Լիվնի յայտարարեց. «Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելը կարեւոր եւ ճշգրիտ հարց մըն է»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail