«Իսլամական պետութեան» ոճիրները ցեղասպանութիւն որակելու Քոնկրեսի բանաձեւին մէջ հայերու պարագան եւս կը նշուի

03 ՄԱՐՏ 2016
kongresi panadsev
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Մարտ 2ին վաւերացուցած է քրիստոնեայ եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան ոճիրները ցեղասպանութիւն որակող թիւ 75 բանաձեւը, որուն մէջ ներառնուած են նաեւ հայերու դէմ ոճիրներն ու հալածանքը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը՝ միաժամանակ կոչ ընելով Քոնկրեսին, որ նմանապէս վաւերացնէ բանաձեւը, իսկ նախագահ Պարաք Օպամային՝ որ ստորագրէ զայն։

Մարտ 2ին կայացած Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ժողովին բացումը կատարելով՝ ատենապետ Էտ Ռոյս կոչ ըրած է քոնկրեսականներուն, որ վաւերացնեն զայն, իսկ անոր երկրորդած է քոնկրեսական Տէյվիտ Թրաթը, որ իր խօսքին մէջ նշած է, թէ անցեալ տարի Հայաստան այցելելով՝ ինք ականատես եղած է այն իրողութեան, որ ցեղասպանութեան մը անտեսումը ի՞նչ վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։

«Ցարդ չենք կրցած ապահովել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ այդ պատճառով ալ կոչ կ՛ընեմ իմ պաշտօնակիցներուս, որ այս պարագային նոյն սխալը չկրկնեն», ըսած է Թրաթ։

Նշենք, որ բանաձեւը առաջ կը մղուի քոնկրեսականներ Ճեֆ Ֆորթընպերիի եւ Աննա Իշուի կողմէ, եւ ցարդ ունի աւելի քան 200 հովանաւոր։

Հայ եւ ասորի նախնիներու զաւակը հանդիսացող Աննա Իշու բացատրած է, թէ բանաձեւը յոյժ կարեւոր է իրեն համար, որովհետեւ այս օրերուն ականատես կը դառնայ իր ընտանիքի պատմութեան կրկնութեան, ապա աւելցուցած է, թէ բանաձեւը պէտք է արագօրէն վաւերացուի, որովհետեւ ապագայ սերունդները պէտք չէ ըսեն, որ ներկայ Քոնկրեսը ձեռնածալ մնացած է այս ոճիրներուն դիմաց։

Այս բանաձեւին նեցուկ կանգնելու համար, ձեր շրջանի քոնկրեսականին կարելի է դիմել՝ այցելելով http://cqrcengage.com/anca/app/onestep-write-a-letter?3&engagementId=133373 կայքէջը։

Նման բանաձեւ մը պատրաստուած է ծերակուտական Պիլ Քեսըտիի կողմէ. Ծերակոյտին մէջ անիկա ցարդ ունի 11 համահովանաւորներ։

Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը կասեցնելու նպատակով, նախագահ Պարաք Օպամային կոչ ընող արշաւ մը սկսած է «Քոլոմպոսի Ասպետներ» կազմակերպութեան կողմէ։ Ստորագրահաւաքը ցարդ ապահոված է աւելի քան 42,000 ստորագրութիւն։ Անոր միանալու համար, այցելել www.stopthechristiangenocide.org կայքը։

Asbarez.com
http://akunq.net

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail