16 սեպտեմբեր 2015
Արցախի անկախ հանրապետութիւնը 24 տարեկան է: Երիտասարդ մեր հայրենիքը տարուէ տարի կը նուաճէ ռազմաքաղաքական, տնտեսական, մշակութային ձեռքբերումներ: Արցախի սահմանը ազերիական յաճախակի ոտնձգութիւններուն դիմաց ամրակուռ վահանի վերածած արցախեան բանակի հերոսներուն մարտունակութիւնը, ԵԱՀԿ Մինսքի կարգ մը համանախագահներուն մերթ ընդ մերթ Արցախին ի նպաստ յայտարարութիւնները, միջազգային գետնի վրայ Արցախի պետական ներկայացուցիչներուն քաղաքական հանդիպումները, երկրին դէպի ժողովրդավարական կայուն համակարգ սրընթաց յառաջացումն ու Արցախի միջազգային ճանաչման ի նպաստ տարուող աշխատանքները ցուցանիշներ են Արցախի ազատ, անկախ հանրապետութեան կարգավիճակի յստակ դրուածքին, հակառակորդը ընդունի զայն թէ ոչ:
Հայրենի հողին վրայ ազատ ապրելու մեր իրաւուն-քը արեան գնով, ամբողջական հայրենիքի տեսլականով ու նորահաս սերունդներուն հզօր ու ծաղկուն երկիր պարգեւելու հեռանկարով ձեռք բերին քաջարի հայ հերոսները, Արցախի կայացման նուիրուած պետական այրերն ու ողջ հայութիւնը:
Այսօր հայրենի հողը անխորտակելի պահելու, համայն հայութեան տնտեսական կարելիութիւններն ու քաղաքական, քարոզչական լծակները Արցախի զարգացման ու միջազգային ճանաչման ծառայեցնելու, բայց մանաւանդ Հայաստանի անվտանգութեան հսկող Արցախ աշխարհը հայութեամբ վերաբնակեցնելու մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք ազգովին:
Վերաբնակեցման ծրագիրները ողջունելի, սակայն անբաւարար կը թուին ըլլալ: Հայրենիքը իր զաւակներո՛վ կը զօրանայ, ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցիկ ուժի կը վերածուի:
Այս պահուն պատմական առիթ ընձեռուած է յատկապէս դէպի Արցախ ուղղելու Միջին Արեւելքէն գաղթող հայութիւնը:
Երբ գերպետութիւններ, թէկուզ` քաղաքական նպատակներով եւ գաղթականները իբրեւ քաղաքական լծակ օգտագործելու հեռանկարով, իրենց դռները լայն կը բանան սուրիացի գաղթականներուն դիմաց եւ զանոնք կը նկատեն տնտեսութիւնը թարմացնող ուժ (հակառակ իրենց տնտեսական հսկայ կարելիութիւններուն), բնակչութեան երիտասարդ տարրի յաւելման նպաստող գործօն (հակառակ տուեալ երկիրներու մեծաթիւ բնակչութեան), Արցախ աշխարհը աւելի քան իրաւունք ունի ներգրաւելու գաղթի ուղին բռնած հայկական այն մարդուժը, որ աշխատունակ է եւ հայրենասէր, սակայն ապրելու, գոյատեւելու եւ արդիւնաբերելու համար արդիւնաւէտ գործընթացներու, կենսական պայմաններու կը կարօտի: Պայմաններ, որոնք պիտի ստեղծուին պետութեան նախաձեռնութեամբ ու ընթացք առնեն սփիւռքահայ տարբեր կողմերու աջակցութեամբ:
Հայրենիքի կանչին առընթեր, էական է նաեւ, որ գաղթի ճամբան բռնած հայորդիներ օտար երկիրներու նիւթական ժամանակաւոր հմայքներով տարուելու փոխարէն` կայք հաստատեն հայրենի հողին վրայ` ազատ հայրենիքի մէջ ունենալով թէկուզ համեստ, բայց մնայուն ապաստան:
Ազերիական ոտնձգութիւնները որքան ալ ռազմական նպատակներ ունենան կամ հայկական տարածքներ վերագրաւելու քարոզչական ներքին սպառման ուղղուած ըլլան, անպայման որ շրջանը անկայուն պահելով` վերաբնակեցման ծրագիրները խափանելու կը ծառայեն:
Վերաբնակեցման շարունակական ծրագիրներու որդեգրումը խափանարար նման փորձերուն հատու պատասխանը պիտի խորհրդանշէ` պահպանելու ու հզօրացնելու մեր անառիկ ամրոցը:
http://www.aztagdaily.com