Վերջին տասնամեակներուն, մերձաւորարեւելեան իրադարձութիւններու զարգացման զուգընթաց, յաճախի դարձած են մեկնաբանութիւնները անկախ Քիւրտիստան պետութեան ձեւաւորման վերաբերեալ: Ընդ որուն, ամէն անգամ, լռութեան կը մատնուին Հայկական Հարցի վերջնական կարգաւորման եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու իրականացման խնդիրները Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ:
Tert.am- ի հետ զրոյցի ընթացքին, այն հարցին, թէ արդեօ՞ք կայ դեռ հնարաւորութիւն վերադարձնելու Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութիւնները, թէ ամէն ինչ կորսուած է, Մոտեսդ Քոլերովը ընդգծած է. «Կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ լաւ յարաբերութիւնները կրնան վերադառնալ այն ժամանակ, երբ ներկայ Թուրքիան այլեւս չըլլայ, ըլլայ անկախ Քիւրտիստան, որ օրինակ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը այլեւս ըլլայ Հայաստանի եւ անկախ Քիւրտիստանի սահման» (1):
Պէտք է նշել, որ այս մօտեցումը նոր չէ եւ նոյնիսկ ռուսական չէ, անիկա այլ աւելի շուտ արեւմտեան է: Յիշեցնենք, որ դեռ 2006-ին ԱՄՆ Զինուած ուժերու բարձրաստիճան պաշտօնաթող սպայ Ռալֆ Փիթըրսը յօդուածի մը մէջ կը գրէր անկախ Քիւրտիստանի ստեղծման ծրագիրներու մասին (2):
Այս հարցերու հետ կապուած գոյութիւն ունի երկու հիմնական խնդիր.
ա) Միջազգային ընտանիքի հիմնական դերակատարները մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի շրջանցել Հայկական Հարցը եւ, ըստ այդմ, մինչեւ ե՞րբ պիտի անտեսեն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ու իրականացման խնդիրները:
բ) Եւ ի՞նչ պիտի փոխուի, երբ Թուրքիոյ Հանրապետութեան փոխարինելու գայ անկախ Քիւրտիստանը, սահմանակից դառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան:
Նախապէս զգուշացնենք, որ երկու հարցադրումներն ալ զուտ տարածաշրջանային (ռեկեոնալ) նշանակութիւն չունին, այլ աւելի մեծ ընդգրկում, տարածաշրջանայինէն ընդհուպ մինչեւ համաշխարհային քաղաքակրթական նշանակութեան: Ներկայացնենք, թէ ինչու:
Ժամանակակից վերլուծաբաններն ու փորձագէտները, միջազգային վերլուծական ու փորձագիտական կեդրոնները, յաճախ կը շարունակեն շրջանցել ու անտեսել խնդիրներու իրական լուծումները, պարբերաբար իբրեւ դեղամիջոց առաջարկելով տարբերակներ, որոնք կը յիշեցնեն բրիտանական դիւանագիտական դպրոցի անցած ճանապարհը, որուն բնորոշիչ գնահատականը ժամանակին տուած է Լորտ Շերպրուգը` նկատելով, որ անգլիական քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ քրիստոնեաներու համար «կը փակէր դժոխքէն դուրս գալու ելքը» (3):
Ներկայիս օրինակ Մեծ Բրիտանիայի խորհրդարանին մէջ կը քննարկեն եզտիներու կոտորածներու եւ բռնագաղթի խնդիրները (4): Աւելի քան 130 տարի առաջ անոնք շրջանառութեան մէջ դրին քիւրտական հարց հասկացողութիւնը (5): Վաղը վստահաբար պիտի խօսին տարածաշրջանին մէջ ապրող մէկ այլ ժողովուրդի կենսական խնդիրներէն, յամառօրէն անտեսելով այն ակնառու իրողութիւնը, որ տարածաշրջանի ու այնտեղ ապրող բոլոր ժողովուրդներու խնդիրներու կարգաւորումը կը սկսի Հայկական Հարցի լուծումէն, որմէ միշտ կը փորձեն խոյս տալ մարդու իրաւունքներու հին ու նոր պաշտպանները:
Պատասխանելով մեր հնչեցուցած առաջին հարցադրման նշենք, որ Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներու կարգաւորման բանալին Հայկական Հարցի վերջնական լուծումն է, հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին տրուած այն բոլոր իրաւունքներու իրականացմամբ, որոնց վերաբերեալ որոշումներ ընդունուած են ու պայմանագիր ստորագրուած 1918-1920թթ., ներառեալ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մասով, որուն չորս մարզերը ուղղակի նշուած են Սեւրի Խաղաղութեան պայմանագրին մէջ:
Չեն գիտեր ի՞նչ ընել Արեւմտեան Հայաստանի հետ. Եւրոխորհրդարանի ոչ իրաւաչափ եւ ապօրինի որոշում կը կայացնեն 1987-ին` իբրեւ «Հայկական հարցի քաղաքական լուծման մասին» բանաձեւ, պատուերով յօդուածներ կ՝իջեցնեն` ինչպէս Ռալֆ Փիթըրսի վերոյիշեալ հրապարակումն է, մեր յիշողութիւնը խաթարելու համար պատմութեան կեղծարարներու միջոցով Արեւմտեան Հայաստանը կը ներկայացնեն` իբրեւ Արեւելեան Անատոլիա, մեր իրաւունքներէն մեր «կամաւոր հրաժարումը» ապահովելու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութիւն – Թուրքիոյ Հանրապետութիւն Արձանագրութիւններ հրապարակ կը բերեն…
Սակայն, Արեւելեան Անատոլիա գոյութիւն չունի, ատիկա Արեւմտեան Հայաստանն է, որուն իրաւատէրը շուրջ 30-ամեայ (1894-1923) կոտորածներու, ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի ենթարկուելու հետեւանքով սփռուած է աշխարհով մէկ, թէեւ կամաց-կամաց, իբրեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայ, կը վերադառնայ իր ինքնութեան: Ատոր տրամաբանական շարունակութիւնն է 2011 Փետրուար 4-ին Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացին հռչակումը այժմ` Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւն, վարչապետ` Տիգրան Փաշաբեզեան, իսկ պետականաստեղծ գործընթացի ամփոփումը` 2014 Յունուար 18-21 Փարիզի մէջ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) ձեւաւորումը, նախագահ` Արմէն Տէր-Սարգսեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, նախագահ` Արմենակ Աբրահամեան:
Ուստի, տարածաշրջանային խնդիրներու կարգաւորումը կրնայ իրականութիւն դառնալ այն բանէն յետոյ միայն, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանակից դառնայ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան պետութիւն):
Այդ ամէնը մանրամասն ներկայացուած է «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական-քաղաքական միասնական փաթեթ»-ին մէջ, որ, ի դէպ, վերջերս թարգմանուեցաւ նաեւ ռուսերէն եւ անգլերէն, ընթացքի մէջ է ժողովածուի ֆրանսերէն թարգմանութիւնն ու տպագրութիւնը (6):
Աւազի վրայ տուն չեն կառուցեր, աւելին` խաղաղութիւն չեն կառուցեր: Եւ վաղուց ժամանակն է հրաժարիլ հայ ժողովուրդի իրաւունքները շրջանցելու եւ անտեսելու անհեռանկար գործելաոճէն: Պատմութիւնը կը փաստագրէ ու ցոյց կու տայ, որ բրիտանական հետախոյզ Լոուրենս Արաբացիի 1919-ին առաջադրած մարտավարութեամբ առաջնորդուիլը ոչ մէկ լաւ բանի չի յանգեցներ, առաջին հերթին, ատոր իրականացնողներու եւ ապա նաեւ մասնակիցներու ու այլ ժողովուրդներու համար նոյնպէս (7):
Պատասխանելով մեր հնչեցուցած երկրորդ հարցադրման նշենք, որ տարածաշրջանի քաղաքակրթական խանգարումը` խցանումը, ընդհանրապէս, իսկ Հայկական լեռնաշխարհինը, մասնաւորապէս, սկսած է տարածաշրջանին մէջ թրքական պետութեան գոյացմամբ եւ ատիկա այլ պետութեամբ մը փոխարինելը, ներառեալ` քրտական կամ այլ…, հայկականէն զատ, պիտի չյանգեցնէ տարածաշրջանի քաղաքակրթական առողջացման զարգացման, ներառեալ` համաշխարհային քաղաքակրթական առաջընթացի ու ապագայի իմաստով նաեւ:
Հաստատագրենք, որ Լոուրենս Արաբացիի առաջարկած ռազմավարութիւնը, այն է` «…Հայաստանը պէտք է բաժանման ենթարկուի: Բուն երկիրը, ուր բնական հարստութիւններն են, պէտք է անջատուի առաջամասէն, ուր ոչինչ կայ բացի հայերէն: Ամերիկեան իրաւագիրը պէտք է լոկ հայերու վրայ ըլլայ: Ուրիշ դաշնակից մը, ոչ թէ բրիտանացիք, այլ ուրիշ մը` հաւասարաչափ գործնական տէրութիւն պէտք է ստանայ Հայաստանը», խիստ բացասական ազդեցութիւն գործած է ոչ միայն տարածաշրջանի, այլեւ համաշխարհային քաղաքակրթական ընթացքի վրայ, անընդմէջ խոչընդոտելով ու արգելափակելով անոնց զարգացումը:
Այստեղ եւս լուծումը մէկն է, ատիկա հայ ժողովուրդի իրաւունքներու իրականացման ու հաստատման ուղին է, որուն իբրեւ արդիւնք Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանակից պիտի դառնայ այն Հայաստանը, որուն վերաբերեալ կարեւոր որոշումներ կայացուցին եւ Ռուսաստանի Կառավարութիւնը` 1918-ին, եւ Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովի մասնակից պետութիւնները` 1919-1920թթ., եւ ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուոտրօ Ուիլսընը` 1920-ին (8): Անկէ ետք միայն պիտի լուծուին շատ ու շատ խնդիրներ, շատ կողմերու համար, ներառեալ եւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման իմաստով:
Ասոնք էին, որ կ՝ուզէինք նշել իբրեւ իրաւական-քաղաքական հիմնարար փաստարկներ Մոտեսթ Գոլերովի դիտարկման, փորձելով օգնել անոր եւ այլ յայտնի փորձագէտներու եւ վերլուծաբաններու, ինչպէս նաեւ շարք մը վստահելի վերլուծական ու փորձագիտական կեդրոններու, զգոյշ մնալու հին սխալներու կրկնութենէ, որոնց հետեւանքով առաջացած ու զարգացած ներկայի ռազմաքաղական ճգնաժամը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ըստ էութեան, համաշխարհային քաղաքակրթական ճգնաժամը, որ կարելի է բնութագրել նաեւ իբրեւ քաղաքակրթական ազատ անկում:
Բարեբախտաբար, անկումէն խուսափելու բոլոր հնարաւորութիւններն ու նախադրեալները կան եւ անոնք ամփոփուած են Հայաստանի նկատմամբ հայերու իրաւունքներու իրականացման որոշումներուն ու պայմանագրերուն մէջ: Պէտք է պարզապէս միասնական կամքով ու համաձայնութեամբ կեանքի կոչել եւ իրականացնել զանոնք:
Տիգրան Փաշաբեզեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ
16.02.2016 թ.
PDF21. Ռուս-թրքական յարաբերութիւնները կրնան լաւանալ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանակից դառնայ Հայաստանը-արեւմտահայերեն
———————
Ծանօթագրութիւն
1.«Ռուս-թրքական յարաբերութիւնները կրնան լաւանալ, երբ Հայաստանին սահմանակից դառնայ անկախ Քիւրտիստանը». Մոտեսթ Գոլերով, Tert.am, 15.02.2016, http://www.tert.am/am/news/2016/02/15/kolerov/1931154:
2Ռալֆ Փիթըրս, «Մերձաւոր Արեւելքի նոր քարտէզը` ըստ արիւնակցական կապերու եւ հաւատի նմանութիւններու», (թարգմանութիւնը եւ նախաբանը «Ազգ» օրաթերթի, 25.08.2006:
3. Լորտ Շերպրուգի պատկերաւոր արտայայտութեամբ, անգլիական քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ քրիստոնեաներուն համար «կը փակէր դժոխքէն դուրս գալու ելքը»: (Հայկական սովետական հանրագիտարան, Երեւան, 1976, հ. 2, էջ 401-402)
4. Եզդիների հարցը Մեծ Բրիտանիայի խորհրդարանում, «նոյեան Տապան Lրատուական գործակալութիւն, 15.02.2016:
5. Րաֆֆի, Քրտական միութիւն: Առաջին անգամ տպագրուած Է «Մշակում» Մելիքզատէ ստորագրութեամբ (Թիֆլիս, 1880), այնուհետեւ տեղ գտած է Աննա Րաֆֆիի կազմած «Տաճկահայք»-ի մէջ (Թիֆլիս, 1895 եւ Վիեննա, 1913): Յետագային դուրս մնացած է Րաֆֆիի երկերու ժողովածուի հրատարակութիւններէն: Կ՝արտատպուի «Մշակ»-էն, 1880, N- 167, 168:
6. «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական-քաղաքական միասնական փաթեթ», «Նոյեան Տապան» հրտ., հայերէն եւ ռուսերէն օրինակներ` 2015, անգլերէն օրինակ` 2016, http://nt.am/am/ourpublication/9/:
7. Լոուրենս Արաբացի, «Այդ անտանելի հայերը», Լինքոլն Սթեֆանսի հարցազրոյցը Լոուրենս Արաբացիի հետ, 1919 թ.:
8. Տես, Ռուսաստանի Կառավարութեան Դեկրետը Թրքահայաստանի մասին, Սեւրի Խաղաղութեան պայմանագիրը, ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը, Կոստանդնուպոլսոյ Ռազմական ատեանի նիւթերը երիտթուրքերու դատավարութեան վերաբերեալ եւ… այլ փաստաթուղթեր:
Արեւմտահայերէնի Վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆԸ