«Եթէ Հայերու Տառապանքները Հասկցող Մէկը Կայ, Ապա Ատիկա Սերպիան Է» Ըսած Է Թոմիսլաւ Նիքոլիչ

05 ՄԱՐՏ 2016
Serbia_Hayasdan
Եթէ ոեւէ մէկը կրնայ հասկնալ 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ  հայերուն կրած տառապանքները, ապա ատիկա Սերպիան է: Սերպական «Պլիք»-ի փոխանցումով, այս մասին Սերպիոյ նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ յայտարարած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի հետ հանդիպումին ընթացքին:

«Ես հպարտ եմ, որ կարելիութիւն ունեցայ ելոյթ ունենալու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակի ձեռնարկներուն եւ յայտարարելու, որ եթէ ոեւէ մէկը կրնայ զգալ այն դժբախտութիւնը, որ  1915-ին բաժին հասաւ հայերուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ անոր չսպիացող հետեւանքները, ապա ատիկա Սերպիան է»,  յայտարարած է Նիքոլիչ:

Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մինչեւ տարեվերջ պաշտօնական այցելութեամբ Պելկրատ գտնուի:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail