Սէյրան Օհանեան Անակնկալօրէն Զօրամաս Այցելած Է

05 ՄԱՐՏ 2016
Seyran_ohanian-panag
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 4 մարտին անակնկալօրէն այցելած է բանակի զօրամասերէն մէկը:

Ան ծանօթացած է զինուորներուն ֆիզիքական, մարտական եւ բարոյահոգեբանական պատրաստուածութեան, հետեւած է անձնակազմի զարթնումին, առաւօտեան մարմնամարզանքներուն, անոնց ճիշդ եւ արդիւնաւէտ գործադրութեան կարգին ու ժամանակացոյցին:

Նախարարը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ զօրամասի խնամական կազմի` հերթապահներուն եւ օրապահներուն պարտականութիւններու իմացութեան, դասացուցակներուն եւ, ընդհանուր առմամբ, ծառայութեան կազմակերպման առնչուող անհրաժեշտ փաստաթուղթերու առկայութեան:

Այցելութեան աւարտին նախարարը նախաճաշած է զօրամասի զինուորներուն հետ, սնունդին գծով իր գոհունակութիւնը յայտնած է:

Յանկարծակի ստուգման ընթացքին արձանագրուած որոշ թերութիւնները վերացնելու համար Սէյրան Օհանեան կարգ մը մատնանշումներ կատարած է եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած զօրամասի հրամանատարութեան:

Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` նուիրուած փետրուար 2016-ին բանակին մէջ եղած աշխատանքներուն եւ անոնց արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ մարտ ամսուան ընթացքին կատարուելիք աշխատանքին:

Նախարար Օհանեան խորհրդակցութեան մասնակիցներուն ուշադրութեան յանձնած է ուսումնական հանգրուանի սկիզբի ծիրին մէջ իրականացուած մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստականութեան վերաբերող քայլերը, հաշուետու ժամանակաշրջանին զօրամասերուն ու մարտական յենակէտերուն մէջ անձնակազմի զգօնութեան եւ կարգապահութեան, անվտանգութեան կանոններու պահպանումը, զինուած ուժերու ծրագիրներու ճշգրիտ գործադրութիւնը:

Նշելով, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին պատշաճ կերպով շարունակուած են զինուած ուժերու պատրաստութեան նախագիծերը` նախարար Օհանեան մարտավարաշարային մարզումները եւ մարտական պատրաստակամութեան ստուգման յանկարծակի արդիւնքները կարեւոր նկատած է, որովհետեւ անոնք կը փաստեն, որ հայկական զինուած ուժերը օժտուած են մարտունակութեան բարձր աստիճանով եւ ունակ են կատարելու առաջադրուած խնդիրները:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail