ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Սուրիա բաբախուն սիրտն է արաբականութեան: Սուրիոյ մէջ կ՛որոշուի արաբականութեան վախճանը կամ վերազարթնումը, որովհետեւ արաբական համախումբ ճակատի մը ստեղծումն ու պահպանումը պայմանաւորուած է Սուրիոյ բազմազանութեան շնորհիւ ունեցած յատուկ դերակատարութեամբ, որմէ զուրկ են արաբական միւս երկիրները:
Ապտել Նասեր քաջ գիտակցած էր այս պատմական իրականութեան եւ աճապարեց իրականացնելու առաջին արաբական միութիւնը Սուրիոյ հետ:
Եւ այսօր Սուրիոյ մէջ եւ շուրջ ընթացող համաշխարհային պատերազմի ելքէն կախեալ է ո՛չ միայն Սուրիոյ ապագան, այլ նաեւ` արաբականութեան:
Երբ այսօր դիտենք արաբական աշխարհի համայնապատկերը, կը տեսնենք, որ Լիպիոյ, Թունուզի, Ալճերիոյ, Եգիպտոսի եւ Եմէնի ներքին տագնապներէն շատ աւելի քաշողականութիւն ունի Սուրիոյ մէջ եւ շուրջ ընթացող պատերազմը` արաբ թէ օտար տէրութիւններուն համար, եւ այդ պատերազմը զգեցած է համաշխարհային համեմատութիւններ:
Եւ այն յուսալքիչ պահուն, երբ կը թուէր, թէ արաբական տէրութիւններէն մեկուսացուած Սուրիան անկումի անդունդի եզրին հասած է, հակառակ Իրանի եւ Հըզպալլայի օգնութեանց, եւ վերածուած է «ձախողած պետութեան»… չուշացաւ Փութինի առաջնորդած ազգային (եւ ոչ թէ Ելցինի ղեկավարած ապազգային եւ ամերիկանացած) Ռուսիոյ կորովի միջամտութիւնը Սուրիոյ կողքին` քաջ գիտակցելով տարածաշրջանին մէջ Սուրիոյ դերին:
Այսպիսով, Սուրիա դարձաւ այն երկիրը, որ բացայայտեց տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ազդեցութեան մայրամուտն ու ռուսական ազդեցութեան արշալոյսը: (Զուտ մեր հայկական շահերէն մեկնելով` մենք կ՛ողջունենք Ռուսիոյ եւ Իրանի ազդեցութեանց զօրացումը տարածաշրջանին մէջ, որովհետեւ այս երկու տէրութիւնները միակ եւ հզօր պատուարը կը հանդիսանան Էրտողանի նորօսմանական եւ փանթուրքական ախորժակներուն դէմ, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ Արեւելահայաստանի լինելութիւնը):
Նոյնինքն Էրտողանի Թուրքիան, օգտուելով Պաշշար Ասատի պատմական մեծ սխալէն, կրցաւ մերձենալ Սուրիոյ եւ այդպիսով իր առջեւ բաց գտաւ ճանապարհը` բացուելու արաբական աշխարհին եւ շահելու անոր վստահութիւնը, որովհետեւ արաբական աշխարհը չէ մոռցած դարաւոր օսմանեան լուծը եւ դէմ պիտի գար Թուրքիոյ նորօսմանական ծաւալումին:
Բայց երբ Էրտողանի Թուրքիան շրջադարձ կատարեց Սուրիոյ դէմ, արաբական աշխարհը, փոխանակ Սուրիոյ կողքին կանգնելու, Արաբական լիկայով միասին կանգնեցաւ Սուրիոյ դէմ` զինակցելով Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի… հաւանաբար կարծելով, թէ Սուրիոյ անկումով արաբական ուրիշ տէրութիւն մը (Սէուտական Արաբիան) կը տիրապետէ Սուրիոյ:
Արաբական շրջադարձը Սուրիոյ դէմ արաբականութեան տրուած մեծագոյն հարուածը հանդիսացաւ` զօրացնելով ամերիկեան-սիոնական թշնամին եւ Թուրքիան: Սակայն Սուրիոյ դէմ իր շրջադարձով Էրտողանի Թուրքիան վտանգեց իր ներքին կայունութիւնը եւ ներքին վիճակը մատնեց աննախընթաց վատթարացումի:
Միջազգային վերլուծաբաններու կարծիքով, եթէ Իրան, որ արդէն յաջողած էր ազդեցիկ ներկայութիւն դառնալ Իրաքի մէջ, եթէ նաեւ յաջողած չըլլար ազդեցիկ ներկայութիւն դառնալ Սուրիոյ մէջ (նաեւ` Լիբանանի, Հըզպալլա) պիտի չյաջողէ՞ր Արեւմուտքէն խլել միջուկային համաձայնութիւնը` ի հեճուկս Իսրայէլի…
Սուրիա ամերիկեան-սիոնական ապազգային բեւեռին դէմ յստակ դիրքորոշում պահպանելով` շահեցաւ երկու հզօր դաշնակիցներ` Ռուսիան, Փութինի ղեկավարած ազգային Ռուսիան, եւ Իրանը, որոնց աջակցութիւնը Սուրիոյ` հակակշռեց ամերիկեան-սիոնական-փանթուրք-սէուտական նախայարձակումը եւ պահպանեց Սուրիան:
Հոս հարկ է վերյիշել այն իմաստուն ու իրատես թելադրութիւնը, որ Էդիկ Յովհաննիսեան կատարած էր Արեւելահայաստանի նորաթուխ իշխանաւորներուն, որոնք կը խաղային եւ մինչեւ այսօր կը խաղան երկու լարի վրայ` ամերիկեան եւ ռուսական, վերապահութիւններ յառաջացնելով մեր բնական դաշնակից Ռուսիոյ ղեկավարութեան մօտ: Էդիկ Յովհաննիսեան 1993-ին «Դրօշակ»-ի մէջ «Ո՞ւր ենք գտնւում մենք» խորագիրին տակ կը գրէր հետեւեալը. «Դաշնակիցներ շահելու համար մենք պէտք է ունենանք քաղաքական յստակ դիրքորոշում եւ չասել այն ապսիւրտը, թէ մենք հիմա անկախ ենք եւ լաւ յարաբերութիւնների մէջ ենք եւ գործակցում ենք թէ՛ ամերիկացիների եւ թէ՛ ռուսների հետ: Պէտք է գիտակցել, որ միայն Ռուսաստանի ազգային շահերի ոլորտում է, որ Հայաստանը որոշ հետաքրքրութիւն է ներկայացնում: Եւ Ելցինի ամերիկանացած ու ապազգային Ռուսաստանի համար Հայաստանը ոչ մի հետաքրքրութիւն չի ներկայացնում:
Մեզ չխաբենք` ասելով, թէ հիմա անկախ ենք եւ կարող ենք սեփական ուժերով պաշտպանել մեր հայրենիքը: Աշխարհը շարժւում է դէպի ազգային կառոյց: Հաւանաբար մօտիկ ապագայում Չինաստանը, Ճափոնը, Գերմանիան եւ Ռուսաստանը դառնան ազգային բեւեռի պաշտպաններ եւ ջախջախիչ հարուած տան ամերիկեան-սիոնական ապազգային բեւեռին: Ազգային բեւեռի յաղթանակը անխուսափելի է, քանզի ապազգայնացուած աշխարհը սուզուել է անբարոյականութեան ծովում, որից յետոյ կը խորտակուի վերջնականապէս: Հետեւաբար մեր ներկայ կացութիւնը ստիպած է մեզ` կանգնել պատնէշի ազգային կողմում կանգնած բանակի շարքերում»: Ուրեմն եւ այսօր` Փութինի առաջնորդած ազգային Ռուսիոյ բեւեռին կողքին:
Մինչդեռ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛որդեգրէ Եւրոպայի «Վենետիկեան յանձնախումբ»-ին պարտադրած սահմանադրական փոփոխութիւնները, քանի որ ձեռնտու է իրեն, բայց արդեօ՞ք եւրոպական արժէքները եւ այդ փոփոխութիւնները կը պահպանեն Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային պետութեան բնութագիրը…
Դեկտեմբեր 2015
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (55) Փետրուար 2016