Ալճերիա Եւ Ռուսիա Կը Մերժեն Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատող Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի Որոշումը

04 ՄԱՐՏ 2016
Lamamra_AZTAG
Ռամթան Լամամրա

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռամթան Լամամրա յայտարարեց. «Ալճերիական իշխանութիւնները պաշտօնապէս անհամաձայնութիւն կը յայտնեն Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող Ծոցի երկիրներու յայտարարած որոշումին»:

«Հըզպալլան Լիբանանի մէջ քաղաքական գործունէութիւն ունեցող շարժում մըն է, եւ Ալճերիան քոյր երկիրներու ներքին հարցերուն չի միջամտեր», նշեց Լամամրա:

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Մարկիլով յայտնեց, որ «Հըզպալլան ահաբեկչական նկատելը ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան չի ծառայեր»` աւելցնելով. «Որեւէ կազմակերպութիւն ահաբեկչական որակելը պէտք է հիմնուած ըլլայ ՄԱԿ-ի արժեչափերուն վրայ»:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail