«Թուրքիան Պատրաստ Է Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Դէմ Պայքարելու Համար Ամբողջական Կերպով Գործակցելու Իրանի Հետ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

07 ՄԱՐՏ 2016
Dav-Rouhani_AZTAG
Տաւութօղլու եւ Ռուհանի

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու շաբաթ օր Իրան իր կատարած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան ու Իրանը շրջանին մէջ յարանուանական տագնապին վերջ տալու համար պէտք է «հասարակաց տեսլական» մը զարգացնեն:

Տաւութօղլու, որ իբրեւ վարչապետ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր Իրան, երկրի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան պատրաստ է ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար Իրանի հետ ամբողջական կերպով գործակցելու` աւելցնելով, որ երկու երկիրները սուրիական տագնապին վերաբերեալ տարբեր տեսակէտներ ունին:

Ռուհանի իր կարգին յայտնեց, որ Անգարայի եւ Թեհրանի միջեւ գործակցութիւնը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման եւ շրջանային հարցերու լուծման: Ան աւելցուց, որ երկու երկիրները հասարակաց նպատակներ ու շահեր ունին եւ պէտք է հասարակաց թշնամիին` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցին եւ այդ պայքարին վրայ կեդրոնանան` շեշտելով. «Շրջանի պետութիւններն ու ժողովուրդները միակն են, որոնք կրնան անոր խնդիրները լուծել»:

Նախքան Ռուհանիի հետ իր հանդիպումը, Տաւութօղլու հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իրանի առաջին փոխնախագահ Իսհաք Ճահանկիրիի հետ, որ ըսաւ. «Շրջանային կարգ մը հարցերուն շուրջ տարակարծութիւններ ունինք, սակայն վճռակամ ենք տարակարծութիւնները կարգաւորելու շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար»:

Տաւութօղլու նաեւ թուրք եւ իրանցի գործարարներու առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ Իրան տնտեսական ուժ մըն է, զոր կարելի չէ թերագնահատել:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail