Անդադարձ. Ըմբոստութեան Պաշտօնականացումը

07 ՄԱՐՏ 2016
ENPOSDOUTYAN-AZTAG
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ արդարութեան նախարար Պաքըր Պոզտաղի վկայութեամբ` Էրտողանի կողմէ իրեն «վիրաւորողներուն» դէմ ներկայացուած դատական հայցերուն թիւը հասած է 1845ի: Պոզտաղ «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր ղեկավարած նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի վերադասաւորելու անհատներու Սահմանադրական դատարանին դիմումները եւ երկրին գերագոյն դատարանը ամբաստանեց իր լիազօրութենէն դուրս եղող հայցերու քննարկման ընթացք տալու մէջ:

Էրտողանամէտ նախարարին յայտարարութեան դրդապատճառը Սահմանադրական դատարանին կողմէ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր  Ճան Տիւնտարն ու օրաթերթի Անգարայի գրասենեակի ղեկավար Էրտեմ Կիւլի ազատ արձակումն էր այն հիմնաւորումով, որ Պոլսոյ 6-րդ քրէական դատարանը ոտնահարած է մամլոյ ազատութիւնն ու անոնց խօսքի ազատութիւնը:

Վերջիններս ՄԻԹ-ի կողմէ Սուրիոյ ահաբեկչական խմբաւորումներուն զէնք-զինամթերք փոխադրող բեռնատարներուն հարցին շուրջ փաստաթուղթեր հրապարակելնուն համար ամբաստանուած էին «լրտեսութեան յանցանքով»:

Էրտողան հակադարձած էր. «Այս որոշումը չեմ ճանչնար, զայն չեմ յարգեր եւ պիտի չգործադրեմ»: Այդ յայտարարութիւնը այն կաթիլն էր, որ յորդեցուց բաժակը եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ անոր կիրարկած քաղաքականութեան ու մենատիրական ձգտումներուն ընդդիմացողները մղեց բացայայտ կերպով արտայայտուելու:

Իշխող կուսակցութեան հիմնադիրներէն, նախկին փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ, որ դադրած էր քաղաքականութեամբ զբաղելէ, քաղաքական դաշտ իր վերադարձին ազդանշանը տալով  յայտարարեց, որ եթէ Էրտողան չ՛ուզեր ճանչնալ Սահմանադրական դատարանը, որուն որոշումները պարտադիր են բոլորին համար,պէտք չէր նախագահ ընտրուելէ ետք երդում կատարէր սահմանադրութեան վրայ:

Երկրին գերագոյն դատարանին կողմէ 12 թեր եւ 3 դէմ քուէներով որդեգրուած որոշումին մէջ յատկանշականը նաեւ Սահմանադրական դատարանին անդամ դատաւորներուն մեծամասնութեան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմած կառավարութիւններուն կողմէ նշանակուած ըլլալու նշանակալից իրողութիւնն է:

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան մէջ հակաէրտողանական խմորումները սկսած են դրուիլ ամուր եւ պաշտօնական հիմերու վրայ: Արդարեւ, վերջերս Պոլսոյ մէջ սկսած է հրատարակուիլ նոր օրաթերթ մը` «Քարար»-ը, որ իշխող կուսակցութեան կ՛աջակցի, սակայն էրտողանական չէ:

Անոր խմբագիրներն ու սիւնակագիրները տարիներով կուսակցութեան աջակցած անձեր են, որոնք վերջին 2-3 տարիներուն ընթացքին զայրացուցած են Էրտողանը` մերժելով անոր «հնազանդիլ» կամ իրենց յօդուածներուն մէջ համարձակած էին զինք քննադատել` թէկուզ շինիչ կերպով:

Յստակ է, որ Էրտողանի մենատիրական մոլուցքը արդէն խրտչեցուցած է նոյնիսկ իր կուսակիցներէն շատերը եւ զանոնք մղած ըմբոստութեան: Կը մնայ տեսնել, թէ անոնք որքանո՛վ պիտի կարենան սանձել բոլորէն կատարեալ հնազանդութիւն պահանջող եւ նուազագոյն քննադատութիւնը անձնական վիրաւորանք նկատող «սուլթան»-ին բռնատիրական ձգտումները:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail