Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնի Պահպանման – 6 (Վերջին). Արդի Արհեստագիտութեան Օգտագործում Եւ Տարածում

armenagan-Սյունիքի-մարզ-գյուղ-Խնածախ

07 ՄԱՐՏ 2016
Sarkis-Mahseredjian-Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եթէ ուզենք իսկ, չենք կրնար խուսափիլ մեր կեանքին վրայ արդի արհեստագիտութեան տիրապետութենէն. իսկ վարպետ է այն նաւավարը, որ նման ուժեղ ալիքներ կրնայ օգտագործել իր նաւը յառաջ տանելու համար:

Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք, եթէ արձանագրենք, որ արհեստագիտութիւնը մի՛շտ ալ կարելի եղած է օգտագործել դրական արդիւնքներ իրականացնելու համար դաստիարակութեան կալուածին մէջ: Համակարգիչներն ու անոր բարիքները, մանաւանդ անոր բացած անսահման հորիզոնները արդէն կենակից են մեզի:

Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի օճախներուն` մեծ քայլեր կ՛առնուին այս դաշտին մէջ, պատանիին ու երիտասարդին կողմէ արդէն իսկ որդեգրուած գործիքներ հայերէնին ծառայեցնելու նպատակով: Հայերէն գիրի ու դաստիարակչական միջոցներու թուայնացման գործը ընթացք առած է եւ սկսած է գտնել հովանաւորներ ու հոգացողներ:

Յաճախակի դարձած են նորանոր ծրագիրներու մասին յուսատու աւետիսները: Նոր աշխարհ մը եւ նոր հորիզոններ կ՛ուրուագծուին արդէն: Կը մնայ, որ արհեստագէտներ եւ մտաւորականութիւնը աւելի ուժեղ կերպով իրարու ձեռք բռնեն:

Իրագործուած են որոշ գործեր. բազմաթիւ հատորներ (բառարաններ, Մատենադարանի պահեստներէն գանձեր, թանգարանային նիւթեր, գրական գործեր…), թերթերու եւ այլ հրատարակութեանց կայքէջեր արդէն իրենց տեղը ունին համակարգչային ցանցերու մէջ եւ առատ նիւթ կը տրամադրեն տարբեր հետաքրքրութիւններ ունեցող ընթերցողներու, անոնց կ՛ընկերանան տեսանիւթեր:

Ընթացքի մէջ է հանրագիտարանային նիւթերու թուայնացեալ էջերու պատրաստութիւնը. այս բոլորը տակաւին մրցունակ չեն օտար լեզուներով կատարուած իրագործուածներուն հետ, սակայն ոչ արհամարհելի աղբիւրներ են անկասկած: Կը մնայ որոնել զանոնք:

Լաւատեսութեան շատ պատճառներ ունինք, որ այս «մշակոյթ»-ը շուտով աւելի արագ զարգացման ընթացք պիտի տայ հայերէնին հաղորդման, տարածման ու պահպանման գործին: Կարեւոր նախապայման է, որ առաջին այս փուլէն իսկ կեդրոնացեալ ու մասնագիտական մօտեցում որդեգրուի այս աշխարհին մէջ, այս գործին լծուողներ իրենք զիրենք զգան իրարու հաղորդակից մասնիկներ համապարփակ ծրագիրի մը, որպէսզի խուսափինք կրկնութիւններէ, խաչաձեւումներէ եւ մանաւանդ` իրարու անհաղորդ «միաւորներու» վիճակէն:

(Լաւ օրինակ մը չէ հետեւեալը, սակայն կրնայ բացատրել մեր մտահոգութիւնը. երբ համակարգիչը աւելի քան 35 տարի առաջ մուտք գործեց հայկական կեանքէն ներս, թափ առաւ հայկական տառերու ստեղծման արշաւ մը, որ գեղեցիկն ու նուազ ակնահաճոն միաժամանակ տրամադրեց գործածողներուն:

Որոշ հնարողներ կազմեցին ստեղնաշարեր, որոնք օգտագործելի էին կարգ մը տառատեսակներու համար, սակայն «անընթեռնլի»` այլ տառատեսականերու համար: Վերջին տարիներուն, միատեսակութիւնը` Unicode համակարգը սկսած է տարածք գտնել, այնպէս` ինչպէս որ է պարագան անգլերէնի, ֆրասներէնի կամ այլ լեզուներու համակարգերուն, եւ այս «տագնապը» լուծումի կը հասնի շուրջ երեք տասնամեակներու յամեցումէ ետք):

Այս «թղթածրար»-ին տուն տուող մտահոգութիւններն ու սեւեռակէտերը ի մտի ունենալով, դրական հորիզոններ կը ստեղծուին նոր սերունդներուն` պատանիներուն եւ երիտասարդներուն մօտ հայերէնին տարածման իմաստով: Կը մնայ, որ մասնագէտներ, ընտրեալ նիւթերէ սկսելով, հայերէն «արտադրանքներ» տրամադրելի դարձնեն զանգուածներուն` նախապատուութիւնը տալով որակին, որովհետեւ շուկայականը միշտ ալ կը մնայ դամոկլեան սուր:

Նման աշխատանքի համար նիւթական միջոցները նոյնքան կենսական են ու կենսաւորող, ինչպէս` զանգուածներու ներգրաւումը եւ զանոնք համոզելը:

Արդի միջոցներուն ստեղծած հնարաւորութիւններն ու դիւրութիւնները կարելի է լայն ձեւով օգտագործել լսատեսողական նիւթերու աշխարհին մէջ, օրինակ` հայերէնի թարգմանելով գիտելիք փոխանցող ու մանկապատանեկան հաճելի ժապաւէններ, որոնք կրնան փոխարինել պատկերասփիւռի պաստառները խճողող աննպատակ ու բթացնող շարքերը:

Կարեւոր դեր վերապահուած է մշակոյթի պաշտպան հեղինակութեանց, եւ եթէ այս կալուածէն ներս Իմաստուն բռնատէր-ի տրամաբանութեան սկզբունքը որդեգրուի, օրինակ` պատկերասփիւռի կայաններու եւ հանրամատչելի բեմերուն նկատմամբ, մեղանչում պիտի չնկատուի:

Այս աշխատանքը նաեւ կը կարօտի հսկայական քարոզչութեան, որուն մէջ մամուլը, տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արդի միջոցները օգտագործելի դաշտեր են, իրենց կողքին պէտք է զգան ներկայութիւնը առաջնորդող ու ղեկավար շրջանակներու, բայց մանաւանդ ներգրաւեն նոր սերունդները, մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը, որուն համար արհեստագիտութեան գործիքները «խաղալիքի չափ դիւրին» են:

Տուներու, դպրոցներու, միութեանց եւ հասարակական խմբաւորումներու յարկերուն տակ, քարոզչական աշխատանքը կը կարօտի նշանաբաններու եւ նշանախօսքերու, որոնք կոչուած պիտի չըլլան միայն պատին դրուած արձանագրութիւններ մնալու, այլ պէտք է թափանցեն հոգիներէն ներս, մաս կազմեն անհատներու եւ խմբակներու էութեան:

Այլ առիթով ակնարկած ենք, ու այս բովանդակութեան մէջ ալ աւելորդ չենք նկատեր կրկնել, որ քարոզչական գործին մէջ ազդու դեր կրնան ունենալ մեր ընդհանրական կեանքին մէջ աչքառու դարձած անձեր եւ սիրուած հեղինակութիւններ` պաշտօնական անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ եւ տարբեր մասնագիտութիւններով օժտուած անհատներ, որոնք կը հաւատան մեր ժողովուրդի յաւերժութեան եւ գիտեն, թէ առանց լեզուի` յաւերժութիւնը չի կրնար լիարժէքօրէն երաշխաւորուիլ:
***
Այս «թղթածրարը» ճամբայ չելաւ սպառիչ եւ ամբողջական ըլլալու յաւակնութեամբ, սակայն կը հաւատանք, որ կրնայ նպաստել համապարփակ մօտեցումի ձեւաւորման ու գործնական ծրագիրներու մշակման-կիրարկման:

Մեր դրած հարցերն ու լուսարձակի տակ բերած ծրագիրները, առաջարկները ո՛չ աննախընթաց են, ո՛չ ալ չնաշխարհիկ մտածումներ: Ասոնց կիզակէտը հայկական աշխարհին, բայց մանաւանդ սփիւռքեան մաշեցնող ազդեցութիւններու դիմաց մայրենիին վերաշխուժացման ու տարածման մտասեւեռումն է, որուն համար անհրաժեշտ է որդեգրել կարճ ու աւելի երկար ժամկէտներով, բայց անպայման զիրար լրացնող ծրագիրներ, գործնական քայլեր, կանգ չառնել նիւթական դժուարութիւններու առջեւ, արդէն սկիզբ առած հոսանքներուն տալ ճիշդ հուն, որպէսզի այս գործը ստանայ նիւթապէս ինքզինք բաւարարող եւ նոր քայլերու դրամագլուխ ապահովող  ընթացք: Մեր մտածումներուն կիզակէտը սփիւռքն է, սակայն Հայաստանը դուրս չի կրնար մնալ:

Այս սիւնակները նաեւ չեն արձանագրուած մէկէ աւելի ոլորտներու, կեդրոններու եւ շրջաններու մէջ կատարուող քննարկումներն ու ծրագրումները անտեսելու կամ անոնց հակադրուելու տրամաբանութեամբ, մանաւանդ որ մասնակցութեան համեստ բաժին ունինք որոշ աշխատանքներու մէջ:

Կը հաւատանք, որ այդ բոլորը անփոխարինելի եւ կենսական նշանակութիւն ունին ու կրնան աւելի արագ արդիւնքի հասնիլ, եթէ տարբեր երկիքներու տակ արտադրուող թելերը ի մի բերուին միացեալ գորգ մը հիւսելու մտասեւեռումով, փոխադարձաբար զիրար հասկնալու եւ հանդուրժելու տրամադրութեամբ: Ու բազմիցս կրկնելու գնով արձանագրենք, որ նոր սկզբնակէտերու հանգրուանը նկատի առած` դասական ուղղագրութեան շուրջ միասնական վճիռ մը կենսական նշանակութիւն ունի եւ կը կարօտի այս «դատ»-ին պաշտպան հայրենի եւ սփիւռքեան ձեռքերու միացման, տնօրինող հեղինակութեանց միջեւ համախոհութեան:

«Թղթածրար»-ը աւարտուն չէ, պէտք ունի յաւելեալ զարգացումի եւ ներդրումներու:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail