Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Օդուժերը Համատեղ Զինավարժութիւններ Կ՛իրականացնեն

07 ՄԱՐՏ 2016
TURC-AZER

Թուրքիոյ Քոնիա նահանգին մէջ այսօրուընէ Ատրպէյճանի եւ թրքական օդուժերու TURAZ Şahini-2016 (Պազէ-2016) կոչուած համատեղ զինավարժանքներ սկսած են:

Այս մասին կը յայտնէ «Արցախփրես»-ը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապը` նշելով, որ վարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Մարտ 25:

Զինավարժութիւնները տեղի կ՛ունենան Anadolu Kartali օդային տարածութեան մէջ եւ կը հանդիսանայ Ատրպէյճանէն դուրս առաջին վարժութիւննրը, որոնց կը մասնակցին ատրպէյճանական օդաչուներ:

Զինավարժութիւններուն կը մասնակցին MIG-29, F-16 կործանիչներ, SU-25 օդանաւեր, MI-17 ուղղաթիռներ, թերմինաթոր: Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերը կը ներկայանան 6 օդանաւերով:

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի օդուժերու համատեղ զինավարժանքներ տեղի ունեցած էին նաեւ անցեալ տարի:

ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail