03 ՄԱՐՏ 2016
Սուրիական պատերազմը մեզի՝ հայերուս համար, տարբեր-տարբեր մակարդակներու վրայ կործանիչ ու անսպասելի հետեւանքներու դուռ բացաւ:
Սուրիահայ գաղութը վերջին աւելի քան 40-50 տարիներու ընացքին դարձած էր ու էր Սփիւռքին ողնայարը, Սփիւռքին արիւն ներարկողը, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն վրայ կրօնական, ազգային, մշակութային, լեզուական, եւ այն բոլոր որոլորտները որոնք սերտ առնչութիւն ունին հայութեան եւ նամանաւանդ հայապահպանութեան հետ:
Արդարեւ, Սուրիական պատերազմով այդ բոլոր ոլորտները տուժեցին, իսկ տոյժը իր ահաւոր հետեւանքները պիտի ունենայ ո՛չ միայն Սուրիահայ գաղութիւն վրայ, այլեւ՝ ամբո՛ղջ Սփիւռքին:
Սուրիահայ գաղութը այսօր գրեթէ դատարկուած է, չնայած որ հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային կեանքը տակաւին կը շարունակէ բաբախել գաղութէն ներս, սակայն երբեմնի փայլքն ու պերճանքը առ յաւէտ չքացած են: Շատեր կրնան հակառակիլ, իւրաքանչիւր մարդ ազատ է իր մօտեցումին մէջ, սակայն իրապաշտութիւնը ա՛յս է որ կ’ըսէ մեզի, ա՛յս է ր կը թելադրէ մեզի, ինչքան ալ փորձենք մենք մեզ խաբել եւ ըստ մեր «բարի» սովորութեան գունաւոր երազներով պարուրել մեր միտքը, իրականութիւնը սակայն չի՛ դադրիր իրականութիւն մնալէ:
Սուրիահայ գաղութէն այս վերջին տարիներուն դուրս եկան նաեւ զգալի թիւով լեզուագէտներ ու մտաւորականներ, որոնցմէ մի քանի Հայաստան հանգրուանեցին կամ հաստատուեցան, իսկ միւսները ցիրուցան եղան Սիւռքի տարբեր գաղթօճախներու մէջ:
Այստեղ հարց մը կը ծացի. վերջին տարիներուն յաճախ կը լսուի Արեւմտահայերէնը պահելու անհրաժեշտ ու էական խնդիրի մասին. այս մէկը չպէ՞տք է ըլլար այն առիթը, ուր Սփիւռքի ղեկավարութիւնն ու Հայաստանի իշխանութիւնները միասնաբար ծրագիր մը մշակէին, եւ փոխանակ սուրիահայ լեզուգէտներն ու մտաւորականները այս ու այն կողմ ցրուէին, Հայաստանի մէջ անոնց համար անկիւն մը ստեղծուէր, ապահովուէր անոնց կեցութիւնն ու ապրուստը, որպէսզի անոնք ստեղծագործէին ի խնդիր Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան: Հայաստանէն աւելի լաւ տեղ կարելի՞ է պատկերացնել այդ նուիրական առաքելութեան համար:
Շատեր հազարումէկ պատճառաբանութիւն կամ արդարացումներ կրնան տալ այս վերաբերեա: Յարգանքս բոլորին: Բայց միւս կողմէ եկէք բոլորս ալ բացայայտ կերպով ընդունինք, որ եթէ այսօրուան մեր մեծ սերունդի Արեւմտահայերէնի մտաւորականներն ու լեզուագէտները չկարենանք պահել եւ անոնց պաշարէն ճիշդ կերպով չկարենանք օգտուիլ, Արեւմտահայերէնը իրապէս որ լուրջ տագնապի դիմաց ոչ թէ պիտի կանգնի, այլ՝ դէմ առ դէմ պիտի ապրի զայն:
Այսօր, եթէ պահ մը ուշադրութեամբ կարդանք կամ թերթատենք Սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող հրատարակութիւնները, պարզապէս կարելի է դողդղալ ի տես ա՜յն անփթութեան ու անտարբերութեան, որով լոյսի կու գան այդ հրատարակութիւնները:
Արեւելահայերէնը տիրականօրէն ազդեցութիւն գործած է յատկապէս մամուլի օրաթերթերուն ու պարբերականներուն վրայ, տակաւին չեմ խօսիր լեզուական, շարահիւսական, քերականական եւ ուղղագրական սխալներուն մասին, որոնք ուղղակիօրէն ամօթ են, թէ՛ տպողներուն եւ թէ ալ ամբողջ Սփիւռքին:
Այս բոլորին լոյսին տակ, ուշ չէ տակաւին Սուրիական պատերազմի չարիքը բարիքի վերածել ի խնդիր Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան: Մելքոնեանը ունէր Սփիւռքը, որը դժբախտաբար փակուեցաւ, անոր հետ նաեւ փակուեցան ինչ-ինչ կարելիութիւններ: Այսօր առիթը ընծայուած է թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ թէ ալ Սփիւռքի ղեկավարութեան, նո՛ր Մելքոնեանի մի հաստատումին, բայց այս անգամ ո՛չ թէ օտար հողերու վրայ, այլեւ՝ Մայր Հայաստանի՝ Մայր Հայրենիքին մէջ:
Յ.Գ. Ընթերցողներու ուշադրութեան կ’ուզեմ յանձնել, որ ո՛չ լեզուագէտ եմ եւ ոչ ալ մտաւորական, ուղղակի Արեւմտահայերէնի համար տառապող արեւմտահայ մը:
Յակոբ Քորթմոսեան
5 Մարտ 2016
http://www.arevelk.am