Հայոց Լեզուն Անաղարտ Պահենք, Դադրեցնենք Օտար Բառերու Մուրացկանութիւնը

Ազատ-գետն-ունի-56-կմ-երկարություն-և-548-քառ.-կմ-տարածությումբ-ջրահավաք-ավազան

09 ՄԱՐՏ 2016
armenian-alphabet-YERAKOUYN
Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան կը գրէ.

Հայոց լեզուն, ըստ ոմանց, 3-8 հազար տարուան վաղեմութիւն ունի, թէեւ փոխառութիւն ըրած է ուրիշ տասնեակ մը լեզուներէ, բայց այդ բառերը իւրացուցած, ձեւաւորած եւ չունեցած բառապաշարը ամբողջացուցած է նաեւ բառակազմութեամբ, ինչպէս` տիտան (titan), տաղանդ (talent), թշնամի (տուշման), կանոն (canon), դաստակ (տաստ (պարսկ.) – ձեռք + տակ):
Ներկայիս Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն արտագաղթողներու շրջանակներուն մէջ օտար բառերու գործածութիւնը, հոլովումը, բառակապակցութիւնը, օտար արմատով բառերու յօրինումը այնքան ընդհանրացած է, որ մարդ կը պժգայ` ունկնդրելով այդպիսի խեղաթիւրուած հայերէն խօսակցութեան:

«Հայաստանեան հայերէն»-ը պէտք է մաքրազտուի եւ պետականօրէն պէտք է պաշտպանուի իր գրական բառապաշարով եւ մեսրոպեան-դասական ուղղագրութեամբ:

Ազգային միասնականութիւնը կը պահանջէ նոյն հայերէն գրական բառապաշարի գործածութիւնը, մեսրոպեան-դասական ուղղագրութեամբ, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ:

Հայութիւնը պէտք է վերադառնայ իր լեզուական ազգային ակունքներուն:

Հայերէն աշխարհաբարի, իր երկու ճիւղաւորումներով, արմատը գրաբարն է, պէտք է գրաբարը ծառայեցնել բառակերտման համար եւ ոչ թէ օտար լեզուներէ բառեր մուրալու…

Հայոց լեզուն ունի իր մէջ աւելի կարողականութիւն, քան` որեւէ եւրոպական լեզու, ներառեալ` լատիներէնը… Ինչո՞ւ Հայաստան ենթարկուած է լեզուական մուրացկանութեան, ի՞նչ է գլխաւոր նպատակը այս այլասերող ընթացքին:

Օրինակով խօսինք:

1.- Restaurant (անգ. ֆր. իտ.), ռեստորան (հայաստանեան), ճաշարան (հայերէն), բառին արմատը restaurer-restaurare է, իմաստը վերականգնել, նորոգել: Արդեօ՞ք անձ մը վերականգնելու կամ նորոգուելու համար կ՛երթայ ճաշարան, ուր ճաշ կ՛ուտեն:

2.- Fork (անգ.), forchette (ֆր.), forchetta (իտ.), պատառաքաղ (հայերէն), fork բառը զանազան իմաստներ ունի (ճիւղաւորում գետի, ճամբու), երկճիւղ գործիք, որ նկարագրութիւն է գործիքի, սակայն հայերէնը աւելի ճիշդ իմաստաւորումն է, թէ ինչի՛ կը ծառայէ այս սպասը:

3.- Conservatorio-conservatory (իտ., անգ., ֆր.), կոնսերվատորիա (հայաստանեան) – տառադարձական սխալով պէտք է կոնսերվատորիա ըլլայ երաժշտանոց (հայերէն): Բառին արմատը Conserve-Conservare (իտ.), իմաստը պահել, պահածոյ (ուտելիք): Այսինքն երգել, նուագել սորվողը ի՞նչ պիտի պահէ: Հաւանաբար անցեալին բառը Conservatorio Musicale-երաժշտական պահեստանոց եղած է եւ ժամանակի ընթացքին musicale-երաժշտական մասը զեղչուած եւ մնացած է Conservatorio:

Նոյն պարագային ենթարկուած է «opera» կիսատ բառը opera (իտ.), օպերա (հայաստանեան), թատրերգութիւն (հայերէն): Opera բառին իմաստը` գործ, արար: Իսկական ամբողջական բառը opera teatrale է, որ կը նշանակէ` թատերական գործ: Եթէ չեմ սխալիր, Մխիթարեանները կամ Իտալիա ուսանած իրենց աշակերտները հայացուցած են` ստեղծելով թատրերգութիւն բառը, որ աւելի իմաստալից է եւ կը համապատասխանէ երգելով թատերախաղի:

Թատրոն բառն ալ յունա-լատինա-եւրոպական բառ է. հայերը յունարէնէն առած են theatron-էն եւ ոչ թէ theatro լատինա-եւրոպական բառէն:

Շարունակենք:

Ballet (ֆր., անգ., իտ.), բալէ (հայաստանեան), թատերապար (հայերէն): Ballet բառին բառացի իմաստը, փոքր, կարճ, կարճատեւպար կը նշանակէ, բայց իրականութեան մէջ թատերախաղ է պարի կերպարանքով, որով հայերէն ճիշդ իմաստը արտայայտող բառը` թատերապարը աւելի ճիշդ է:

Ո՞ր լեզուի մէջ գործածուած բառերը վերոնշեալ գործողութիւններու իսկական իմաստը կ՛արտայայտեն, պարզ է հայերէնինը, սակայն Հայաստան այս բառերը` թատրերգութիւն կամ թատերապար կամ երաժշտանոց բառերը չեն գործածեր, չես գիտեր` ինչո՛ւ… օտար բառեր կը գործածեն եւ պետութիւնը, որ հայոց լեզուին պաշտպան պէտք է կանգնի, կը լռէ…
Ուստի ի՞նչ է մեր նպատակը:

Ազգային միասնականութիւն` լեզուական միասնականութեամբ Հայաստան-Արցախ եւ սփիւռքի մէջ նոյն համահայկական դասական ուղղագրութեամբ եւ նոյն մաքրազտուած բառացանկի գործածութեամբ: Հետեւաբար ձեռնարկած եւ ծրագրած ենք ներքեւ նշուած աշխատանքներու, մինչեւ որ Հայաստանի իշխանաւորները պետականօրէն իրենք այս քայլերը իրականացնեն:

Ա.- Հայոց լեզուն մաքրազտել օտար բառերէ:
Բ.- Վերահաստատել մեսրոպեան-դասական ուղղագրութիւնը: Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին:
Գ.- Արեւմտահայերէնի վերաբնակեցումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Դ.- Ունենալ միասնական համահայկական հայերէն բառացանկ` դասական-մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ գործածելու համար:
Ե.- Հայերէն նոյն տառադարձական համակարգը գործածել:
Զ.- Գիտական, արուեստագիտական եւ արհեստավարժական նորակերտ բառերու կառուցումն ու յօրինումը:
Է.- Փոխառութիւն օտար լեզուներէ, եթէ այդ բառերու նոյնիմաստ, համարժէք եւ համապատասխան հայերէն բառեր գոյութիւն չունին եւ նորակերտ բառերու յօրինումը անհնար է:
Ը.- Հետագային հայերէն նոյն հնչիւնաբանութիւնը գործածել, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մէջ` սրբագրելով խաթարուած արեւմտահայերէնի հնչիւնաբանութիւնը, որ նաեւ կը նպաստէ ճշգրիտ ուղղագրութեամբ գրելու:

Հայ գաղութէն ի՞նչ կ՛ակնկալենք: Մասնակցութի՜ւն… Մասնակից եղէք հայերէն բառապաշարը մաքրազտելու, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ձեր ամէնօրեայ կենցաղավարութեան ընթացքին:

Եկեղեցականէն, նախարարէն, դասատուէն, հաղորդավարէն, լրագրողէն, ծնողքէն մինչեւ աշխատաւորն ու աշակերտը` տէր կանգնինք մեր «մեծասքանչ» լեզուի մաքրութեան եւ գրաբարէ ծնունդ առած մեսրոպեան-դասական ուղղագրութեան:
Նոր տարին սկսինք առաջադրանքով` օտար բառերու փոխարէն հայերէն բառեր գործածելով, բառարանի եւ համացանցի օգնութեամբ:

Հայ անհատը իսկական հայ անձնաւորութեան կերպարին կը մօտենայ, երբ իր պապենական ժառանգութեան եւ իր ազգութիւնը բնորոշող յատկանիշներու տէր կը կանգնի, որոնցմէ գլխաւորը հայոց լեզուն է: Ուստի տէր կանգնինք մեր լեզուի հարստութեան` բառապաշարին եւ չաղաւաղենք, չխեղաթիւրենք, չօտարացնենք մեր մայրենի լեզուն:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail