Տեսակէտ Զօրակցութիւն Մտաւորականութեան, Բայց՝ Ի՞նչ Չափանիշներով Պարոյր Յ.Աղպաշեան

The Worlds Oldest Winery Areni Cave Armenia More than 8000 years old

desaged5503-ազատխօսք
Հայ մտաւորականներու կամ հայ մտաւորականութեան մասին,  շա՜տ գրուած է, շա՜տ խօսուած, մելան հոսած, գրիչ փճացած ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս, շատ հաւանաբար ապագային ալ, այնքան ատեն որ անոնք կազմած են հայ ժողովուրդին գոյութեան եւ յարատեւման հիմնական կռուանները, հայ մտքի ու լուսաւորութեան փարոսները:

Հայ մտաւորականութիւնը, հինգերորդ դարէն մինչեւ միջնադար, յետագայ դարերէն մինչեւ անկախութիւն, խորհրդահայ շրջան, սփիւռքացած ժամանակահատուած, միշտ ալ ունեցած է իր յատուկ դերակատարութիւնը, յատուկ առաքելութիւնը, ազդու ներգործութիւնը եւ արդիւնաւէտ ներկայութիւնը:

Անպետականութիւնը կամ անանկախութիւնը երբեք պատճառ չէ դարձած, որ հայ մտաւորականութիւնը գտնուի իր կոչումին անհարազատ պատուանդանին վրայ, ոչ ալ հեռանայ իրեն վստահուած պատասխանատուութիւններէն:

Կասկած չկայ, որ մտաւորականութիւնը լայն հասկացողութիւն է, իր տեսլապաշտութեամբ ու գործնապաշտութեամբ, իր մտածողութեամբ ու դատողութեամբ, իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի բնորոշութեամբ եւ յանձնառութեամբ:

Այդուհանդերձ, ինչ ալ ըլլան պայմաններն ու պարագաները, հայ մտաւորականութիւնը անփոխարինելի ներուժ մը եղած է հայ ժողովուրդին համար, զայն կենսաւորողը ու շնչաւորողը, ներարկողն ու վերականգնողը, իր ամենէն հզօրութեամբ եւ ուժականութեամբ, պարզապէս այն անվիճելիութեամբ, որ անիկա հայկական ինքնութեան արմատաւորման ու պահպանման մէջ կը գրաւէ իւրայատուկ տեղ եւ կոչուած է մասնայատուկ դերակատարութեան:

Այս անմիջական ու արագ մտորումէն ետք, անցնող մէկ դարու եւ յատկապէս վերջին քանի մը տասնամեակներուն, ԱՅԺՄՈՒ պահանջքներէն մեկնելով, հայ մտաւորականութիւնը ո՞ւր կը գտնուի, ինչպէ՞ս կը գնահատուի եւ ո՞վ (կամ ո՞վքեր) կը զօրակցի անոր, ո՞ւր են խօսքերէն գործի անցնող կոչերը:

Այսօր, հայ մտաւորականութիւնը՝ իր գրողներով, մանկավարժներով, խմբագիրներով, հրապարակագիրներով, գործիչներով, արուեստագէտներով եւ յարակից այլ պատկանելիութիւններով, հանդուրժելի կեանք մը կ’ապրի՞, վերաբերմունքի կ’ենթարկուի՞, գնահատումի կ’արժանանա՞յ:

Այս հարցադրումները չեն վերաբերուիր այն «պղպջակային» տնօրինումներուն, որոնք ոչ մէկ հիմնաւորումով կ’երաշխաւորեն հայ մտաւորականութեան արժանապատիւ ապագայով մը ապրելու հեռանկարը, ոչ ալ կը յուսադրեն որեւէ ձեւով հանգստաւէտութիւն մը ունենալու… խաբկանքը:

Յանկերգի ու լոզունգի («անհամ») կարգ դարձած է խօսիլ հայ մտաւորականութեան բարօրութեան ու բարեկեցիկութեան մասին, երբ այդ դասակարգը, իր միտքի ու գրիչի, խելքի ու խօսքի զանազան արտայայտութիւններով ու գործունէութիւններով, կը մնայ համարեա անպաշտպան, անտէր, անտիրական (կամ… անօթեւա՞ն):

Պատմութիւնը պիտի չկրկնենք, խօսելու հայ մտաւորականութեան այն գերգնահատելի դերի մասին, որ լիցք ու կիրք տուաւ յատենի հայութեան, չյուսահատելու ու չկքելու այն բիրտ մարտահրաւէրներուն դիմաց, որոնք կը ցցուէին անոր առջեւ, բայց, հրամայական է բարձրաձայն արտայայտուիլ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած, մեղմ ըսած, ժուժկալութեան ու ժլատութեան, անարդարութեան եւ անիրաւութեան մասին, զայն զրկելով ինքնագոհացուցիչ, ինքնաբաւ, բայց մանաւանդ՝ ինքնապատիւ կեանք մը ապրելու կարելիութիւններէն:

Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, փրկուած ու բեկորուած, տարագրուած ու սփիւռքացած արեւմտահայութիւնը, եթէ ելիցի ենթարկուեցաւ ու վերազարթօնք ապրեցաւ, ատոնք գերազանցապէս կը պարտի հայ մտաւորականութեան զգաստ ու սթափ բանիմացութեան ու ժրաջանութեան:

Դժբախտաբար, ազգային-եկեղեցական եւ հասարակական-կուսակցական իշխանութիւններ, հակառակ իրենց շնորհակալ ծառայութիւններուն ու ներդրումներուն, չպատրաստեցին ջահակիր սերունդներու խոստմնալի յաջորդներ, այլ խօսքով՝ քատրային քաղաքականութիւն մը չորդեգրեցին:

Այս ծիրէն ներս, մտաւորականութիւնը յաճախ ինքզինք գտաւ դժուարին կացութիւններու առջեւ (եկամտային, կենցաղային, ընկերային, միջավայրային, եւայլն), իսկ ժամանակի ընթացքին, կեանքէն հեռացողներու թիւով, անիկա կ’ապրի համարեա … պարապութիւն մը:

Համոզուելու համար այս տխուր իրականութեան, կը բաւէ աչք մը նետել մեր չորսդին, ո՞ւր են վաստակաւորներու յաջորդող ներկայացուցիչները, ի՞նչ է պատճառը այդ նօսրացումին եւ ովքե՞ր են «պատասխանատուները» այդ աճող ամլացումին:

Անշուշտ, պատճառները շատ ու խայտաբղէտ են՝ ենթակայականէն մինչեւ պայմանականը, ասպարէզայինէն՝ շրջապատայինը, որոնք, բոլորն ալ, այս կամ այն ձեւով ազդեցին մտաւորականութեան բարւոք եւ արժանավայել կեանք մը վարելու կարելիութենէն,իսկ ատոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ձգեցին նորահաս սերունդին ազգանուէր կեանքի մէջ նետուելու փորձութիւններէն:

Սակայն, ամենէն աւելի աղիտաբերը եղան այն անփափկանկատ վերաբերմունքները, որոնք ընդհանրապէս մտաւորականութեան նկատմամբ ցուցաբերուեցան, առանց անդրադառնալու (թերեւս ալ անդրադառնալով), որ այս յարգելի դասակարգը պէտք ունի գործնական, բարոյական եւ առարկայական ազդո՛ւ զօրակցութեան:
*****
Հայ գիրքի 36րդ ցուցահանդէսին, որուն բացումը կատարուեցաւ 11 Հոկտեմբեր 2015ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը խորհրդածութեան արժանի հարցեր արծարծած է, որոնց շարքին հայ մտաւորականութեան գործնապէս նեցուկ կանգնելու հրամայականութեան:

Պատգամին մէջ կ’ըսուի «առաւե՛լ ծաղկեցուցէք մեր մշակոյթի անդաստանը», որովհետեւ անիկա «այնքան հարուստ չէ, մշակութային նահանջը ակներեւ է», նոյնհետայն կոչ ընելով, որ «մեր մտաւորականները, գրողներն ու ուսուցիչները պէտք է ծաղկեցնեն մեր մշակոյթի պարտէզը»:

Բացարձակ ճշմարտութիւն մը, որ դարերէ ի վեր մեզ պահած է, բայց, պէտք չէ՞ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ այս նահանջին (անկումին) հասանք, ինչո՞ւ մեր հոգեմտաւոր ու լեզուամտածող արժէքները հարստացնող մտաւորականութիւնը անհրաժեշտ նեցուկի չարժանացաւ ու չարժանանար, տագնապեցուցիչ բաց մը գոյացնելով, ապա, ո՞վ պիտի ծաղկեցնէ մտաւորականութեան պարտէզը:

Ուրիշ տեղ մը կը պատգամուի. «գնահատեցէք ու պաշտպանեցէ՛ք գրողը, մտաւորականը եւ ուսուցիչը», որովհետեւ «ասոնք են, նոր օրերու մեր ՙանձինք նուիրեալք՚ները, մեր լեզուին ու մշակոյթին, մեր ոգեղէն արժէքներուն ու ազգային իտէալներուն արի պաշտպանները ու նուիրեալ առաքեալները»:

Բարացուցական սքանչելի վկայութիւն մը, արդարեւ, որ անգամ մը եւս կը կարեւորէ այս թղթածրարին հրատապութիւնը, բայց, ինքնին հարցադրելի չէ՞, թէ այդ գնահատման ու պաշտպանութեան կողմերը ո՞վքեր պիտի ըլլան, ի՞նչ հիմունքներով ու չափանիշներով պիտի տնօրինուին ու կիրակուին, երբ՝ անցեալի թէ մօտիկ ապագայի օրինակները բնաւ ալ քաջալերական եւ յուսադրական չեն, չե՛ն եղած, մինչեւ որ հասած ենք այսօրուան հանգրուանին ու կը փնտռենք ուղիներ եւ միջոցներ բառնալու զանոնք ու տէր կանգնելու մտաւորականութեան:

Իսկ Վեհափառին սրտաճմլիկ ճիչը.

– «Արդեօք մտաւորականը արժանի յարգանք ու պատիւ կը վայելէ՞»:

– «Արդեօք գրագէտը իր գործի հրատարակութեան համար մեկենաս ունի՞»:

– «Արդեօք հայակերտումի առաքելութեան լծուած հայ ուսուցիչը իր արժանի վարձատրութիւնը կը ստանա՞յ»:

Որովհետեւ, կը շարունակէ Վեհափառը.

«Դժբախտաբար, մեր կեանքէն ներս արժէքի եւ արժանիքի չափանիշները սկսած են շրջուիլ»:

Հարցադրումներ, տեղի՛ն հարցադրումներ (որոնց մասին տարիներ բարձրաձայնած ենք), բայց, ատոնց պատասխանները ո՞ւր եւ ո՞րու մօտ պիտի փնտռուին. պարզ ժողովուրդի՞ն, թէ՞ պատասխանատու մարմիններուն, որոնք պարտին լուրջ ու մնայուն յաճախականութեամբ լուսարձակի տակ առնել հայ մտաւորականութեան փաթեթին ուսումնասիրութիւնը, հուսկ՝ յանգելու շօշափելի արդիւնքներու, առաւել՝ նոր սերունդներ կազմաւորելու եւ յանձնառու մշակներ պատրաստելու ազգային առաջադրանքին:

Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (55) Փետրուար 2016

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail