Միացեալ Նահանգներու Հայ Համայնքը Կ՛ողջունէ Ճորճիոյ Կողմէ ԼՂ Անկախութեան Ճանաչումը

04 ՄԱՐՏ 2016
georgia-YERAKOUYN
Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքը ողջունած է ԱՄՆ Ճորճիա նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչցող 1580 բանաձեւի ընդունման փաստը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը: Բանաձին հեղինակները եւ հիմնական ջատագովները նահանգային օրէնսդիր մարմնին մէջ ժողովրդավար ներկայացուցիչներ Փեթ Կարտնըրը եւ Տէմեթրիուս Տուկլասն էին, որոնց հետ աշխատած են Ճորճիոյ մէջ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Սարգիս եւ Յարութիւն Աղասարգսեանները:

 «Ճորճիոյ հայ համայնքը կ՛ողջունէ ներկայացուցիչներ Կարտնըրի եւ Տուկլասի ներդրումը նահանգի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման գործին, ինչ որ կը վերահաստատէ ժողովրդավարական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու համընդհանրութիւնը, որ ամերիկացիներու եւ աշխարհի բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքն է:

Նման հպարտ եւ սկզբունքային դիրքորոշում ընդունելէ ետք այժմ մենք կ՛ուղղենք մեր հայեացքները ամերիկեան միւս նահանգներուն` միանալու Ճորճիոյ Արցախի ճանաչման հարցով»,- ­ նշած է Սարգիս Աղասարգսեան:

ԱՄՆ Ճորճիա նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատը Մարտ 3-­ին ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչցող 1580 բանաձեւը:

Ճորճիան ԱՄՆ վեցերորդ նահանգն է, որ ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Մինչ այդ նման բանաձեւեր ընդունուած էին Քալիֆորնիոյ, Լուիզիանայի, Ռոտ Այլընդի, Մասաչուսէթսի եւ Մենի օրէնդսիր մարմինները:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail