Թունուզ. «Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու Հաղորդագրութիւնը Հըզպալլան Ահաբեկչական Չի Նկատեր Եւ Պարտադիր Չէ»

05 ՄԱՐՏ 2016
Tunisia_ARDAKIN KORDZ
Թունուզի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թունուզի մէջ մարտ 2016-ին գումարուած արաբ ներքին գործոց նախարարներու ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը Հըզպալլան «ահաբեկչական» չի նկատեր եւ պարտադիր բնոյթ չունի:

Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ Թունուզի կեցուածքը հիմնուած է արաբական միացեալ աշխատանքին նկատմամբ անոր նախանձախնդրութեան վրայ եւ իր ժողովի աւարտին խորհուրդին որդեգրած հաւաքական կեցուածքի ծիրին մէջ է, իսկ Թունուզ այս առիթով կու գայ հաստատելու, որ հաւատարիմ կը մնայ իր արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքներէն մէկուն` այլ երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքին:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Թունուզի այդ կեցուածքը չ՛անտեսեր Լիբանանի հողամասերուն մէկ մասին ազատագրման մէջ Հըզպալլային կարեւոր դերակատարութիւնը: Թունուզ Հըզպալլային կոչ ուղղեց շրջանի երկիրներուն կայունութիւնը վտանգող ամէն քայլէ զգուշանալու:

Նշենք, որ Թունուզի նախագահ Պեժի Սայիտ Սապսի եւս երէկ մերժեց Հըզպալլան նկատել ահաբեկչական կազմակերպութիւն եւ դժգոհութիւն յայտնեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի` Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակող որոշումին նկատմամբ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ նշեցին, որ Իսրայէլի համար զինուորական մեծագոյն սպառնալիքը Հըզպալլան է:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail