17 սեպտեմբեր 2015
Ռուսական զանազան լրատուամիջոցներու հետ հանդիպման ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ շեշտեց, թէ Սուրիոյ ճգնաժամի առաջին օրերէն, Արեւմուտքը մէկ կողմէ կ’ողբայ սուրիացի գաղթականներուն վրայ, միւս կողմէ հարուածները անոնց կ’ուղղէ` զօրակցելով ահաբեկչութեան: Ասատ աւելցուց, թէ գաղթականները լքեցին Սուրիան յատկապէս ահաբեկիչներու գործած վայրագութիւններուն, ապա նաեւ ահաբեկչութեան հետեւանքներուն պատճառով, կը գրէ «Գանձասար»-ը:
Ան ամբողջութեամբ հերքեց այն կարծիքը, թէ գաղթականները փախուստ կու տան սուրիական կառավարութենէն:
«Դէպքերու առաջին օրերուն Արեւմուտքը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ պատահածը բնակչութեան խաղաղ ցոյցն է, ապա աւելցուց, թէ այդ չափաւոր ընդդիմութիւն է, իսկ հիմա հաստատ համոզուած է, թէ վաւերական գետնի վրայ ահաբեկչութիւն է կատարուածը, որ յառաջացած է իբրեւ թէ սուրիական կառավարութեան, վարչակարգին եւ կամ նախագահին պատճառով»:
Նախագահը հաստատեց, թէ այնքան ատեն որ արեւմտեան երկիրներ կը շարունակեն հաւատալ այս ենթադրութիւններուն, առաւել մեծ թիւով գաղթականներ պիտի ընդունին: Եթէ անոնք իրապէս մտահոգ են գաղթականներու իրավիճակով, թող սատար չկանգնին ահաբեկչութեան, ըսաւ նախագահը:
Իր հարցազրոյցին ընթացքին Նախագահը նշեց նաեւ, թէ ներկայիս, որ քաղաքական ուժեր, կառավարութիւն կամ զինեալ խմբաւորումներ, որոնք պատերազմեցան կառավարութեան դէմ, հարկ է որ միանան` պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ: Քաջ գիտակցելով սուրիական պատերազմին մէջ Թուրքիոյ ահաբեկչութեան սատարելու հիմնական դերակատարութեան, նախագահը նշեց, թէ այսօր բոլորս ալ գիտենք, որ Էրտողան անկարող է քայլ մը առնելու առանց Ա.Մ.Ն.-ի կամ այլ եւրոպական երկիրներու հետ համադրելու: Աւելցնելով, որ Նուսրայի եւ ՏԱՀԷՇի գոյութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ եւ ա՛յս իսկ հզօրութեամբ, Արեւմուտքի նեցուկով է, որովհետեւ վերջինս համոզուած է, որ ահաբեկչութիւնը խաղաթուղթ մըն է, որ կարելի է օգտագործել որեւէ ժամանակ:
Հուսկ, Ասատ շեշտեց, թէ Սուրիան պատրաստ է համագործակցելու որեւէ երկրի հետ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ այն միակ պայմանով, որ տուեալ երկիրը իսկապէս ցանկութիւն ունենայ իրագործելու սոյն նպատակը:
http://www.yerakouyn.com/