09 ՄԱՐՏ 2016
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Սուրիայէն արձակուած ռումբեր ինկած են Քիլիս նահանգին վրայ` պատճառելով զոհ մը եւ երեք վիրաւորներ: Թրքական բանակը հակադարձած է` ռմբակոծելով ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:
Քիլիսի վրայ ռումբեր տեղալու սկսած են երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին: Անոնցմէ երեքը ինկած են բաց դաշտի մը մէջ, իսկ երեք ուրիշներ` նահանգի Քազըմ Քարապեքիր եւ Թուրկութ Էօզալ թաղամասերուն վրայ: Քիլիսի նահանգապետ Հասան Քարա «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ին յայտնած է, որ Քիլիսի դէմ արձակուած ռումբերուն թիւը բարձրացած է 8-ի:
Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Քիլիսի վրայ ինկած է հրասանդէ արձակուած ռումբ մը, որուն թրքական բանակը հակադարձած է ռմբակոծելով սահմանին միւս կողմը գտնուող Ազեզ քաղաքի մերձակայքը:
ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com