Անգարայի Մէջ Ընդհանուր Ժողով` Ի Պաշտպանութիւն «Խալիֆայութեան»

09 ՄԱՐՏ 2016
Ankara-Caliphate-conference_AZTAG
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնը գտնուող Աթաթուրքի անուան մարզահամալիրին մէջ խալիֆայութեան ջնջման (3 մարտ 1924) 92-րդ ամեակին առիթով 5 հազար հոգիի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է «Խալիֆայութեան միջազգային ընդհանուր ժողով», որուն ընթացքին յայտարարուած է, որ մօտիկ ապագային Թուրքիոյ մէջ` Անատոլուի հողերուն վրայ դարձեալ խալիֆայութիւն պիտի հիմնուի:

«Իսլամութեան թշնամի անհաւատները կը կարծէին, թէ 3 մարտ 1924-ին թաղելով խալիֆայութիւնը, իսլամները այլեւս զայն պիտի չվերականգնեն: Այսօր մենք դարձեալ կը վերակենդանացնենք զայն ո՛չ միայն Անգարայի, Պոլսոյ մէջ, այլ նաեւ ամէնուրեք` Անատոլուի հողերուն մէջ», յայտարարած են ընդհանուր ժողովին մասնակիցները:

Ընդհանուր ժողովի կազմակերպիչ «Հիզպուլ Թահրիր» խմբաւորման պաշտօնական կայքին վրայ կ՛ըսուի, թէ ՏԱՀԵՇ-ը ընդարձակ հողերու տէր դառնալու համար ստեղծուած ռազմական կառոյց է:

Խմբաւորումը իր մասին գրած է. «Հիզուլ Թահրիր»-ը իսլամութեան գաղափարախօսութեամբ քաղաքական կուսակցութիւն է: Քաղաքականութիւնը մեր գործն է, իսկ իսլամութիւնը` գաղափարախօսութիւնը»:

Թրքական «Հիզպուլ Թահրիր» յետադիմական եւ իսլամական օրէնքի հետեւորդ կազմակերպութիւնը 1000 հոգիի մասնակցութեամբ նոյնանման ընդհանուր ժողով մը կատարած էր չորս օր առաջ, Պոլսոյ մէջ:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail