Տաւութօղլուի Դէմ Հայերը Վիրաւորելու Հիմնաւորմամբ Դատական Հայց Ներկայացուած Է

09 ՄԱՐՏ 2016
davutoglu (1)
Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւնը հայերը վիրաւորելու հիմնաւորմամբ Սթամպուլի Չաղլայան արդարադատութեան պալատ դատական հայց ներկայացուցած է վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի եւ Աշքալէի քաղաքապետ Էնվեր Պաշարանի դէմ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական Demokrathaber.net-ը:

Տաւութօղլու Փետրուար 27-ին Պինկէոլնի մէջ (Բիւրակն) ունեցած ելոյթին ժամանակ քննադատած էր քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը` մեղադրելով զանոնց «հայկական հրոսակախումբերու նման ռուսերու հետ համագործակցելուն» մէջ:

Աւելի ուշ` Մարտ 3-ին վարչապետին խօսքերը Աշքալէի մէջ կազմակերպուած համագումարին ժամանակ կրկնած էր Պաշարան` շնորհակալութիւն յայտնելով «փառապանծ նախնիներուն, որոնք այս հողերէն մաքրած, նետած են հայերը»:

Սթամպուլի Չաղլայան արդարադատութեան պալատին մօտ հաւաքուած իրաւապաշտպանները նախքան հայցը ներկայացնելը յայտարարութիւն մը ըրած են` ընդգծելով, որ ամիսներ շարունակ երկրի քրտաբնակ շրջաններուն մէջ թրքական զինուժին կողմէ իրականացուող գործողութիւնները կը զուգորդուին հայերու դէմ ցեղապաշտական քայլերով:

Օրինակ, վճարուած հարկերէն գոյացած գումարով գնուած զրահամեքենաները կը շրջին փողոցներով եւ կը յայտարարեն. «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ հայ վիժուածքներ էք»:

«Հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրականացուած է, անոնց հարստութիւնը բռնագրաւուած, հայերու ու միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութիւնը համակարգուած կերպով ոչնչացուած է:

Կարծես այս ամէնը բաւական չէ, հանրապետութեան ողջ պատմութեան ընթացքին եւ նոյիսկ այսօր մնացած  բուռ մը հայերուն ստորացնելու, անոնց կեանքը սպառնալիքի ենթարկելու նպատակով կ’ըլլայ հնարաւոր ամէն բան:

«Այս ամէնը պատմութեան գիրկը  անցած է եւ կը շարունակէ անցնիլ որպէս մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Գալիք սերունդներն ալ ձեզի ատով պիտի յիշեն: Խտրականութիւնը թրքական պետութեան նոյիսկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը շարունակեն ընել ու խրախուսել:

Սակայն կան նաեւ այնպիսիները, որոնք մինչեւ վերջ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն ընդդէմ այս յանցագործութեան»,- նշած են իրաւապաշտպան կազմակերպութեան անդամները:

ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail