Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945). Հայ Պետական Գործիչի Լուսաւոր Դէմքը

Հայկական-լեռնաշխարհը-տիեզերքից

10 ՄԱՐՏ 2016
alexander-khadisian-yerakouyn
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ վար­չա­պե­տը՝
Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեան

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

71 տա­րի ա­ռաջ, ­Մարտ 10-ի այս օ­րը, ­Փա­րի­զի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ վար­չա­պե­տը՝ Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեան, որ ի­րա­ւամբ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ հա­յոց պատ­մու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­նի պե­տա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րու սա­կա­ւա­թիւ, այ­լեւ՝ լու­սա­ւո՜ր փա­ղան­գին մէջ։

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան չոր­րորդ վար­չա­պետ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ Ալ. ­Խա­տի­սեան «բնա­ծին հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ էր՝ բարձր թռիչք­նե­րով եւ բազ­մու­թիւն­նե­րը վա­րե­լու ձգտում­նե­րով։ ­Պեր­ճա­խօս հռե­տոր, բազ­մա­զան հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ ու ծրա­գիր­ներ հե­տապն­դող, ար­տա­սո­վոր կեր­պով աշ­խա­տու­նակ, ցոյց ու ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն սի­րող, ա­զա­տա­խոհ եւ լաւ ի­մաս­տով պա­տե­հա­պաշտ, կեն­դա­նի գոր­ծը վե­րա­ցա­կան տե­սու­թիւն­նե­րից գե­րա­դա­սող, հա­սա­րա­կա­կան բո­լոր խա­ւե­րի լե­զուն հաս­կա­ցող, հան­րու­թեան ծա­ռա­յե­լու պատ­րաս­տա­կամ, դիւ­րա­հա­ղորդ ու ա­մէն­քին մատ­չե­լի, ազ­նիւ նկա­րագ­րի տէր՝ ­Խա­տի­սեա­նը ստեղ­ծո­ւած էր հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար»։

Ալ. ­Խա­տի­սեան իր ո­րո­շիչ դրոշ­մը դրաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման, կազ­մա­ւոր­ման եւ զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թին վրայ։ Այդ ա­ռու­մով ան­փո­խա­րի­նե­լի սկզբնաղ­բիւ­րի ար­ժէք ու­նի Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի գրչին պատ­կա­նող «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ծա­գումն ու զար­գա­ցու­մը» խո­րագ­րեալ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը։

Ալ. ­Խա­տի­սեան 17 ­Փետ­րո­ւար 1874-ին ծնած էր ­Թիֆ­լիս, մե­ծա­տուն ­Խա­տի­սեան ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ։ ­Չորս եղ­բայր­նե­րու երկ­րորդն էր։ ­Տան անդ­րա­նիկ զա­ւա­կը՝ ­Կոնս­տան­դին ­Խա­տի­սեան մաս կազ­մեց ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին։

Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեան շատ ուշ, միայն 1917-ին միա­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ազ­գա­յին, հան­րա­յին եւ պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բողջ շրջա­նին միշտ ալ հա­մա­կիր եւ սերտ գոր­ծա­կից ե­ղաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։

Դար­ձեալ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ 1905-ին ար­դէն, հա­յեւ­թա­թա­րա­կան բա­խում­նե­րու շրջա­նին, ի տես ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րած ­Կով­կա­սի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռիւ­նե­րուն, Ալ. ­Խա­տի­սեան ան­դա­մակ­ցու­թեան դի­մում կա­տա­րած էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, բայց օ­րին՝ ­Ռոս­տո­մի եւ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի խոր­հուր­դով, մնա­ցած էր հա­մա­կիր, ո­րով­հե­տեւ այդ կար­գա­վի­ճա­կով կրնար ա­ւե­լիով օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին։

Թիֆ­լի­սի ­Գիմ­նա­զիան ա­ւար­տած եւ ­Մոս­կո­ւա­յի ու ­Խար­կո­վի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ բժշկա­կան մաս­նա­գի­տու­թեան տի­րա­ցած Ալ. ­Խա­տի­սեան ա­նու­նը ան­բա­ժան պի­տի մնայ ­Թիֆ­լի­սէն, ո­րուն նախ քա­ղա­քա­յին վար­չու­թեան խորհր­դա­կան (1902-ին), ա­պա՝ փոխ-քա­ղա­քա­պետ (1906-ին) եւ, հուսկ, քա­ղա­քա­պետ ընտ­րո­ւե­ցաւ 1909-ին, օ­րի­նա­կե­լի ձեռն­հա­սու­թեամբ ի­րեն վստա­հո­ւած պաշ­տօ­նը վա­րե­լով մին­չեւ 1917։

Թիֆ­լի­սի իր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան շրջա­նին, 1914-ին, Ալ. ­Խա­տի­սեան նա­խա­ձեռ­նեց եւ յա­ջո­ղու­թեամբ ի­րա­գոր­ծեց ­Կով­կա­սեան ­Քա­ղաք­նե­րու ­Միու­թեան ստեղ­ծու­մը՝ ա­պա­հո­վե­լով 44 քա­ղաք­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ ստանձ­նե­լով նո­րա­կազմ միու­թեան նա­խա­գա­հու­թիւ­նը։

Հան­րա­յին-պե­տա­կան այդ պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քե­րէն՝ Ալ. ­Խա­տի­սեան տի­րա­ցաւ քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան հզօր լծակ­նե­րու, ո­րոնք անմ­նա­ցորդ ծա­ռա­յե­ցին ոչ միայն ­Թիֆ­լի­սի հայ­կա­կան դի­մագ­ծի պահ­պան­ման եւ զար­գաց­ման, այ­լեւ՝ թրքա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան սուրբ գոր­ծին։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի դի­մագ­րա­ւած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան տագ­նապ­նե­րուն, հա­րո­ւած­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն յաղ­թա­հար­ման մէջ մե­ծակ­շիռ ե­ղաւ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի անձ­նա­կան ներդ­րու­մը։ ­Յա­ջո­ղակ բժիշկ, ան կա­նու­խէն ձեռք քա­շեց բժշկու­թե­նէն ու ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին-հան­րա­յին եւ քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան՝ հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած քա­ղա­քա­գէ­տի, բազ­մաշ­նորհ կազ­մա­կեր­պի­չի, ճկուն դի­ւա­նա­գէ­տի եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ժո­ղովր­դա­յին սի­րո­ւած ու յար­գո­ւած ղե­կա­վա­րի օ­րի­նա­կե­լի կեր­պա­րը մարմ­նա­ւո­րե­լով։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մին հետ, Ալ. խա­տի­սեան փու­թաց իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բիւ­րո­յի ստեղծ­ման, ո­րուն փոխ-նա­խա­գա­հը ընտ­րո­ւե­ցաւ եւ ա­ռաջ­նոր­դող դեր կա­տա­րեց ­Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան օր­հա­սա­կան այդ շրջա­նին, յատ­կա­պէս ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան պատս­պար­ման եւ հո­գա­տա­րու­թեան դժո­ւա­րին գոր­ծին մէջ, իբ­րեւ ­Թիֆ­լի­սի քա­ղա­քա­պե­տի եւ իբ­րեւ, մա­նա­ւա՛նդ, ­Կով­կա­սեան ­Քա­ղաք­նե­րու ­Միու­թեան նա­խա­գա­հի, Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի ներդ­րու­մը անգ­նա­հա­տե­լի ե­ղաւ։

Ցա­րա­կան վար­չա­մե­քե­նա­յին քա­ջա­ծա­նօթ եւ վրա­ցի թէ ռուս պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հետ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կած Ալ. ­Խա­տի­սեան, գե­րա­զան­ցա­պէս ազ­գա­յին գոր­ծի­չի եւ ժո­ղովր­դա­յին ղե­կա­վա­րի իր կո­չու­մով, ո­րե­ւէ դժո­ւա­րու­թիւն չու­նե­ցաւ պատ­շա­ճե­լու հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած հիմ­նո­վին նոր պայ­ման­նե­րուն։

Ար­դէն ան­դա­մագ­րո­ւած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ հա­մա­ռու­սաս­տա­նեան խորհր­դա­րա­նին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ցան­կով պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւած՝ ­Խա­տի­սեան նոր ծա­նօ­թու­թիւն­ներ եւ գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ հաս­տա­տեց։ Այդ ճամ­բով, նաեւ, Բ­ժիշկ ­Զաւ­րիե­ւի հետ, մաս­նա­կից դար­ձաւ ­Լե­նի­նի հայ զի­նա­կից Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեա­նի կող­մէ Թր­քա­հա­յաս­տա­նի ինք­նա­վա­րու­թեան ծրագ­րի մշա­կու­մին, որ 1917-ի վեր­ջե­րուն իբ­րեւ պե­տա­կան ­Դեկ­րետ հրա­պա­րա­կո­ւե­ցաւ, բայց եր­բեք ի­րա­գործ­ման փուլ չթե­ւա­կո­խեց։

1917ժի ­Դեկ­տեմ­բե­րը դար­ձա­կէտ կազ­մեց Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կեան­քին մէջ։ ­Թիֆ­լի­սի քա­ղա­քա­պե­տա­կան նոր ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ­Խա­տի­սեան կորսն­ցուց ի­նը տա­րի­նե­րու իր պաշ­տօ­նը, բայց շու­տով հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ, ուր քա­ղա­քա­պետ ընտ­րո­ւե­ցաւ եւ այդ պաշ­տօ­նով իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց Անդր­կով­կա­սեան քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու ղե­կա­վար­ման մէջ։ Ե­լեւմ­տա­կան նա­խա­րար դար­ձաւ Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ եւ փու­թաց հոն, ուր հայ ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեան կո­չու­մը զինք տա­րաւ։

Եր­կա­րա­մեայ իր պե­տա­կան գոր­ծի­չի կեն­սա­փորձն ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան հմտու­թիւ­նը օգ­տա­գոր­ծե­լու մտօք էր, որ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մէն եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի վար­չա­պե­տու­թեամբ ա­ռա­ջին կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ, Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի ծայր աս­տի­ճան զգա­յուն եւ դժո­ւա­րին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Թուր­քե­րու հետ զի­նա­դա­դա­րի եւ հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ­Խա­տի­սեան վա­րեց՝ դժո­ւա­րին պա­հե­րու դէմ յան­դի­ման միշտ իր ողջմ­տու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լով եւ գործ­նա­պաշտ լու­ծում­ներ գտնե­լով։

1919-ի ­Մար­տին Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մե­լու վար­չա­պե­տի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Խա­տի­սեան մին­չեւ ­Մա­յիս 1920 գոր­ծեց իբ­րեւ վար­չա­պետ եւ իր օ­րով ու յատ­կա­պէս իր ար­ժա­նիք­նե­րուն շնոր­հիւ էր, որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ան­ձեւ քաո­սէն վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ար­մատ­ներ նե­տող պե­տա­կա­նու­թեան։

Դար­ձեալ իր վար­չա­պե­տու­թեան օ­րով էր, որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր ծրագ­րին ան­կիւ­նա­քա­րը հռչա­կեց Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի կեր­տու­մը։

1920-ի ­Մա­յի­սին, պոլ­շե­ւի­կեան խռո­վու­թեանց ա­ռաջքն առ­նե­լու նպա­տա­կով կազ­մո­ւած, ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ կեան­քի կո­չո­ւած ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թեան մաս չկազ­մեց ­Խա­տի­սեան, բայց կա­ռա­վա­րու­թեան յանձ­նա­րա­րու­թեամբ ստանձ­նեց ­Հա­յաս­տա­նի լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ար­տա­սահ­մա­նեան հա­յօ­ճախ­նե­րը շրջե­լու եւ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հաշ­ւոյն ներ­քին փո­խա­ռու­թիւն­ներ հան­գա­նա­կե­լու եւ պե­տա­կան պիւտ­ճէն կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով։ Իր այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւս ­Խա­տի­սեան պա­տո­ւով ի կա­տար ա­ծեց։

Օր­հա­սա­կան պա­հե­րուն իր պայ­ծա­ռա­տե­սու­թիւ­նը ա­նայ­լայլ պա­հե­լու բնա­տուր ար­ժա­նիքն ու­նե­ցող հայ պե­տա­կան գոր­ծի­չը վերս­տին պատ­նէ­շի վրայ կանգ­նե­ցաւ, երբ քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ եւ լե­նի­նեան Ռու­սաս­տա­նի աք­ցա­նին մէջ բռնո­ւած՝ խեղ­դա­մահ ե­ղող ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան թուր­քե­րու հետ բա­նակ­ցող պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց 1920-ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին։ 3 ­Դեկ­տեմ­բեր 1920-ին իր կող­մէ ստո­րագ­րո­ւած Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի ­Դաշ­նա­գի­րը, հա­կա­ռակ տաս­նա­մեակ­նե­րով վար­կազրկ­ման եւ ցե­խար­ձակ­ման թի­րախ դար­ձած ըլ­լա­լուն, կը հան­դի­սա­նայ հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան պատ­մակ­շիռ պա­հե­րէն մէ­կը, որ ծանր գին վճա­րե­լով հան­դերձ՝ ամ­բող­ջա­կան տրոհ­ման վտան­գէն փրկեց մա­նուկ ­Հա­յաս­տա­նը եւ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թիւ­նը։

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք ­Խա­տի­սեան ան­ցաւ ­Փա­րիզ՝ իբ­րեւ փոխ-նա­խա­գահ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի հետ միաս­նա­բար տէր կանգ­նե­լու հա­մար ա­զա­տազր­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի դա­տին։ Ա­հա­րո­նեա­նի կա­թո­ւա­ծա­հա­րու­թե­նէն ետք, ­Խա­տի­սեան ինք ղե­կա­վա­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը։ Իր այդ հան­գա­ման­քով մե­ծա­պէս օգ­տա­կար ե­ղաւ, Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի հա­յօ­ճախ­նե­րու ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման գոր­ծին։

Հա­յա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան այդ վաս­տա­կը, սա­կայն, բա­ւա­րար չնկա­տո­ւե­ցաւ՝ նոյ­նիսկ պատ­ճառ դար­ձաւ, որ 1918-էն սկսեալ հայ հա­մայ­նա­վար­նե­րու մո­լուց­քին թի­րախ դար­ձած Ալ. ­Խա­տի­սեան, իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին եւս, զոհ եր­թայ Ֆ­րան­սա­յի հայ հա­մայ­նա­վար­նե­րու բան­սար­կու զրպար­տու­թիւն­նե­րուն։ ­Թէեւ կար­ճա­տեւ, բայց բան­տար­կո­ւե­ցաւ հա­յոց ծե­րու­նա­զարդ վար­չա­պե­տը, ո­րուն ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը բան­տին մէջ լրիւ քայ­քա­յո­ւե­ցաւ։ ­Բան­տէն ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­լէ ետք, ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը այ­լեւս չվե­րա­կանգ­նո­ւե­ցաւ եւ Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեան յոգ­նա­բեկ աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց 10 ­Մարտ 1945-ին։

Փա­րի­զի ­Փէր-­Լա­շէզ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ ազ­գա­յին մեծ շու­քով հո­ղին յանձ­նո­ւե­ցաւ ­Խա­տի­սեան։

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ վար­չա­պե­տին յար­գան­քի ի­րենց տուր­քը մա­տու­ցին ոչ միայն հայ ազ­գա­յին ե­րեք կու­սակ­ցու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, այ­լեւ՝ Ֆ­րան­սա­ցի եւ ռուս ու վրա­ցի քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր։

Բայց յատ­կա­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դը խուռ­նե­րամ մաս­նակ­ցե­ցաւ այդ վեր­ջին հրա­ժեշ­տին՝ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն պատ­գա­մե­լու հա­մար, որ Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեան իր ան­ձով, կեան­քով ու գոր­ծով մարմ­նա­ւո­րեց հայ պե­տա­կան գոր­ծի­չի օ­րի­նա­կե­լի կեր­պար մը։
Իր կո­թո­ղա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թեան՝ «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ծա­գումն ու զար­գա­ցու­մը» եզ­րա­փա­կող Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի հե­տա­գայ խորհր­դա­ծու­թիւ­նը կը խտաց­նէ ա­նոր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կտա­կը.

«­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եւ պե­տու­թիւն­նե­րու կեան­քը կը տե­ւէ դա­րեր, հա­զա­րա­ւոր տա­րի­ներ։ Իմ յու­շե­րու մէջ առ­նո­ւած է պզտիկ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, պատ­մա­կան տե­սա­կէ­տով՝ վայր­կեան մը միայն, բայց ան­հու­նօ­րէն կա­րե­ւոր վայր­կեան։ Ա­սի­կա այն վայր­կեանն է, երբ մեր ազ­գը՝ միա­ցած խան­դա­վա­ռու­թեան մը մէջ՝ նո­րէն ստեղ­ծեց ի­րեն հա­մար ան­կախ ազ­գա­յին կեանք։

«Ես ջա­նա­ցի ցոյց տալ ծա­գու­մը այդ կեան­քի եւ ա­նոր զար­գաց­ման ե­լե­ւէջ­նե­րը, մա­նա­ւանդ այն վայր­կեան­նե­րը, երբ ես ինքս ե­ղայ դէպ­քե­րու ա­կա­նա­տե­սը։ ­Բայց կեան­քը կանգ չ­’առ­ներ։ Եւ միշտ կը շար­ժի ա­ռաջ։ Եւ կեան­քի մէջ ա­մէն բան կը փո­խո­ւի։ ­Պի­տի փո­խո­ւին, ի հար­կէ, եւ Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կեան­քի զար­գաց­ման ա­պա­գայ պայ­ման­նե­րը։ Ան շատ ու­րա­խու­թիւն եւ վիշտ պի­տի տես­նէ դեռ։ Բայց թո՛ղ ա­նոր հա­մար ալ հա­րա­զատ դառ­նայ նշա­նա­բա­նը այն քա­ղա­քի, ո­րի մէջ կը գրո­ւին սոյն տո­ղե­րը.

«­Կը տա­տա­նի, բայց չի սու­զո­ւիր»։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail