10 ՄԱՐՏ 2016
«Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը` անտեսելով Ուաշինկթընի եւ միջազգային ընտանիքի զգուշացումները, կը շարունակէ իր իսկ երկրին սահմանադրութեան հակասող որոշումներ տալ: «Եթէ հարցնէք` ատիկա մեզ կը մտահոգէ՞, թէ՞ ոչ, պիտի պատասխանենք` այո՛», ըսած է Քըրպի:
Թրքական «Զաման» օրաթերթի խմբագրութեան մէջ տեղի ունեցած ոստիկանական գործողութիւններուն եւ անոնց յաջորդած ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանութեան միջամտութեան անդրադառնալով` Քըրպի խստիւ քննադատած է Թուրքիոյ կառավարութիւնն ու շարք մը լրատուամիջոցներ` բարձր գնահատելով Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պասի տարած աշխատանքը: «Նախագահ Պարաք Օպաման եւ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին Պասի աշխատանքներուն կ՛աջակցին եւ անոր նկատմամբ մեծ վստահութիւն ունին», նշած է ան` աւելցնելով, որ Թուրքիան ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն դէմ որոշումներ կու տայ:
Ըստ անոր, վերջին շրջանին մամլոյ ազատութեան առումով Թուրքիոյ մէջ միտումը բացայայտ կերպով դրական չէ:
Մինչ այդ, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ իր կարգին նշեց, որ «դաշինքին մաս կազմող երկիրները պէտք է յարգեն ժողովրդավարական արժեչափերը»` աւելցնելով. «Դաշինքը հիմնուած է հիմնական սկզբունքներու վրայ, որոնք են` ժողովրդավարութիւնը, անհատական ազատութիւնը եւ օրէնքի գերիշխանութիւնը»:
«Մեր միութիւնը այդ արժեչափերուն վրայ հիմնուած է, եւ կ՛ակնկալեմ, որ բոլոր դաշնակիցները գործեն անոնց հիմամբ», ըսաւ Սթոլթենպերկ` նշելով. «Կարեւոր է, որ դաշինքի բոլոր անդամները այս հասարակաց արժեչափերը բաժնեկցին»:
Միւս կողմէ, ըստ «Աքթիֆհապեր»-ի, Թուրքիոյ մէջ փակուած ընդդիմադիր «Զաման» օրաթերթը պիտի հրատարակուի Գերմանիոյ մէջ: «Զաման Ալմանիա» անունով թերթին լոյս տեսնելուն տեղեկութիւնը հաստատած է գլխաւոր խմբագիր Սուլէյման Պակը:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com