Նշմար. Շանթաժը — Պրիւքսէլի մէջ 7 մարտին տեղի ունեցաւ գաղթականներու ճգնաժամին նուիրուած

10 ՄԱՐՏ 2016
vaho_AZTAG

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Պրիւքսէլի մէջ 7 մարտին տեղի ունեցաւ գաղթականներու ճգնաժամին նուիրուած Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն երկարատեւ վեհաժողովը, որուն ընթացքին գոյացաւ ծրագիրի մը ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն մը, սակայն որոշուեցաւ բանակցութիւնները շարունակել եւ վերջնական որոշումը որդեգրել Եւրոպական Միութեան 17-18 մարտին նախատեսուած ժողովին:

Անգարա առաջարկեց վերընդունիլ Թուրքիայէն Յունաստան հասած բոլոր նոր ապօրինի գաղթականները, փոխարէնը ճշդեց շարք մը պայմաններ, ներառեալ` Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան հետ համարկման մէջ յառաջդիմութիւնը: Թուրք պաշտօնատար մը 7 մարտին Պրիւքսէլի մէջ լրագրողներուն ըսաւ. «Մենք այստեղ եկած չենք միայն գաղթականներուն մասին խօսելու:

Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը եւս մեզի համար օրակարգի հարց է»: Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու նշեց, որ կարեւոր է գաղթականներու համաձայնութիւնը տեսնել իբրեւ մէկ թղթածրար, որուն մէջ ներառուած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ յառաջդիմութիւնը:

Այս երկու անջատ հարցերուն միակցումը, սակայն, ձախողութեան առաջնորդող ազդակ մըն է` նկատի ունենալով Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց մարզին պարզած իրավիճակը, որ առաւել աչքառու եւ այժմէական հարցի մը վերածուեցաւ թրքական լրատուամիջոցներուն դէմ վերջերս շղթայազերծուած աղմկայարոյց արշաւին լոյսին տակ: Ի զուր չէ, որ երբ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք գոյացած համաձայնութենէն խանդավարուած յայտարարեց. «Բոլորս ալ կը գիտակցինք, թէ այժմ իրողապէս բեկում մը ունինք», Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ընդգծեց. «Ատիկա բեկում մը կ՛ըլլայ, եթէ իրականութիւն դառնայ»:

Անգարայի կատարածը շանթաժ է: Անիկա կը փորձէ գաղթականներու ճգնաժամը օգտագործել եւրոպական երկիրներուն ձեռքը ոլորելով` բռնի Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու համար:

Այժմ գնդակը կը գտնուի միութեան անդամներուն դաշտը: Անոնք պէտք է գիտակցին, որ եւրոպական չափանիշներուն չհամապատասխանող երկրի մը անդամակցութիւնը ընդունիլը միութեան համար նոյնքան վտանգաւոր է, որքան Շենկենի համաձայնութիւնը հարցականի տակ առնող եւ բազմաթիւ այլ վտանգներ ստեղծող գաղթականներու ճգնաժամը:

Եւրոպական արժեչափերու համակարգի փլուզումը, Թուրքիոյ անդամակցութեան հեռանկարը եւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ Յունաստանէն Թուրքիա վերընդունուած իւրաքանչիւր սուրիացիի դիմաց մէկ այլ սուրիացիի մը եւրոպական երկրի մը մէջ հաստատումը միութեան անդամ երկիրներու քաղաքացիները պիտի մղէ պաշտպանելու իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ պիտի նպաստէ ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւններու ժողովրդականութեան բարձրացման, ինչ որ յաւելեալ թեւ ու թռիչք պիտի տայ անհանդուրժողականութեան ու այլատեացութեան եւ ի վերջոյ չքացնէ համաեւրոպական երազը:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail