11 ՄԱՐՏ 2016
10 մարտին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատուած է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կարելի է կոչել ռազմավարական գործընկերութիւն:
Նախագահները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուած է նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման հոլովոյթներու զարգացման հեռանկարին, միտքեր փոխանակուած են միջազգային եւ շրջանային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Վլատիմիր Փութինը քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին, առկայ խնդիրներուն եւ այդ հոլովոյթը յառաջ մղելու կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ կարիք չկայ բնութագրելու երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւնները, որոնք, իսկապէս, ռազմավարական գործընկերային յարաբերութիւններ են, եւ որոնք կը զարգանան յաջող կերպով:
«Վստահաբար, կան նաեւ առարկայական բնոյթի խնդիրներ, նկատի ունիմ, նախ եւ առաջ, մեր տնտեսական փոխադարձ գործակցութիւնը, հակառակ անոր որ ընդհանուր առմամբ մենք բաւարարուած ենք անով, որ մենք ինչպէ՛ս կառուցած ենք մեր յարաբերութիւններու հիմքը: Հիմնուելով անցեալին տրուած մեր միացեալ որոշումներուն վրայ, ես ոչ մէկ կասկած ունիմ, որ մենք կը խորացնենք համագործակցութիւնը նաեւ այս ուղղութեամբ:
«Դուք այս տարի կը ղեկավարէք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), եւ մեծ յոյս ունիմ, որ կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ ձեզի հետ` իբրեւ այդ միջազգային կազմակերպութեան նախագահողի, քանի որ ինքնին այդ կազմակերպութիւնը պատասխանատու է ապահովական հարցերուն, ահաբեկչութեան, կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարին, մեր սահմաններուն մէջ ամէն ինչ խաղաղ ըլլալուն: Եւ վստահաբար, Հայաստանի ներկայացուցիչը` արդէն ոչ թէ ազգային, այլ միջազգային պաշտօնեայի կարգավիճակին մէջ, բայց այնուամենայնիւ` ձեր գործընկերը, այժմ կը գլխաւորէ մեր յառաջատար համարկման տնտեսական միաւորումը` Եւրասիական տնտեսական միութիւնը: Այդ իսկ պատճառով, մենք շատ խօսելիք ունինք», եզրափակած է Ռուսիոյ նախագահը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Ուրախ եմ հանդիպումին համար եւ հարիւր տոկոսով համաձայն եմ ձեզի հետ, որ մեր յարաբերութիւնները շատ լաւ կը զարգանան: Ասիկա ընդհանրապէս շատ լաւ աւանդութիւն է` հանդիպիլ տարեսկիզբին` անցած տարուան աշխատանքի արդիւնքները ամփոփելու եւ ընթացիկ տարուան ուղեցոյցները սահմանելու համար: Ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ զինուորական-արհեստագիտական, ե՛ւ մարդասիրական մարզերու մէջ մենք լիակատար փոխըմբռնում ունինք, ու այդ յարաբերութիւնները շատ լաւ կը զարգանան:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի` բոլոր այն պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համար, որոնք մենք ձեռք բերած ենք մեր նախկին հանդիպումներուն ընթացքին: Ըլլալով ՀԱՊԿ-ի մէջ նախագահող, մենք մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք այն որոշումներու իրականացման, որոնք ընդունած ենք ՀԱՊԿ-ի սեպտեմբերեան եւ դեկտեմբերեան նստաշրջաններուն ընթացքին:
Մեզի, վստահաբար, կը մտահոգէ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին յարակից շրջաններուն մէջ լարուած իրավիճակը:
Ինչպէս դեկտեմբերեան նստաշրջանին, այնպէս ալ իմ այլ ելոյթներուն ընթացքին ես եւս մէկ անգամ բարձրաձայն կը յայտարարեմ, որ մենք հաստատապէս կ՛աջակցինք Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ դիրքորոշումին եւ կ՛ողջունենք այն պայմանաւորուածութիւնը, որ դուք ձեռք բերած էք զինուորական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու հետ: Ատիկա կրնայ այդ հարցի քաղաքական լուծման բանալին դառնալ:
«Այսօր կը սկսի աշխարհի ախոյեանութեան յաւակնորդներու մրցաշարքը, եւ քանի որ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը այդ մրցաշարքին հովանաւորն է, մենք բացումը նուիրած ենք Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:
«Այսօր նաեւ բացումն է քաղաքակրթական մեծ ցուցահանդէսի Ռուսիոյ պատմութեան թանգարանին մէջ, եւ ես վստահ եմ, որ այդ ցուցահանդէսը Ռուսիոյ քաղաքացիներուն կողմէ պիտի սիրուի եւ իր ներդրումը պիտի ունենայ մեր ժողովուրդներու բարեկամութիւն ամրապնդման գործին մէջ:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անձամբ ձեզի այն ջանքերուն համար, զորս կը գործադրէ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ: Մենք հաւատարիմ կը մնանք այդ տագնապի խաղաղ լուծման», ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Մոսկուայի Մէջ Նախարարներ Լաւրովի Եւ Նալբանդեանի Հանդիպում
Պաշտօնական այցելութեան Մոսկուա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 10 մարտին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան, պարբերական խորհրդատուութիւններու կայացման:
Նախարարներ Նալբանդեանն ու Լաւրովը միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային հրատապ հարցերու շուրջ:
Հանդիպումի աւարտին անոնք ստորագրած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ 2016-2017-ի խորհրդատուութիւններու ծրագիրը, որով կը նախատեսուի յառաջիկայ երկու տարիներուն արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ կայացնել միջազգային, շրջանային խնդիրներու, տեղեկատուական ապահովման, հիւպատոսական եւ այլ հարցերու վերաբերեալ շուրջ երեք տասնեակ խորհրդատուութիւններ:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com