Բանակը Զինուորական Որակական Գործողութիւն Մը Կը Կատարէ Ռաս Պաալպեքի Բարձունքներուն Վրայ` Ջախջախելով Ահաբեկիչները

11 ՄԱՐՏ 2016
kordzoghoutyun_panag_liban
Լիբանանեան բանակը իր պատմութեան մէջ հերոսական նոր էջ մը բացաւ, երբ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաս Պաալպեքի մէջ գործադրեց զինուորական որակական գործողութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ հարուածեց ահաբեկչական խմբաւորումները իրարու կապող ռազմավարական դիրք մը` սպաննելով մեծ թիւով ահաբեկիչներ:

Բանակը նախանցեալ գիշեր Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ բուռն բախումներ ունեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ:

Զինեալ բախումներուն ընթացքին բանակը կրցաւ լուրջ վնասներ հասցնել ահաբեկիչներուն շարքերուն մէջ:

Բանակին ռմբակոծումի գործողութիւնը, որ գործադրուեցաւ անկարգելաւորներու ջոկատին կողմէ, կոչուեցաւ «Ձեռքի հատում» գործողութիւնը: Անկարգելաւորներու զօրամաս մը ուղղուեցաւ Ռաս Պաալպեքի մէկ բարձունքը (ծանօթ` իբրեւ թիւ 64 բարձունք), որ ռազմավարական կեդրոն մըն է եւ ՏԱՀԵՇ-ի տարբեր դիրքեր իրարու կապող «հրապարակ» մը:

Բանակը սպաննեց այդ բարձունքին վրայ գտնուող բոլոր ահաբեկիչները եւ քանդեց անոնց զինուորական կեդրոնները:
kordsogoutyon-mohamed_sebsbi
Գործողութեան ընթացքին նահատակուեցաւ աքքարցի բանակային Մոհամետ Հուսամ Սըպըսպին, ծնեալ` 1993-ին, Պըպնին – Աքքար:

Բանակը գուժեց Սըպըսպիի նահատակութիւնը:

Նահատակ զինուորին յուղարկաւորութեան ընթացքին բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Ֆաուզի Խուրի յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն բանակին գործադրած որակական գործողութիւնը անգամ մը եւս փաստեց բանակին կարողութիւնը` երկիրը ահաբեկչութենէն եւ վտանգներէն պահպանելու առումով:

Խուրի ընդգծեց, որ ահաբեկչական բջիջներուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի եւ բանակը անխնայ պիտի հարուածէ զանոնք` ամէն տեղ, ամէն վայրկեան եւ ամէն տեսակի պայմաններուն մէջ:

«Բանակը երբեք պիտի չսակարկէ երկիրը պաշտպանելու իր իրաւունքը», ըսաւ Խուրի:
kordsogoutyon-kahwaji
Միւս կողմէ, Քահուաժի անդրադառնալով բանակին գործադրած որակական այս գործողութեան հաստատեց, որ երէկուան գործողութիւնը, պատգամ է, թէ բանակը կամք եւ որոշում ունի` թշնամին տապալելու: «Մենք պիտի յաղթենք ահաբեկչութեան եւ պիտի արգիլենք, որ ան իր նպատակները գործադրէ` քանդելով Լիբանանը եւ հաստատելով իր էմիրութիւնն ու տարածելով քաոսն ու սադրանքները», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ իրենք արթուն կը հսկեն երկրին ապահովութեան` ընդգծելով, որ բանակը աւելի քան երբեք հզօր է եւ ապացուցած, որ ինք ատակ է ահաբեկչութեան դէմ կռուելու:

«Պիտի չարտօնենք, որ ահաբեկչութիւնը լիբանանեան ներքին միասնականութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութեան սպառնայ», ըսաւ ան:

Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ իրենք պիտի հալածեն ու հետապնդեն ահաբեկիչները, ուր որ ալ ըլլան անոնք:
«Բանակը պիտի չարտօնէ, որ երկրին ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը վնասուի», ընդգծեց ան:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail