Մեր Նահատակները Կը Մարմնաւորեն Բոլոր Ժամանակներու Խիզախումները

11 ՄԱՐՏ 2016
mer nahadagnere-aztag-lousavor
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,
Երկնէր եւ ծովն ծիրանի.
Երկն ի ծովուն ունէր եւ զկարմրիկն եղեգնիկ.
Ընդ եղեգան փող ծուխ ելանէր,
Ընդ եղեգան փող բոց ելանէր.
Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ.
Նա հուր հեր ունէր,
Ապա թէ բոց ունէր մօրուս,
Եւ աչկունքն էին արեգակունք:
sarkis zeytlian
Սարգիս Զէյթլեան

Այսպէ՛ս երգած են մեր պապերը իրենց պաշտած հերոսին` Վահագնի ծնունդը: Մեր ժողովուրդը սիրած է իր փրկարար դիւցազնը. մեր թագաւորները Վահագնէն ուժ կը խնդրէին, որպէսզի հայրենիքի պաշտպանութեան համար վստահէին իրենց բազուկի ուժին:

Վահագնի դիւցազնական ժամանակաշրջանէն ետք մեր ժողովուրդի երկինքն ու երկիրը քանի՜ քանի երկունքներ ապրեցան. այդ երկունքներէն ծնունդ առին բազմաթիւ հերոսներ, որոնք հետեւեցան Վիշապաքաղին Ծիր Կաթինին, բիւրաւորներ նահատակ ինկան վասն հայրենիքի ու ազգի, դարձան հայութեան երկինքը պայծառացնող լուսաշող աստղեր, բացին հայուն ու հայրենիքին յաւերժութեան ճամբան:

Բոլոր դարերուն մեր ժողովուրդը երգեր հիւսեց նահատակներուն մասին, այդ երգերով զանոնք պահեց իր յիշողութեան ու կեանքին մէջ, յաջորդական սերունդներու կեանքերը իրարու կամրջեց եւ անոնց սխրանքով կեանքի կոչեց նոր հերոսներ:

Հայաստանի հողն ու երկինքը երկունքի մէջ էին նաեւ 19-րդ դարու վերջերուն, օսմանեան կարմիր ու ցարական սպիտակ բռնութիւններուն պատճառով:

Եւ ահա այդ երկունքէն ծնունդ առին նոր դիւցազուններ, որոնք համախմբուեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կարմիր դրօշին տակ, անոր վրայ գրեցին «Ազատութիւն կամ մահ» ուխտը, երդում տուին ի հարկին նաեւ իրենց կեանքը նուիրելու հայրենիքին ու ժողովուրդին պաշտպանութեան համար` նոր կեանք տալով Աւարայրի երգիչի պատգամին. «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»:

Կենաց-մահու ճակատումներու ուղին ընտրող ֆետայիները իրենց արիւնով գրեցին մեր նորագոյն պատմութեան էջերը, երգ մը ուզեցին բանաստեղծէն, որովհետեւ կ՛ուզէին երգելով մեռնիլ: Շատեր նահատակուեցան ու անմահացան մեր երգերուն մէջ: Դաշնակցութեան նահատակները դարձան Հայաստանի ու հայութեան նահատակները, ինչպէս որ հայութեան նահատակները մաս կը կազմեն Դաշնակցութեան նահատակներու փաղանգներուն:
apo achedjian
Աբօ Աշճեան

Նահատակութիւնը եղաւ հայուն ու Դաշնակցութեան պայքարին գերագոյն պսակը: Երբ ձայն մը հնչեց Էրզրումի լեռներէն, Սիփանի, Սասունի ու Արցախի բարձունքներէն, մեր ժողովուրդը երգեց` «Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ, արդէն ժամանակն է, թող գայ»: Մարտակոչին վրայ բուռ-բուռ նետուեցան անհաւասար կռիւի դաշտ` իրենց բազուկներուն մէջ զգալով Սասունցի Դաւիթին ահեղ ուժը:

Հայ գիւղացին, որ դարուց ի վեր սուր-զէնք չէր տեսած, դաշտը թողուց իր բահը եւ անոր տեղ զէնք առաւ, հայ տիկինն ու քոյրը ստիպեցին ամուսնոյն ու եղբօր, որ պատերազմի նետուին, վէրք տան-ստանան, իսկ հայ ծերունին լալով դիտեց պայքարը`  խնդրելով տեսնել հայրենիքի ազատութիւնը ու յետոյ մեռնիլ:

Շատեր ինկան նահատակ, իրենց արիւնով ոռոգեցին Սասունի, Վասպուրականի, Մուշի, Սեբաստիոյ հողերը, ու դեռ` Հայաստանի իւրաքանչիւր թիզ հողը, անսակարկ մարմնաւորելով անմահ Աբովեանի պատգամը. «Եթէ ազգ ու հայրենիք կ՛ուզէք պահել, մեռէք անոնց համար»:

***

Դաշնակցութեան 125 տարուան պատմութիւնը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պատմութենէն անջատ դրուագներու շարք չէ, այլ միախառնուած է անոր: Դաշնակցութեան բացած իրաւունքի ու ազատագրական պայքարներու ճամբան ոռոգուած է անուանի ու անանուն նահատակներու արիւնով:

Նահատակութեան ուղին խտրութիւն չէ դրած ղեկավարին ու պարզ զինուորագրեալին, երիտասարդին ու երիտասարդուհիին միջեւ, բոլորն ալ արժանացուցած է միեւնոյն փառաց պսակին:
lisboni deghak
Լիզպոնի հինգը

Մեր ժողովուրդին հետ միասին Դաշնակցութեան պայքարը կտրած է բազմաթիւ հանգրուաններ. իրարու յաջորդած էջերուն վրայ արձանագրուած են բիւրաւոր նահատակներու անունները, որոնք խորհրդանիշ դարձած են յաղթանակներու եւ նուաճումներու:

Հերոսապատումին մէջ նոր էջեր կ՛արձանագրուին այսօր ալ եւ պիտի շարունակուին, այնքան ատեն որ մեր հայրենիքն ու ազգը ունին անկատար տենչեր:

Պայքարի առաջին փուլերուն, Քրիստափորներուն, Արաբոներուն, Գէորգ Չաւուշներուն, Հրայր Դժոխքներուն, Աղբիւր Սերոբներուն կողքին, հազարաւոր անանուն ֆետայիներ իրենց կեանքերը զոհաբերած են հայութեան բագինին` Սասունէն մինչեւ Զէյթուն, Վան, Շապին Գարահիսար ու Սարդարապատ, կերտած են հերոսամարտեր, որպէսզի Հայաստանն ու հայը բարձր պահեն իրենց գլուխները, իրենց տեղը պահպանեն աշխարհի բեմին վրայ:

Խանի պէս քաջեր զոհուած են, նահատակուած է հայդուկապետ Քեռին: Անոնք առանց հետք ձգելու չեն գացած, այլ մինչեւ այսօր ալ կ՛ապրին մեր կողքին, կը մնան անմահ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը պաշտելու չափ սիրած է զանոնք ու իր սրտին մօտիկ պահած է երգերով:

Խանասորի արշաւանքին նետուած ֆետայիները գոռացած են. «Կռուեցէք, տղէք, կռուեցէք քաջ-քաջ® Յառաջ խիզախենք իբրեւ նահատակ»: Հայուն ու Դաշնակցութեան ֆետային եղած է անկեղծ զինուոր, ուխտած է ծառայել  հայրենիքին ու անոր սիրոյն մեռնիլ` համոզուած, որ միայն զէնքով կայ հայուն փրկութիւն: Այդ երգը այսօր ալ կը հնչէ Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ…

Ֆետային նախապատիւ սեպած է նահատակուիլ առանց հացի, քան` յանձնուիլ վատ թուրքին: Նահատակութեան ուղին ընտրած ֆետայիները վիրաւոր ինկած են Գարահիսար լերան կրծքին կամ Սուլուխի կռիւին, ինկած են բանտ, կախաղան բարձրացած են, սակայն կախաղանէն ու գերեզմանէն իսկ գոչած են` «Ա՜խ, Հայաստան»:

Հայ մայրը իր երիտասարդ զաւակին ձեռքը զէնք դրած է գիրքի փոխարէն եւ հրամայած` անոր. «Գնա՛, ազգիդ համար կռուէ եւ մեռիր, որպէսզի հայրենիքդ ու ազգդ ապրին»: Հայրը ուզած է իր վերջին զոյգ մը եզը ծախել, որպէսզի իր Կիկոն տանի-գրէ ֆետայի, զայն նուիրաբերէ հայրենիքի պաշտպանութեան խորանին:

Պանք Օթոմանը գրաւող նուիրեալներուն պետը` Բաբգէն Սիւնին նահատակ ինկաւ, որպէսզի հայութեան անտեսուած իրաւունքներուն արձագանգները հասնին բռնատէր թուրքի դաշնակիցներուն ու մրցակիցներուն, իսկ նահատակ Պետրոս Սերեմճեանը իր արեան շիթերը իբրեւ օրինակ կտակեց հայութեան պաշտպան զինուորներուն: Մենք այսօր ալ կ՛երգենք մեր նահատակ ֆետայիներուն ու հերոսներուն պարծանքը:

Աւարայրէն ջանք ըրած հերոսները պահ մը կանգ առին Սարդարապատի պատին տակ: Հայութեան ու Դաշնակցութեան նահատակներու արիւնով կերտուած Սարդարապատէն, Բաշ Ապարանէն ու բազում հերոսական խոյանքներէն ծնունդ առաւ անկախ Հայաստանը եւ դարձաւ հայութեան երազներուն, յոյսերուն ու տենչերուն խարիսխը: Սարդարապատի նահատակներուն գերագոյն զոհաբերութեան արդիւնքն ալ եղաւ գերագոյն եւ հիմը դրաւ անկախ Հայաստանին, որ կ՛ապրի մինչեւ այսօր եւ դեռ պիտի ապրի ու զօրանայ:

Ռուբէնի, Վահան Փափազեանի, Վրացեանի ու շատ շատերու յուշերուն մէջ անդադար կը տողանցեն պայքարի առաջին փուլերու մեր հերոսներն ու նահատակները` անժամանցելի պատգամներ ուղղելով ապրող սերունդներուն:

***
toushman-VARTAN
Վարդան Ստեփանեան, Դուշման: 8 մարտին Դուշմանը պիտի դառնար 50 տարեկան:

Անկախ Հայաստանի անկումէն ետք, Ցեղասպանութենէն փրկուած ու աշխարհացրիւ դարձած հայութիւնը տասնամեակներ շարունակ իր հոգիին աչքերը սեւեռած պահեց Հայաստանին:

Պարտադրաբար երկու թեւի վերածուած հայութիւնը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, ազատատենչութեան եւ անկախութեան վերահաստատման համար ներշնչման աղբիւր պահեց մեր նահատակներուն կտակը, անկէ բխած պատգամներով ուժ կուտակեց եւ դիմացաւ ստալինեան հալածանքներուն, ինչպէս նաեւ` իր նոր բնակավայրերը դարձած երկիրներուն ահաւոր տագնապներուն: Բ. Աշխարհամարտին մէջ նետուած հայկական բանակներուն շարքերէն ինկան բիւրաւոր նահատակներ, որոնք ներշնչում առած էին բռնատիրութեան դէմ պայքարի դասերէն: Բազմաթիւ նահատակներ հայրենիք վերադարձան իբրեւ յուշարձաններ®

Տասնամեակներ շարունակ հայութեան նաւը անցաւ բազմաթիւ փոթորկոտ ծովերէ եւ ովկիանոսներէ: Իրերայաջորդ փոթորիկներ նոր նահատակներու աստղերով զարդարեցին Դաշնակցութեան ու հայութեան մութ երկինքները` բազմիցս հաստատելով ու վերահաստատելով այն ճշմարտութիւնը, որ Դաշնակցութեան նահատակները հայութեան նահատակներն են, ինչպէս որ հայուն մղած բոլոր ճակատամարտերուն ինկած նահատակները Դաշնակցութեան նահատակներն են:

Աշխարհամարտէն տասնամեակներ ետք վրայ հասան Լիբանանի ու Սուրիոյ տագնապները, վերջինը կը շարունակուի նաեւ այսօր:

Լիբանանի հայութեան ինքնապաշտպանութեան ուղին ոռոգուեցաւ հարիւրաւոր անուանի ու անանուն նահատակներու արիւնով: 1890-ին բարձրացած Դաշնակցութեան դրօշը այս անգամ Լիբանանի մէջ իր շուրջը բոլորեց մեր ազատ կամքին բռնացողներուն դէմ խիզախողները:

Աբոներուն, Զաւէններուն, Զէյթլեաններուն, Ազնաւորեաններուն ու Խաչիկներուն կողքին, նահատակ ինկան Ճորճիկներ, Սարգիսներ, Յարութներ, Սիմոններ, Րաֆֆիներ, Եղիկներ ու երիտասարդներու ամբողջ փաղանգներ, որպէսզի Լիբանանի հայութեան զանգուածները մնան ապահով:

Զուգահեռ գիծի մը վրայ, Ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ետք խմորուած մթնոլորտին մէջ, հայութեան պահանջատիրական երթը վերականգնեց նաեւ ուժական պայքարի ուղին: Հոն եւս Դաշնակցութիւնը դարձաւ Հայ դատի դրօշը բարձր պահող գլխաւոր ուժը եւ ներշնչման աղբիւր եղաւ Թուրքիոյ պետութեան իրերայաջորդ հարուածներ հասցնող հերոսներուն:

Տասնամեակներ առաջ Դաշնակցութեան կերտած Պանք Օթոմանի եւ Հայկական Նեմեսիսի  հերոսապատումները արձագանգ գտան Լիզպոնի եւ արեւմտեան այլ ոստաններու մէջ` ի վերջոյ պայթեցնելով նաեւ Արցախի ազատագրական պայքարը: Ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրքը հալածող հայոց մարտիկները Լիզպոն, Պելկրատ եւ այլ ոստաններ հասան` նոր նահատակներ միացնելով պանծալիներու փաղանգներուն:

Լիզպոնի հինգ հերոսները Դրոյի ու Թեհլիրեաններու ժառանգորդ խենթեր էին, որոնք մեր պահանջատիրական Դատին մատաղ ըրին իրենց կեանքերը, աշխարհին յիշեցուցին մեր անսակարկելի իրաւունքները, եւ Հրայր Դժոխքի նման, գործնապէս կոչ ուղղեցին, որ իրենց գերեզմանին կանգնած արձանը ըլլայ յաղթութեան կոթող, որպէսզի յաջորդ սերունդները տեսնեն, որ իրենց ընկերները զոհ ինկած են վասն Հայաստանի ու հայութեան իրաւունքներուն:

Հայութեան այս հինգ նահատակներուն վերջին հանգստավայրը արդէն ուխտատեղի է, անոնք անմահ կը մնան մեր երգերուն մէջ:

Արցախի, Շահումեանի ու Գետաշէնի երկարատեւ ճակատումներուն հայ հերոսներ նահատակ ինկան հայութեան ու Դաշնակցութեան երթը պահպանելու համար: Վարդաններ, Պետոներ, Շահէններ, Տուշմաններ ու բազում նահատակներ իրենց կողքին ունեցան Մհերներ ու Վիգէններ: Մեր ժողովուրդը չուշացաւ Արցախի նահատակները անմահացնելու իր երգերով, որոնք ծնունդ առին դաժան կռիւի օրերուն իսկ ու մեր կեանքերը կը պայծառացնեն նաեւ այսօր:

Մեր նահատակները չգիտցան, որ Եռաբլուրը պիտի ըլլար իրենց վերջին ժամադրավայրը, սակայն գիտակցուած մահով վկայեցին, որ Հայաստանն ու Արցախը ամբողջ ու միացեալ հայութեան հայրենիքն են, դեռ մեր սիրտերուն ունինք արեան կանչեր, որոնք վաղը մեզ պիտի առաջնորդեն Ջաւախք, Նախիջեւան ու Արեւմտեան Հայաստան, հոն, ուրկէ սկիզբ առաւ Դաշնակցութեան ու հայութեան նահատակներուն դարաւոր երթը:

Այսօր ալ երիտասարդ բանակայիններ նահատակութեան էջեր կ՛արձանագրեն ամէն օր: Արցախի սահմաններուն վրայ կը զոհուին գարուն կեանքեր: Հայու այսօրուան նահատակները կը միանան Դաշնակցութեան նահատակներու հոյլին` խորապէս գիտակցելով, որ իւրաքանչիւր նահատակի հոգին աստիճան մը աւելի կը զօրացնէ հայրենիքը, ժողովուրդին կամքը, դիմադրականութիւնը:

Դիւցազն Վահագնի եւ Հայկ Նահապետի խիզախումներու օրերէն սկսած երթը կը շարունակուի աննահանջ` նոր աւիշ ստանալով նահատակներու արիւնէն:

Մեր պատմութեան կերտումին մէջ պաշտելի ու պանծալի պատուանդան ունին մեր նահատակները, որովհետեւ անոնք լաւագոյն աշակերտներն են մեր պատմութեան, կը մարմնաւորեն բոլոր ժամանակներու խիզախումները:

Մեր երգերը մեր ժողովուրդի դարաւոր կեանքին մէջ անմահ կը պահեն նահատակներ. անոնք Դաշնակցութեան ու հայութեան նահատակներն են միաժամանակ, որովհետեւ նահատակներուն միջեւ խտրութիւն կարելի չէ դնել:

Բոլորն ալ պայքարի դաշտ նետուած էին Դաշնակցութեան քայլերգին ներշնչումով, որպէսզի մշակ ու բանուոր միանան միտքի ու զէնքի պայքարի դաշտերուն մէջ, որպէսզի տանջանք ու զրկանք լեզու առնէին ու ճամբայ բանային Դաշնակցութեան գործին առջեւ:

Իմացեալ մահուան դիմողները, Դաշնակցութեան ու ողջ հայութեան անցեալի ու այսօրուան նահատակները մարմնաւորած են ու այսօր ալ կը վկայեն այն ճշմարտութիւնը, որ`

Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մէկ անգամ պիտ մեռնի,
Բայց երանի որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail