Յիշենք Ու Գործենք

11 ՄԱՐՏ 2016

apo-oreorin
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նահատակ հերոսներու յիշատակը յարգելու համար պիտի հաւաքուինք վաղը՝ Կիրակի, երեկոյեան ժամը 5ին, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահը:

Նահատակներու յիշատակը յարգելու կոչուած ձեռնարկի մը ներկայ ըլլալով, անշուշտ, չե՛նք կրնար բաւարարուիլ:
Նախ եւ առաջ, ի՞նչ կը նշանակէ յարգել նահատակներու յիշատակը:

Ներկայ ըլլալով ոգեկոչական կամ յարգանքի ձեռնարկի մը՝ կրնա՞նք մենք զմեզ համոզել, որ մեր պարտքը կատարեցինք հազարաւոր այն հերոսներուն հանդէպ, որոնք զոհաբերեցին իրենց կեանքը, եւ որոնց գերագոյն նուիրաբերումին շնորհիւ այսօր մենք գոյութիւն ունինք իբրեւ ազգ, իբրեւ պետութիւն:

Նահատակները ընդհանրապէս գնահատուելու, յիշուելու ակնկալութիւն ունեցողներ չեն եղած: Անոնց գիտակցական բարձրագոյն մակարդակը միակ մղիչ ուժը եղած է իրենց գործողութիւններուն, իրենց հրաշալի խենդութիւններուն:

Անոնք, որոնցմէ շատերուն անունները թերեւս չյիշենք, մեզի ժառանգած են մեր ժողովուրդին հանդէպ պարտքի ու պարտաւորութեան զգացողութիւն մը, որ մեզ պէտք է մղէ աշխատանքի, մեզ պէտք է առաջնորդէ դէպի հաւաքական նպատակներու ի խնդիր ծառայութեան:

Նահատակներուն արիւնով գրուած է մեր յաղթանակներու պատմութիւնը:

Նահատակներուն արիւնով շահուած է մեր ազգային արժանապատուութիւնը:

Նահատակներուն արիւնով հարստացած ազգային մեր աւանդը ամէնէ՛ն հզօր երաշխիքն է մեր գոյատեւման՝ թէ՛ իբրեւ ազգ եւ թէ իբրեւ պետութիւն:

Սովորական մահկանացուներուս համար անվերծանելի, անհասկնալի խորհուրդի մը կրողներն են նահատակ հերոսները…
Յաւե՜րժ փառք անոնց յիշատակին: Ծառայութեան ու նուիրումի անհասանելի բարձունքներէն անոնք մեզի կը պատգամեն շարունակել պայքարը՝ յանուն մեր ազգի, մեր հայրենիքի փառաւորման։

ԱՍՊԱՐԵԶ
asbarez.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail