Սէուտական Պատուիրակութիւնը Հեռացած Է Արաբական Լիկայի Նիստէն. Ժաաֆարի. «Ան Որ Ժողովրդային Դիմադրութիւնն Ու Հըզպալլան Ահաբեկչութեան Յանցանքով Կ՛ամբաստանէ, Ինքն Է Ահաբեկիչը»

12 ՄԱՐՏ 2016
Jaafari_AZTAG
Իպրահիմ Ժաաֆարի

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ պաշտպանած է Հըզպալլան, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ սէուտական պատուիրակութիւնը հեռանայ ժողովէն:

Աղբիւր մը Իրանեան լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ժաաֆարի յայտարարած է. «Ան որ Ժողովրդային դիմադրութիւնն ու Հըզպալլան կ՛ամբաստանէ ահաբեկչութեան յանցանքով, ինքն է, որ կ՛աջակցի ահաբեկչութեան եւ կ՛որդեգրէ զայն»:

Ժաաֆարի զօրակցութիւն յայտնած է Հըզպալլային` ընդգծելով, որ Ժողովրդային դիմադրութիւնն ու Հըզպալլան «արաբներու պատիւը պաշտպանեցին»: Ան նշած է. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլան արժէքներն ու սկզբունքները պաշտպանող արաբ հերոս մըն է»:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Սումարիյա Նիուզ»-ին յայտնած է, որ սէուտական պատուիրակութիւնը Ժաաֆարիի արտասանած խօսքէն ետք հեռացած է Արաբական լիկայի ժողովի սրահէն:

Յիշեցնենք, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդն ու արաբ ներքին գործոց նախարարները անցեալ շաբաթ անջատաբար Հըզպալլան նկատած էին «ահաբեկչական կազմակերպութիւն»:

Միւս կողմէ, Իրանի հետ ճգնաժամի զարգացումներուն եւ արաբական ներքին հարցերուն անոր միջամտութեան դիմակայման միջոցներու քննարկման հարցով Արաբական նախարարական քառանդամ յանձնախումբը դատապարտեց իրանեան միջամտութեանց շարունակութիւնը:

Յանձնախումբը լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ երէկ գումարած իր ժողովին ընթացքին Իրանէն պահանջեց դադրեցնել միջամտութիւնները, որոնց շարքին` ահաբեկչական ու խափանարարական արարքներու իր աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն դէմ իրանցի պաշտօնատարներու թշնամական եւ գրգռիչ յայտարարութիւնները:

Յանձնախումբը Իրանին կոչ ուղղեց յարգելու արաբական երկիրներու գերիշխանութիւնն ու բարի դրացնութեան սկզբունքը: Յանձնախումբը իր որոշումները յղեց Արաբական լիկայի նախարարական մակարդակով խորհուրդին:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail