Յարութիւն Մանճեան
Յարութին մասին գրելը շատ դժուար բան է. առեղծուածային երիտասարդ էր: Փորձեմ, սակայն, որքան կարելի է, եթէ ոչ ամբողջական, գոնէ որոշ չափով պատկերացում տալ, եւ յիշել իմ սիրելի ընկերս. պիտի չուզէր սիրելի բառը լսել. տկարութիւն էր իրեն համար, չէ՞ որ գիւղի էրքէկ մարդ էր:
Յարութը իմ ամենամօտ ընկերս էր. թող միւս ընկերներս չնեղանան: Մահէն ետք կինը` Անժելը, կնոջս ըսած է, թէ ինչպէ՞ս լուր պիտի տանք Շանթին ե՞ս իրեն ցաւակցութիւն պիտի յայտնեմ, թէ՞ ինք ինծի. Շանթը Յարութին համար ամէն ինչ էր: Գիտէի այդպէս է եւ կը բարկանայի ու կը մեղադրէի զինք. իրականին մէջ ես ալ նոյն վերաբերմունքը ունէի իրեն նկատմամբ, բայց` ոչ նոյն չափով:
Յարութը որքան խոհական, նոյնքան եւ աւելիով զգացական երիտասարդ էր. ան պարզապէս իմ ամենամօտ ընկերս էր: 1981-ի աշնանային օր մը, երբ համալսարանի հայերու անկիւնը նստած էինք, հայերու անկիւնը քաֆիթերիային առջեւի մէկ կողմն էր, ուր հայ ուսանողները կը հաւաքուէին, Յարութը յանկարծ փիլիսոփայեց. «Դուն հսկայ մըն ես»: «Ես նիհար, կարճ եւ ակնոցաւոր, ինչպէ՛ս կրնայի հսկայ ըլլալ», եղաւ իմ անմիջական հակադարձութիւնս. «Ես այդ իմաստով չըսի», պատասխանեց:
Յարութին ծանօթացայ 1980-ի սկիզբը` Սարդարապատ ակումբ: Ելանք իր տննիկը: Քեռիները իրեն սենեակ մը տուած էին անուշավաճառ Փանոսին ետեւի շէնքին երրորդ յարկը: Հազիւ ինք կը բաւէր սենեակին մէջ. մահճակալ մը, սեղան մը, թափթփած հագուստներն ու գիրքերը եւ` շուրջ 140 քկ Յարութը: Սենեակէն եւ ամէն ինչէն նոյն հոտը կ՛ելլէր: Յաճախ կ՛ըսէր. «Կը գանի՞ս կոր, չէ՞». ես ալ, իբր թէ նման հոտերու կարեւորութիւն չտուող, «Ի՛նչ հոտ կայ որ», կ՛ըսէի: Ամէն օր նոյն յանկերգը:
Պատերազմի տարիներ էին. հայկական թաղերու պաշտպանութիւն եւ Հայ դատի պայքար. բոլորս խանդավառ կ՛աշխատէինք: ԼԵՄ-ի կեդրոնը «մեղուի փեթակի» վերածուած էր: Ամէն գիշեր ժողով` մինչեւ ժամը 12:00. ապա, 12:00-էն 3:00 պահակութիւն. յետոյ` Մարաշ թաղի փաչաճի Գեղամին քով փաչա թօթուել: Ես մսեղէնի մօտ չէի. Գեղամը ինծի կ՛ըսէր` «Կե՛ր, կե՛ր, իլիկները քեզի կը գիրցունեն». իսկ Յարութին` «Կե՛ր, կե՛ր, լեմոնն ու պիպերը քեզի կը նիհարցունեն»:
Գեղամը ուրախ էր, որ մեզ կը խաբէր: Քնանալու հազիւ մէկ-մէկուս ժամ կը մնար: Պէտք էր կանուխ արթննայինք, որովհետեւ դէպի արեւմտեան Պէյրութ ինքնաշարժներու անբնական խճողում կ՛ըլլար. ժամը ութին համալսարան պէտք էր հասնէինք: Ես թըռ-թըր «Ֆիաթ» մը ունէի. Յարութը յաճախ կ՛ըսէր, թէ ինչո՞ւ «բոլորին աչքը» «Ֆիաթ»-իդ վրայ է:
Կ՛երեւի մարդիկ չէին նկատեր, որ ճմռթկուած էր, յաճախ մեզ ճամբան կը ձգէր եւ լոյսերը շէնքերուն երրորդ յարկերը կը ցուցնէին: Ժամը 5:00-ին ճամբայ կ՛ելլէի: Սկզբունքով «Ֆիաթ»-ին բարձր ու խռպոտ ձայնը պէտք էր արթնցնէր Յարութը. բայց քունը ծանր էր: Ստիպուած էի օթոս շարելու տեղ գտնել, երրորդ յարկ ելլել եւ ուշացած ու ջղային` պէտք էր լսէի Յարութին որոտացող խռմբոցը եւ կլլելու տննիկին հանապազօրեայ հոտը:
Ի վերջոյ, շուրջ երկու ժամ ճամբորդութենէ ետք կը հասնէինք համալսարան: Ժամը մէկի ընդմիջումին ժամադրուած կ՛ըլլայինք դուրսի դրան առջեւ, երթալու մօտակայ ճաշարան մը` ֆուլ կուլ տալու: Յարութը մէկ պնակով եւ 2 փեփսիով չէր կշտանար. կ՛ուզէր, որ անպայման ես ալ պնակ մը աւելի ուտէի. մինակը ուտելու կ՛ամչնար: Ահա այս տեսակ ամչկոտութիւն ունէր ընկերս. հաշիւ չէր ըներ, թէ որքան դրամ մնացած կ՛ըլլար մեր քով:
Շաբաթը երբեմն մէկ կամ երկու օր ճեմարան կամ ակումբ կը մնայինք. արեւմտեան Պէյրութը եւ արեւելեան Պէյրութ զիրար միացնող ճամբաները գոցուած կ՛ըլլային ռմբակոծումներուն պատճառով:
Յարութը laboratory technitian-ի ուսանող էր, բայց խելքն ու միտքը` հայագիտութեան մօտ: Ես ալ իբր թէ բնագիտութիւն կ՛ընէի: Եթէ գիշեր մը ակումբ պիտի մնայինք եւ մեր գիրքերն ու տետրակները ճեմարան ըլլային, յաճախ ու յանկարծ, փողոցը Ամալի եւ Ընկերվար-յառաջդիմական զինեալներուն միջեւ բախումներ ծայր կու տային եւ փողոց իջնելը անկարելի կը դառնար: Եւ եթէ յաջորդ օր քննութիւն ունենայինք, համալսարանի դասախօսները նկատի չէին առներ իւրաքանչիւր ուսանողի պարագան: Ահա այսպէս անցան մեր ուսանողական տարիները: Ո՞ւր էին մեր 100-ները:
Յարութը ճանչցայ երիտասարդականի գործերուն ընթացքին եւ ճաշասեղաններուն շուրջ մեր ունեցած զրոյցներուն. քարիզմա, ընկերասէր, հզօր միտք, աշխատասէր, ծոյլ, քմահաճ, կամքի տէր, նախանձոտ, անկեղծ, թափթփած, շատակեր, արուեստասէր, ուժեղ բնազդ. այսպիսի հակասութիւններով լեցուն երիտասարդ մըն էր ընկերս: Ես ալ զինք ջղայնացնելու համար կ՛ըսէի` «Դուն պոշիզմ ես…»: Կը կատղէր, եւ ահա կռիւ մը ծայր կու տար. երկուքս ալ քոնկ ֆու սորված էինք. բայց ինձմէ աւելի հուժկու ըլլալով` ընդհանրապէս ինք կը յաղթէր, երբեմն ալ` ես, որովհետեւ ճկուն էի:
Յարութը քարիզմաթիք մարդ էր. նախ չափազանց կը սիրէր Քրիստափոր Միքայէլեանը (դէմքով ալ կը նմանէր անոր): Շրջանակի մէջ տպաւորիչ եւ քաշողական ներկայութիւն էր` Քրիստափորին նման:
Ընկերասէր. անգամ մը, որ մէկու մը համակրէր, ալ չէր հրաժարեր անկէ: Շատ զօրաւոր հոտառութիւն ունէր: Առիթով մը, իբր թէ զիս պիտի փորձէ, գիւտ ընողի պէս յայտնեց. «Եթէ պատահի, որ իմ մարմնիս ամբողջ արիւնը պիտի փոխուի, արիւնդ կու տա՞ս ինծի». մտածեցի եւ տղայական ճարպիկութեամբ (wise guy) պատասխանեցի. «Չէ՞ որ մենք ընկերներ ենք. իմ երակներուն մէջէն հոսող արիւնը եւ քու արիւնդ տարբերութիւն չունին. ուրեմն, ի՛նչ կարիք կայ արենափոխանցում կատարելու»: «Դուն մեծ սրիկայ մըն ես», ըսաւ:
Հզօր միտքը կը ստեղծուէր, երբ բարկացած ըլլար, թէ՛ ենթակայական եւ թէ՛ առարկայական տրամաբանութիւն: Ոչ ոք կը դիմանար անոր մտային կարողութեան դիմաց. կարծես մերձմիջնադարեան Դաւիթ Անյաղթը ըլլար: Իր համոզումներուն մէջ անզիջող էր: Թէեւ գիտական-ուսողական միտք չունէր, միտքը համակ տրամաբանութիւն էր. եւ` յամա՛ռ:
Աշխատասէր. երբ պարտականութիւն մը ստանձնէր, ամէն գնով ժամանակին կը հասցնէր` պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցումով եւ բարեխիղճ ու բծախնդիր պատրաստութեամբ: Իրեն համար աշխատասիրութիւնը կեանքի մէջ յաջողելու գաղտնիքն էր:
Հակառակ աշխատասիրութեան` երբեմն ծոյլ ու անտարբեր ալ կ՛ըլլար. նոյն անձին մէջ այսքան տարօրինակ հակասական բնաւորութիւն կ՛ըլլա՞յ եղեր. Յարութը այդպէ՛ս էր. չե՛մ ըսեր` անկայուն: Կը կարծեմ, որ ծուլութիւնը հարցի մը կամ նիւթի մը հանդէպ իր չսիրելէն կու գար:
Յարութը նաեւ քմահաճ էր. կ՛ուզէր ամէնքը իր շուրջ դառնան, ինչպէս մոլորակները` արեւուն:
Կամքի տէր. Յարութին նման կեանք ապրող մը անխուսափելիօրէն կամքի տէր պէտք էր ըլլար. երբեմն յուսահատական պահեր ալ կ՛ապրէր. բայց այնպէս կ՛ընէր, որ մէկը չնկատէ ատիկա: Կը յիշեմ` անգամ մը աչքերէն արցունք հոսեցաւ. «Այլեւս պիտի չլա՛մ, եւ ոչ ոք արցունքներս պիտի տեսնէ»:
Նախանձոտ. այդքան ինքնավստահ Յարութը երբեմն իրմէ աւելի կարողութիւն ունեցող մարդոց հանդէպ զարմանալի նախանձ ունէր. յաճախ նոյնիսկ անոնց բացակայութեան անարդարօրէն կ՛արժեզրկէր զանոնք:
Անկեղծութիւնը Յարութին բնորոշ յատկանիշներէն գլխաւորն էր. կեղծիք չունէր. անոր համար ալ յաճախ շատ սուղ գին կը վճարէր: Եթէ մարդ անկեղծ չէ, ոչ միայն մարդկային հիմնական արժէքէն զուրկ կ՛ըլլայ, այլ մա՛րդ չ՛ըլլար, կ՛ըսէր: Առիթով մը խօսեցաւ. «Ինծի հետ ապրիլը շատ դժուար բան է. Անժելը ուղղակի ֆետայի է»:
Թափթփած. հոս ալ հակասութիւն մը կար. յաճախ այնքան բծախնդիր էր իր գիրքերուն, տետրակներուն եւ գրութիւններուն վրայ, կը զարմանաս, թէ ինչպէ՛ս տարբեր առիթներով թափթփած կ՛ըլլար անոնց հանդէպ:
Արդէն վերը յիշեցի շատակերութենէն օրինակ մը: Երբեմն կ՛ըսէի իրեն` «Եթէ դուն Շարայի որկորը ունիս, մենք Շիրակայ ամբարները չունինք: Խօսքի տակ չէր մնար ու կը հակադարձէր. «Բան մը լսեր ես, միշտ կը կրկնես»: 1987 օգոստոսի կիրակի օր մը Յարութենք զիս եւ կինս հրաւիրած էին Այնճար: Ճաշը դարձող հաւ էր` ֆարրուժ. կինը անդրադարձաւ, որ պատրաստ համմոս չկար. «Յարո՛ւթ, Շանթին հետ գացէք, համմոս բերէք»: Հասանք հաւճիին. համմոս ապսպրեցինք: Հաւճին վիթրին մը ունէր, ուր ամէն տեսակ ուտելիք կարելի էր գտնել: Յարութը առաւ «մարս» շոքոլայ մը եւ մեծ շիշ «Միրինտա»: Յարո՛ւթ, ի՞նչ կ՛ընես, քիչ ետք արդէն պիտի ճաշենք. «Վնաս չունի, աս ալ կ՛ուտենք, ա՛տ ալ»:
Ուժեղ բնազդ. յաճախ կը վիճաբանէինք բնութեան ուժերուն մասին:
Իրեն համար առիւծին կամ վագրին իրաւունքն էր եղնիկ կամ ֆիզիքապէս տկար անասուններ ուտելը. նոյն ձեւով մարդ արարածին բնութենական իրաւունքն էր վարուիլ անասնական բնազդով. օրինակ կը բերէր մարդու գոյութեան եւ սեռային բնազդները: Սակայն ես համոզուած էի, թէ մարդը համադրական կազմաւորում մըն է` բնազդային եւ բանական գործօններու: Յարութը կը պնդէր, որ բնազդային կիրքը կ՛իշխէ մարդուն մէջ:
Մարդը անասուններէն կը տարբերի միայն իր խօսելով. ճշմարտութիւն կար. ժամանակակից ընկերաբանութիւնը այս մասին գործնական ուսումնասիրութիւն կը կատարէր, բայց տակաւին որոշ եզրակացութեան չէր հասած: Անշուշտ ես ալ կը պնդէի իմ տեսակէտիս վրայ: Գիշերներ կը լուսցնէինք ազգային խնդիրներուն կողքին` նման հարցեր ծեծելով. հետաքրքրական, սակայն` առանց ելք գտնելու:
Յարութը նաեւ արուեստասէր էր. շուի, աքորտէոն, հարմոնիքա, չաթ-փաթ դաշնամուր, նկարչութիւն, գեղանկարչութիւն: Եթէ դասընթացքի հետեւէր, անպայման արուեստագէտ կը դառնար:
Ընկերս նշանաւոր էր նաեւ իր խռմփոցով. մարդ նոյնիսկ կողքի սենեակին մէջ չէր կրնար քնանալ: Կրնա՞ք երեւակայել նոր ամուսնացած Անժելին վիճակը: Օր մը, երբ Վերան, ես, Անժելը Յարութին արտառոց բարձրաձայն խռկալուն մասին կը խօսէինք, Անժելը յայտնեց, որ «Սկիզբը անկարելի էր քնանալս. իսկ հիմա ինքզինքս ապահով կը զգամ. ըսի` «Ասիկա սիրոյ արտայայտութիւն է»:
Սարգիս Զէյթլեանին քրոջ զաւակն էր. ասիկա իրեն եւ ինծի համար շատ բան կը նշանակէր: Անոր ճամբով պիտի քալէր, բայց սկիզբը առիթ չտրուեցաւ իրեն եւ հետագային առողջական վիճակին վատթարացումը թոյլ չտուաւ, որ Զէյթլեան-դաշնակցականի գծած ուղիին հետեւի: Ամէն պարագայի, եթէ մէկը ուզէ նպատակի մը հասնիլ, ամէն գնով պէտք է պայքարի անոր համար. նոյնի՛սկ նահատակութեան կամ ամբողջ կեանքը ազգին ծառայեցնելու համար, անձնակա՛ն նախաձեռնութիւն կը պահանջուի, այլապէս ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւէ, պայքարի եւ իր հակակշռէ հետագայի քաղաքական եւ ռազմական յորձանուտներուն դիմաց:
Յարութին եւ իմ տեսակէտները յաճախ չէին համընկներ: Վերը յիշուած բնազդային-բանական հարցէն զատ, ուրիշ նիւթի մէջ ալ յաճախ տարակարծիք էինք. ինք թունդ դէմ էր ձախակողմեան ամէն գաղափարի` ազգայնամոլ ըլլալու չափ. ես կը պնդէի ազգայնական-ընկերվարական-ժողովրդավարական-ազատական տեսութեան վրայ. «ասիկա Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնն է», կ՛ըսէր: Այսուհանդերձ, վստահ էի, որ ինք ալ համոզուած դաշնակցական էր. հաւանաբար կը փորձէր անցեալի մարտական-մտաւորական շինծու մթնոլորտը ստեղծել:
Հազիւ ձեւով մը համոզուած էի Մհերին եւ Արմէնին կորուստին` զայն կապելով երկնային նախախնամութեան, այլապէս մարդու վրայ խենթութիւն կու գայ. ահաւասիկ երրորդ հարուածը` Յարութը: Յարութին մասին որքան գրես, քիչ կը թուի ըլլալ:
http://mousaleranjar.com