Խոհեր Արեւմտահայերէնի Ապագային Շուրջ. Հարցազրոյց Անի Կարմիրեանի Հետ

10 ՄԱՐՏ 2016
Armenian_alphabet-yerakouyn
Ցեղասպանութե­նէ ետք հա­յերը ցրուելով աշ­խարհով մէկ, գո­յացաւ նաեւ լե­զուն պա­հելու խնդիր մը։
Ամէն սե­րունդ իրապ­րած աշ­խարհագ­րա­կան հա­տուա­ծի պայ­մաննե­րուն հա­մապա­տաս­խան
դժուարու­թիւններ յաղ­թա­հարե­լու փոր­ձին մատ­նուեցաւ։

Արեւմտա­հայե­րէնը կեն­դա­նի եւ կեն­սունակ պա­հելու հա­մար ծրագիրներ կը մշա­կուին։
Ներ­կայ պայ­մաննե­րուն մէջարե­ւելա­հայե­րէնը իբ­րեւ Հա­յաս­տա­նի պե­տական լե­զու, աւե­լի
ապա­հով դիր­քի մէջ է։

Միւս կող­մէ սփիւռքի տա­րած­քին գլխա­ւորու­թեամբ Թուրքիոյ, Լի­բանա­նի, առհասարակ Մի­ջին
Արե­ւել­քի եւ ամ­բողջ սփիւռքի մէջ օգ­տա­գոր­ծուած արեւմտա­հայե­րէնը ձուլման հե­տեւան­քով
մո­ռացու­թեան եւ կո­րուստի սպառ­նա­լիքին տակ կը գտնուի։

Այս մա­սին «Ակօս»-ը զրու­ած է Լիզ­պո­նի Գա­լուստ Կիւլպէնկեան Հիմ­նադրա­մի մեկ­նած՝
«Զօ­րակ­ցութիւն Արեւմտա­հայե­րէնի» նա­խագի­ծի գոր­ծա­դիր Անի Կար­մի­րեանի հետ:

ՄԱՐԱԼ ՏԻՆՔ
maraldink@agos.com.tr

Մարալ Տինք- Կիւլպէնկեան Հիմնար­կի հինգ ամեայ ծրագ­րին մէջ արեւմտա­հայե­րէնի հա­մար ին­չե՞ր
նա­խատե­սուած են։

Անի Կար­մի­րեան- Հին­գա­մեայ ծրագ­րի ար­դէն եր­րորդ տա­րին ենք եւ գլխա­ւոր նպա­տակ­նե­րէն մէկն է
արեւմտա­հայե­րէնի աջակ­ցութիւ­նը։ Ես այդ նա­խագի­ծով է որ հիմ­նարկին մաս­նակցե­ցայ։

Կիւ­պէնկեան Հիմ­նադրա­մը Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Եւ­րո­պայի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն, այդ դպրոց­նե­րու
ու­սուցիչ­նե­րուն եւաշա­կեր­տութեան նիւ­թա­կան նպաստ ապա­հովող հաս­տա­տու­թիւն մըն է։ Ամե­րիկա­յի
եւ Գա­նատա­յի դպրոց­նե­րը մա­սամբ ներգրա­ւուած են նա­խագ­ծին։ Նոր ծրա­գիրով յատ­կա­պէս լե­զուի
զար­գացման հա­մար որոշ ու­ղի մը որ­դեգրած ենք։

Մ.Տ.-Արեւմտա­հայե­րէնի վե­րաբե­րեալ խնդիր­նե­րը տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ, տար­բեր յատ­կութիւններ
կը պար­զե՞ն։

Ա.Կ.-Լի­բանա­նը այն եր­կիրն է, ուր հա­յերէ­նը կեան­քի բա­ղադ­րի­չը դար­ձած է։ Տու­նե­րէ ներս կամ
փո­ղոցը հա­յերէն կը խօ­սուի, կը գրուի, սա­կայն նիւ­թե­րը հա­յոց հետ սահ­մա­նուած են։

Խնդի­րը լե­զուն աշ­խարհը ըն­կա­լելու հա­մար գոր­ծա­ծելն է։ Ան­ցեալ տա­րի այդ ծի­րէն ներս
նա­խագիծ մը ձեռ­նարկե­ցինք։

Լի­բանա­նի մէջ շուրջ 45 երկրոր­դա­կան դպրո­ցի աշա­կերտներ «Վի­քիփէ­տիա»ի մէջ արեւմտա­հայե­րէնով
գրե­լու եւ այսպէ­սով ինքնավստա­հու­թիւն ապա­հովե­լու։

Ամառ­նա­յին ճամ­բար մըն էր այս, ուր ու­սա­նող­նե­րը գրե­լով, աւե­լի ճիշդ գրե­լու կա­րելիու­թիւնը
փոր­ձե­լով յա­ջող ար­դիւնք ստացան։ Այս տա­րի նոյ­նը կ՚ու­զենք Ֆրան­սա­յի մէջ կի­րար­կել։

Եւ­րո­պայի տար­բեր եր­կիրնե­րէն եւ Թուրքիայէն ալ աշա­կերտնե­րուն կոչ ընե­լով 60 հո­գիով ամառ­նա­յին
ճամ­բար մըպի­տի կազ­մա­կեր­պենք։

Արեւ­մուտքի եր­կիրնե­րուն մէջ հա­յերէ­նը որ­պէս երկրոր­դա­կան լե­զու կը դա­սաւան­դուի, ուրկէ կը
ծա­գի ու­սուցմանկա­նոն­նե­րու տար­բե­րու­թիւններ։ Պէտք չէ որ խրտչինք հա­յերէ­նը երկրորդ լե­զուի
ու­սուցման դրու­թիւննե­րով սոր­վե­լէ։

Դրա­կան եղա­նակ­նե­րով ուսուցանուած իւ­րա­քան­չիւր լե­զու նոր լե­զուի մը ու­սուցման կ՚օժան­դա­կէ։

Իսկ Ամե­րիկա­յի եւ Գա­նատա­յի օրի­նակը պէտք է զատ ու­սումնա­սիրել, քա­նի որ հոն Պարսկաս­տա­նէն
եւ Հա­յաս­տա­նէն եկող­նե­րուն մի­ջոցաւ արե­ւելա­հայե­րէնը օգ­տա­գոր­ծող զան­գուած մը գո­յու­թիւն ու­նի։

Մ.Տ.- Ի՞նչ տե­սակ աշ­խա­տու­թիւններ կա­տարուեցաւ նա­խորդ եր­կու տա­րուայ մի­ջոցին։

Ա.Կ.- Տոքթ. Հու­րիկ Աթ­թա­րեան Լի­բանա­նի դպրոց­նե­րուն վի­ճակը ներ­կա­յաց­նող տե­ղեկա­գիր մը
յանձնած էրԿիւլպէն­կեանՀիմ­նարկին:

Եթէ Կիւլպէն­կեանի պատ­մութիւ­նը նկա­տի ու­նե­նանք, կը տես­նենք թէ Լի­բանա­նի 26 դպրոց­նե­րը այս
հաս­տա­տու­թե­նէն ամե­նաշատ նպաստ ստա­ցած հաս­տա­տու­թիւններն են։

Հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս­նե­րէ, լե­զուա­բան­նե­րէ բաղ­կա­ցող յանձնա­խումբ մը կազ­մեցինք։
Սկզբունքը հե­տեւեալն էր՝

նախքան աշ­խա­տան­քի սկսիլ, դպրո­ցական հա­մայնքի բո­լոր բա­ղադ­րիչնե­րուն, այ­սինքն ու­սուցիչ­նե­րուն,
աշա­կերտնե­րուն, ծնող­նե­րուն, շրջա­նաւարտնե­րուն եւ աշ­խա­տակազ­մին դպրո­ցին վե­րաբե­րեալ
հա­րիւ­րա­ւոր հարցումներ ու­նե­ցող հար­ցա­թեր­թիկ մը լրաց­նե­լու հրա­ւէր ուղղե­ցինք:

23 դպրոց­ներ պա­տաս­խա­նեցին եւ ձե­ւով մը հա­յելիին մէջ տե­սան իրենց ու­ժով եւ տկար կող­մե­րը։
Տե­սան նաեւ որ թե­րու­թիւննե­րուն կա­րեւոր մէկ մա­սը կրնան վե­րաց­նել իրենց սե­փական
կա­րողու­թիւննե­րով։

Իսկ հա­յերէ­նի հետ կա­պուած թե­րու­թիւննե­րու հա­մար յանձնա­խումբի աջակ­ցութիւ­նով լուծման
ծրա­գիր­ներ պի­տիգո­յաց­նենք։

Միւս կող­մէ ու­սա­նելու դժուարու­թիւն ու­նե­ցող երա­խանե­րուն հա­մար կ՚աշ­խա­տակ­ցինք Պէյ­րութի
Հո­վըրտԳա­րակէօզեան Հիմ­նարկին հետ։

Կը հա­ւատանք որ այս մա­սին ու­սուցիչ­նե­րուն ալ պի­տի կրնանք օգ­տա­կար ըլ­լալ։
ani-garmiyan-yerakouyn
Մ.Տ.- Նա­խորդ տա­րի Թուրքիա այ­ցե­լած էիք։ Այստե­ղի հա­մար ի՞նչ հե­ռանը­կար ու­նիք։

Ա.Կ.- Թուրքիոյ մէջ ալ յանձնա­խումբ մը կազ­մուեցաւ։ Տե­սակ­ցե­ցայ դպրոց­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն հետ։
Լի­բանա­նի օրի­նակին հե­տեւե­լով այստեղ ալ ինքնա­ճանաչ­ման առիթ ընդձե­ռող հար­ցա­թեր­թիկներ
պի­տի պատ­րաստենք:

16 դպրոց­նե­րուն հրա­ւէր ուղղած ենք, որոնց պա­տաս­խա­նը յա­ռաջի­կայ ամիս­նե­րուն պի­տի ստա­նանք եւ ըստ
այնըմյանձնա­խումբին հետ միասին աշ­խա­տու­թեան պի­տի ձեռ­նարկենք։ Նոյ­նը պի­տի կի­րար­կենք Ֆրան­սա­յի
մէջ գոր­ծող եօթը հայ­կա­կան դպրոց­նե­րէ ներս եւս։

Մ.Տ.- Ի՞նչ ար­դիւնքնե­րու հա­սաք նա­խագծի շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուած ժո­ղով­նե­րու ըն­թացքին։

Ա.Կ.– Սեպ­տեմբեր ամ­սուն, Փա­րիզի մէջ «INALCO» ինստի­տու­տի եւ Անա­հիտ Տօ­նապե­տեանի հետ միասին
բա­նախօ­սու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պե­ցինք, որուն մաս­նակցած էին 13 եր­կիրնե­րէ եկած լե­զուա­բան­ներ,
հա­մալ­սա­րան­նե­րու դա­սախօս­ներ, հայ դպրոց­նե­րու ու­սուցիչ­ներ։

Կրթու­թեան հա­մակար­գէ ներս արեւմտա­հայե­րէնի ու­սուցման ար­դի եղա­նակ­նե­րուն շուրջ կլոր սե­ղանի
եր­կօ­րեայժո­ղով­ներգու­մա­րեցինք։
Կ՚ու­զենք որ այս աշ­խա­տու­թիւննե­րը ձիւ­նեգնդա­կի մը նման աճին։

Գի­տենք որ տար­բեր տե­ղեր ան­հա­տական ջան­քե­րով կա­րեւոր յա­ջողու­թիւներ ձեռք բե­րած մար­դիկ կան։
Հա­ղոր­դակցու­թեան ժա­մանա­կակից մի­ջոց­նե­րով անոնց աշ­խա­տու­թիւննե­րը հա­մադ­րե­լու մի­ջավայր մը
ստեղ­ծել կ՚ու­զենք։

Այս ամառ Փոր­թուկա­լի մէջ շուրջ 40 կրթա­կան մշա­կի եւ ու­սուցի­չի մաս­նակցու­թիւնով աշ­խա­տանոց
մը ծրագ­րած ենք։

Գրող­ներ, գծող­ներ, մա­նուկնե­րու հա­մար աշ­խա­տող մար­դիկ պի­տի մէկ­տե­ղուին եւ իրենց
մտայ­ղա­ցումնե­րը պի­տի բաժ­նեն։

Պէտք է խոր­հինք լե­զուն թատ­րո­նի, երաժշտու­թեան նման ստեղ­ծա­գործ եւ հա­ճելի զբա­ղումնե­րու մէջ
սոր­վեցնե­լու մա­սին։

Եթէ յա­ջողինք մաս­նա­կից­նե­րը վե­րադառ­նա­լով իրենց եր­կիրներ, կրնան իրենց շուրջինները խրա­խու­սել։
Շատ կա­րեւոր է լե­զուին ստեղ­ծա­րար յատ­կութիւ­նը ետ վե­րադարձնել։ Առայժմ ան­դունդ մը կայ մեր
պատկերացումնե­րուն եւ ներ­կա­յիս գոր­ծադրուած­նե­րուն մի­ջեւ։

Մ.Տ.- Արեւմտա­հայե­րէն դա­սաւան­դող ու­սուցիչ­նե­րու թի­ւը նուազ է։ Օգ­տա­գոր­ծուած կա­նոն­ներն ալ հին
եւ ժա­մանա­կավ­րէպ։ Այս մա­սին ի՞նչ կրնանք ընել։

Ա.Կ.- Ամե­նաշատ այս նիւ­թին հետ հե­տաքրքրուած եմ։ «Լե­զուն կը կորսնցու­նենք» մտա­հոգու­թիւնը
հետզհե­տէ խու­ճա­պի, լե­զուի զօ­րու­թեան նկատ­մամբ վստա­հու­թեան կո­րուստի եւ յո­ռետե­սու­թեան կը տա­նի։

Ամէն ինչ ընե­լու մար­մա­ջին մէջ մշա­կոյ­թի ճամպրու­կը հետզհե­տէ կը փոք­րա­նայ։
Լե­զուին կեն­սունա­կու­թիւնը կա­րեւոր է։

Օրի­նակի հա­մար երա­խային տա­րիքին հա­մապա­տաս­խան հա­մաշ­խարհա­յին նիւթ մը պի­տի խօ­սիս։
Այդ նիւ­թին պա­հան­ջած բա­ռամ­թերքը պի­տի որո­նես։ Պէտք է հա­յերէ­նը դա­սապա­հի լե­զու ըլ­լա­լէ
դադ­րեցնել եւ առօ­րեայ կեան­քին մէջ օգ­տա­գոր­ծուող լե­զուի մը վե­րածել։
Մտա­ծու­մի լե­զուի մը պէտք է վե­րածենք, ինչ որ դժուար է։
Նպա­տակը պէտք չէ բա­ռեր սոր­վե­լով սահ­մա­նել։

Վե­րացա­կան բա­ռերը, հաս­կա­ցողու­թիւննե­րը պէտք է սոր­վինք որ լե­զուն գի­տական լե­զուի վե­րածուի։
Նոյնքան կա­րեւոր է խա­ղի լե­զուն։ Փա­րիզի մէջ 26 տա­րի առաջ «Մկնիկ» անու­նով
աշ­խա­տանոց մը հիմ­նե­ցինք։

Ու­զե­ցինք որ տղաք հոն ցան­կութիւ­նով գան եւ իրա­րու մի­ջեւ հա­յերէն խօ­սին։
Սկիզ­բը հա­յախօս ըն­տա­նիք­նե­րու ֆրան­սա­կան դպրոց յա­ճախող երա­խանե­րը եկան։

Եթէ տղան տուեալ լե­զուն գոր­ծա­ծելու մէջ իմաստ մը չի տես­ներ բնա­կանաբար կը հրա­ժարի այդ լե­զուն
գոր­ծա­ծելէ։
Թուղթով-մա­տիտով հա­յերէն սոր­վիլ չա­ռաջար­կե­ցինք։ Նա­խապա­տուու­թիւն տուինք հա­յերէն խա­ղալու։

«Մկնիկ»ը այդ տղոց շա­բաթա­վեր­ջի ապ­րե­լակեր­պը դար­ձաւ։
Այդ աշ­խա­տանոց­նե­րու առա­ջին եւ երկրորդ սե­րունդ նե­րըայ­սօր հա­մալ­սա­րանա­ւարտ աշ­խա­տու­նակ մար­դիկ են
եւ իրենց մի­ջեւ կը շա­րու­նա­կեն հա­յախօ­սու­թիւնը։

Այ­սօր անոնք են որ կը շա­րու­նա­կեն «Մկնիկ»ը։ Միաժա­մանակ հա­մաշ­խարհայ­նա­ցան։ «Գո­լեք­տիֆ Մեծ Պա­զար»
երաժշտա­կան խումբի երիտասարդներէն մէկ մա­սը «Մկնիկ»ի սա­ներն են։ Խու­սա­փեցանք ներ­հա­մայնքա­յին
կղզիացու­մէ։
Բո­լորին բաց եղանք եւ հա­մաշ­խարհայ­նա­ցանք։

Մ.Տ.- Ո՞րն է հիմ­նա­կան նպա­տակը, «ամէն մարդ քիչ մը հա­յերէն խօ­սի»
թէ ոչ մշա­կու­թա­յին ար­տադրու­թիւնը խրա­խու­սել։

Ա.Կ.– Նպա­տակը լե­զուն ստեղ­ծա­գոր­ծող տարր մը ըլ­լա­լով զար­գացնել է։ Ես Իս­թանպուլ մեծ­ցած եմ։
Հա­յերէ­նը դա­սապա­հի լե­զուն էր։ Եթէ տու­նը չխօ­սէինք ձանձրա­ցու­ցիչ կրնար թուիլ։

Բա­րեբախ­տութիւն է որ հա­յերէն խօ­սիլը սի­րող տան մը մէջ մեծ­ցայ։ Լե­զուա­բանու­թիւն ու­սա­նեցայ,
այս մա­սին խոր­հուրդներ ու­նե­ցայ, զա­ւկիս հա­յախօ­սու­թեան մա­սին հո­գեր ու­նե­ցայ եւ հասկցայ
որ ցան­կութիւ­նը որ­քան կա­րեւոր է։

Միայն լե­զուն խնա­յելու, պահ­պա­նելու մար­մա­ջով տեղ մը չենք հաս­նիր։ Լե­զուն բախտ մըն է,
յա­ւելեալ դուռ մը եւս բա­նալիք բա­նալի, հարստու­թիւն մը։ Յի­շենք որ մայ­րե­րը լե­զուն չեն
սոր­վեցներ իրենց երա­խանե­րուն, այլ այդ լե­զուով կ՚ապ­րին։

Մ.Տ.-Որ­պէս վեր­ջին հար­ցում կ՚ու­զեմ Հա­լէպը հարցնել։ Այդ քա­ղաքին մէջ արեւմտա­հայե­րէնը ոչ
միայն կը խօ­սուէր, այլ կ՚ար­տադրուէր նաեւ։ Պա­տերազ­մի պայ­մաննե­րը ինչպէ՞ս պի­տի ազ­դեն լե­զուին։

Ա.Կ.- Սու­րիոյ հա­յերը կը ցրուին դէ­պի Լի­բանան, Եւ­րո­պա եւ Հա­յաս­տան։ Հա­յաս­տա­նի մէջ
արե­ւելա­հայե­րէնի գե­րակշռու­թիւնը ան­խուսա­փելի է։
Տղաք պի­տի մեր­ձե­նան իրենց տա­րեկից­նե­րու լե­զուին։

Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնը պէտք է այս մա­սին յա­տուկ աշ­խա­տու­թիւններ տա­նի։
Արեւմտա­հայե­րէնի Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­սուցման եւ գոր­ծածման հա­մար շրջա­նային կա­ռոյցնե­րը
նա­խայար­ձակ դիրք ու­նե­նալու են։

ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail