Փրկութեան Լա՞ստ Թէ Գորդեան Հանգոյց

10 ՄԱՐՏ 2016

Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ կը կարդանք.

Արար աշխարհ իր առօրեայով տարուած, սովորական շաբաթասկիզբի սեմին էր, եւ հաւանաբար տեղեակ ալ չէր, թէ Երկուշաբթի, Մարտ 7-ին, Պրիւքսէլի մէջ մարաթոն եւ կարեւոր խորհրդաժողով մը կը կատարուէր, բարւօք լուծում մը գտնելու, յատկապէս Սուրիայէն Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա մուտք գործող հազարաւոր գաղթականներուն:
syr
Թղթածրարը նոյնքան կնճռոտ ու բարդ է, որքան նոյնինքն Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած թնճուկը: Ի՞նչ կը ներկայացնէ ներկայ պատկերը, մանաւանդ որ Փետրուարէն ի վեր Պալքանեան ճամբան փակ ըլլալով, գաղթականներուն միակ ճամբան եւ իրենց փրկութեան լաստին «փրկութեան լաստը»՝ երբեմնի զբօսաշրջիկներու երազանքն ու համակրանքը վայելող Յունաստանի արեւելեան շրջանի կղզիներն են:

Անշուշտ, անցեալ դարասկիզբի օրերուն, Նոր Աշխարհ ժամանող, Էլիս Այլընտը, իբրեւ առաջին կանգառ նկատուող կացութիւնը չէ ստեղծուածը, այլ այդ կղզիները հանգրուան մըն են, գաղթականներուն կացութիւնն ու կեցութիւնը քննելու եւ վերջնականապէս դէպի Գերմանիա, Շուէտ կամ այլուր փոխադրելու:

Արդէն իսկ նիւթական դաժան պայմաններու տակ գտնուող Յունաստանի համար, ընկերային եւ տնտեսական գետնի վրայ, ահաւոր եւ անհանդուրժելի կացութիւն մը ստեղծուած է, որ կրնայ յաւելեալ անդունդ տանիլ եւ անախորժ ոդիսականով մը ընկղմել, արդէն իսկ պարտքերու մէջ լողացող Ոդիսեւսի երկիրը:

Այս կացութեան դիմաց, Մարտ 7-ի ժողովը Եւրոխորհրդարանի 28 երկիրներու ներկայացուցիչներով եւ Թուրքիոյ հաւանութեամբ որոշում մը առաւ, որ հաւանաբար ամենէն աւելի զայրացնէ դաժան փորձարութիւններ ապրած եւ մահէն մազապուրծ խոյս տուած գաղթականն ու անոր նեցուկ կանգնող Ոչ-Կառավարական հիմնարկները:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հովանաւորութեամբ եւ հեղինակութեամբ, այս ժողովը որոշեց յառաջիկայ երկու շաբաթներուն, Սուրիայէն կամ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն խոյս տուած եւ Յունաստան ժամանած գաղթականները, վերստին ղրկել Թուրքիա, ուր աւելի կատարելագործուած պայմաններու տակ գաղթակայաններ պիտի գործեն եւ այդտեղէն օրինաւոր թուղթերով պիտի գաղթեն իրենց ընդունող եւրոպական երկիրները:

Հետաքրքրականը այն է թէ այս հազարաւոր գաղթականները, վերստին պիտի վայելեն Միջերկրականն ու իր ալիքները, սակայն փոխան «փրկութեան լաստեր»ու, շատ աւելի ապահով՝ «անորոշութեան փոխադրանաւեր»ով:

Այս տարօրինակ երթուդարձին ետին ինչե՞ր թաքնուած են: Առաջին հերթին, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութողլուն իր «ձեռքին գործը տեսած է»…եւ այս բոլոր կատարուելիք աշխատանքներու բաւական շօշափելի լուման (երեք միլիար եուրօ) ստանալու կանաչ լոյսն ալ ստացած է: Այս որոշումով եւ գործընթացով, հակառակ վերջին ամիսներու ստեղծուած ճնշումներուն, անգամ մը եւս Անգարա կը նկատուի իբրեւ հարցի լուծման առաջնահերթ կողմ:

Մերքելի այս առաջարկը նաեւ կը թեթեւցնէ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի դիմագրաւած դժուարութիւնները: Մինչդեռ եւրոպական այլ երկիրներ, որոնց կարգին Ֆրանսան, յանձին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի, անտրամաբանական կը նկատեն արդէն իսկ բարոյապէս եւ հոգեպէս ընկճուած, այդ շնջող էակները վերստին փոխադրել եւ յաւելեալ փոխադրութեան եւ կեցութեան դուռ բանալ: Փոխարէն, ան կը նախընտրէ ներկայ ստեղծուած կացութեամբ, այսինքն յունական կղզիներէն շարունակել գաղթականներու վերջնական փոխադրութեան գործընթացը:

Այս թղթածրարին լրացուցիչ պատրաստութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ Մարտ 17-18-ին…այսինքն Գերմանիոյ մէջ կատարուելիք շրջանային ընտրութիւններէն քանի մը օր ետք:…Ընտրութիւններ, ուր Մերքել ամէն գնով կը փափաքի յաղթական դուրս գալ իր Քրիստոնեայ-Դեմոկրատական կուսակցութեան հետ:

ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail