Կարօ Փայլան Դաւանանքի Ազատութիւն Կը Պահանջէ Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւններուն Համար

10 ՄԱՐՏ 2016

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան խորհրդարանի հերթական նիստին ժամանակ պաշտպանած է երկրի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու դաւանանքին ազատութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Demokrathaber.net-ը։

Փայլան մեղադրած է երկրի իշխանութիւնները՝ քրիստոնեաներու եւ միւս կրօնական փոքրամասնութիւններու դաւանանքի ազատութեան իրաւունքը խախտելուն մէջ:
garo-paylan-yerakouyn
«Բոլորս, նաեւ ես, հարկ կը վճարենք, քրիստոնեաները, իսլամները, ալեւիները, բոլոր դաւանանքի եւ կրօնի տէր մարդիկ հարկ կը վճարեն: Սակայն կրօնական գործերու նախարարութիւնը կը ծառայէ միայն մէկ կրօնի եւ անոր մէկ ուղղութեան»,- նշած է պատգամաւորը:

Կարոն անդրադարձած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքերուն, ուր ան ըսած էր, թէ կ՝ուզէ «կրօնական հասարակութիւն»: Հայ քաղաքական գործիչը հետաքրքրուած է, թէ այդ պարագային ինչո՞ւ չեն բացուիր հոգեւոր դպրոցները: «Այսինքն քրսիտոնեաները կրօնական ըլլալու իրաւունք չունի՞ն: Ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ օրինակ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր դպրոցը պէտք է փակ ըլլայ: Կամ Հէյպելի կղզիի հոգեւոր դպրոցը»,- հարց տուած է Փայլանը:

Ան փաստած է, որ կրօնական գործերու նախարարութիւնը կ՝օգտագործէ իրենց հարկերէն գոյացած պիւտճէն, սակայն իբրեւ արդիւնք ինքը չ՝ստանար ազատ եւ հաւասար դաւանանքի իր իրաւունքը:

ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail